ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուածներու հարցերու պետական յանձնաժողովի նախագահ Իսմայիլ Ախունտով յայտարարեց, որ Հայաստան Պաքուի փոխանցած է ղարաբաղեան առաջին պատերազմին ընթացքին անհետ կորսուած 100 ատրպէյճանցիներու մասունքները:
Ըստ անոր՝ անոնցմէ 60 մասունքները արդէն իսկ նոյնականացուած են:
Միւս կողմէ, Հայաստանի Ազգային ժողովի Եւրոպական համարկման հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Արման Եղոյեան ֆրանսախօսութեան խորհրդարանական վեհաժողովի Եւրոպայի տարածաշրջանի պատուիրակութիւններու նախագահներու համաժողովին անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Արցախի ապահովական ու մարդասիրական ճգնաժամին վերաբերող հարցերուն:
Ան նշեց, որ միջազգային իրաւունքի աղաղակող ոտնահարումով՝ Ատրպէյճան թիրախ դարձուց բնակչութիւնը եւ ենթակառուցուածքները, ռմբակոծեց քաղաքները, օգտագործեց ֆոսֆորային ռումբեր ու դաժան հաշուեյարդար տեսաւ այն ծերերուն նկատմամբ, որոնք չհասան հեռանալ իրենց տուներէն՝ ատրպէյճանական յառաջխաղացքէն ետք: Արման Եղոյեան ընգծեց, որ մինչեւ օրս տասնեակ հայ ռազմագերիներ կը պահուին Պաքուի բանտերուն մէջ, սակայն Ատրպէյճան կը մերժէ վերադարձնել զանոնք: