«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ սերտելէ ետք կարգ մը փաստաթուղթեր, յստակ դարձած է, թէ աւելի քան տասնեակ տարիէ մը ի վեր Լիբանանի Կեդրոնական դրամատունը, կառավարութեան պատկանող պարտատոմսեր գնելէ ետք, լիբանանեան առեւտրական դրամատուներուն պարտադրած է գործառնութիւններ` առանց բացատրութիւններ տալու:
Նոյն լրատու գործակալութիւնը կը հաստատէ, որ այդ գործառնութիւններուն մեծ մասը փոխանցուած է այն ընկերութեան, որուն սեփականատէրն է Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի եղբայրը` Ռաժա Սալամէ:
«Ռոյթըրզ» կ՛անդրադառնայ, թէ այն ժամանակաշրջանը, որուն մասին փաստաթուղթեր կան, 2004-2014-ի միջեւ է` աւելցնելով, որ այդ գումարները միլիոնաւոր տոլարներու կը հասնին:
«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ նաեւ, որ Լիբանանի եւ Եւրոպայի մէջ հետաքննութիւն կը կատարէ այդ գործառնութիւններուն մասին` նկատի ունենալով, որ զուիցերիական իշխանութիւնները կասկածի տակ կ՛առնեն Սալամէի եղբայրներուն գործունէութիւնը: Անոնց կասկածներուն համաձայն, Ռիատ եւ Ռաժա Սալամէներ կրնան Կեդրոնական դրամատունէն ապօրինի կերպով 300 միլիոն տոլարի գումարի տիրացած ըլլալ:
Զուիցերիոյ ընդհանուր դատախազը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ իրաւական հաշուեքննութիւն բացուած է դրամի լուացում կատարելու այս գործողութեան մասին: