Դիւանագիտական աղբիւր մը «Վետոմոսթի» օրաթերթին յայտնած է, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կրնան Ռուսիոյ մէջ հանդիպիլ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մասնակցութեամբ բանակցութիւններ ունենալ:
Անոր համաձայն, աշխատանքը սկսած է 14 հոկտեմբերին` Ասթանայի մէջ ԱՊՀ վեհաժողովին Փութինի հաշտարար խօսքէն ետք. այնտեղ քննարկուած էին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տարածքային վէճերը:
«Վետոմոսթի»-ի այլ աղբիւր մը կը նշէ, որ նման բանակցութիւնները կրնան տեղի ունենալ հոկտեմբերի վերջին օրերուն, հանդիպումի վայրեր կրնան ըլլալ Մոսկուան կամ Սոչին: «Ամենայն հաւանականութեամբ, կ՛ընտրուի Սոչին», ըսած է ան:
Փաշինեան եւ Ալիեւ այս ամիս երկու հանդիպում ունեցած են` մէկը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, միւսը` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի մասնակցութեամբ: Փրակայի մէջ 6-7 հոկտեմբերին Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի ծիրին մէջ գումարուած քառակողմ հանդիպումի աւարտին հրապարակուած էր յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կը հաստատեն իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը: