Բրիտանական «Ինտիփենտընթ» օրաթերթին համաձայն, Թուրքիա մօտիկ ապագային պիտի վկայէ նոր յեղաշրջում մը, որ հաստատ պիտի յաջողի:
Բրիտանացի վերլուծաբան Ռոպըրթ Ֆիսք իր յօդուածին մէջ կը հաստատէ, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կրած է իր պատիժը, աւելցնելով, որ անոր գործած արարքները եւ Օսմանեան կայսրութիւնը վերահաստատելու փորձերը այլեւս չէին արտօներ, որ թրքական բանակը իրեն ենթակայ մնայ:
«Էրտողան ուշացաւ անդրադառնալու, թէ շրջանին մէջ իր որդեգրած անխոհեմ վարուելակերպը զինք ձախող երկիր մը դարձուցած է, յատկապէս այն պատճառով, որ անիկա հնազանդած է Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչները զինելու, ինչպէս նաեւ իր գաղտնի սպասարկութիւնը ծայրայեղականներու տրամադրութեան տակ դնելու ամերիկեան հրահանգներուն», գրեց Ֆիսք:
Ֆիսքի համաձայն, Թուրքիոյ մէջ կատարուած զինուորական յեղաշրջումը անցողակի իրադարձութիւն պէտք չէ նկատել, այլ զայն դիտել իբրեւ հաստատութիւններուն եւ թրքական պետութեան միջեւ սահմաններու քանդում: Յօդուածագիրը հաստատեց, որ նախորդ յեղաշրջումին ձախողութեան առիթով, Էրտողան, որ երկրին սահմանադրութիւնը ի շահ իրեն փոփոխութեան ենթարկած էր, յաւելեալ ոտնձգութիւններ պիտի գործէ, ապօրինի դատավարութիւններ կատարէ, լրագրողներ բանտարկէ եւ յաւելեալ թերթեր ու լրատուամիջոցներ փակէ, աւելցնելով, որ այդ արարքները, վստահաբար, ի վնաս իրեն դուրս պիտի գան: