ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հարաւային Կովկասի մէջ, բոլոր տնտեսական եւ փոխադրամիջոցներու կապերու ապաշրջափակումը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած աշխատանքի կարեւոր ուղղութիւններէն մէկն է: Այս մասին «Թասս»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ:
Ըստ անոր՝ խօսքը այն մասին է, որ երկու երկիրները կրնան որոշ գործնական օգուտներ քաղել «խաղաղ գոյակցութենէն»:
«Ռուսիա այս հոլովոյթի անմիջական մասնակիցն է: 11 Յունուար 2021ին, Մոսկուայի մէջ տեսի ունեցած վեհաժողովին, Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները համաձայնեցան կազմել եռակողմ աշխատանքային խումբ մը՝ երեք երկիրներու փոխվարչապետներու միացեալ նախագահութեամբ:
«Այս գործիքակազմի ծիրին մէջ, կարեւոր նախապատրաստական աշխատանք կատարուած է տարածաշրջանին մէջ, թէ՛ երկաթուղային եւ թէ ինքնաշարժով հաղորդակցութեան վերականգնման ուղղութեամբ: Ներկայիս «կը յղկուի» մէկ թղթածրար: Այս մօտեցումը պիտի ապահովէ որդեգրուած որոշումներու կայունութիւնը», դիտել տուաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը:
Ըստ անոր՝ ընթացիկ միացեալ աշխատանքի համար անհրաժեշտ ազդակ են 26 Նոյեմբերին, Սոչիի մէջ, Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու համապատասխան համաձայնութիւնները:
«Մենք կը կեդրոնանանք միացեալ ենթակառուցային նախաձեռնութիւններու շրջագիծերու մշակման եւ կարգ մը նախագիծերու մեկնարկը կարելի եղածին չափ շուտ տալու վրայ», եզրափակեց Ռուտենքօ: