ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Թագաժահրի իշխանութեան այս ժամանակաշրջանին‚ հանգուցեալ բարեկամներու վերջին յարգանքի պարտականութիւնը «պարտադրաբար» զլացուեցաւ. կարելի չեղաւ նոյնիսկ մօտ բարեկամներու թաղման արարողութեան ներկայ գտնուիլ կամ տնային ցաւակցական այցելութիւններ տալ։ Դիմատետրէն տեղեկացանք նաեւ հեռաւոր ափերու վրայ պատահած մահերու մասին. էջերով գրութիւններ եւ զիրար հրմշտկող լուսանկարներ‚ սակայն հանգուցեալին եւ անոր վաստակին մասին հազիւ մակերեսային տեղեկութիւն մը։ Կրկին‚ տասնեակներով, միատող‚ իրարանման, հազուագիւտօրէն հայատառ ցաւակցական արտայայտութիւններ` անխուսափելի «Աստուած հոգին լուսաւորէ»-ներով եւ “R.I.P.”երով։
Տխրութեամբ տեղեկացանք վաստակաշատ ուսուցչուհի տիկ. Վեհանոյշ Մելիտոնեան-Պետիրեանի մահուան մասին՝ հրեշտակներու քաղաքին մէջ։ Հանգուցեալը այրին էր բանաստեղծ‚ արձակագիր‚ գրականագէտ‚ խմբագիր‚ պատմաբան եւ ուսուցիչ՝ Լեւոն Վարդան-Պետիրեանի:
Տիկին Վեհանոյշը եւ կամ բոլորին համար տիկին Վեհանը‚ իր ետին կը ձգէ բարի եւ արդար յիշատակ մը։ Հայերէն լեզուի վաստակաշատ ուսուցչուհի (Դարուհի-Յակոբեանի‚ Երուանդ Տեմիրճեանի եւ Հայ Աւետարանական Գօլէճի մէջ)‚ սիրուած բոլորէն‚ տասնեակ տարիներով մաս կազմած էր ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Ալեք Մանուկեան կեդրոնի մշակութային յանձնախումբին եւ Ս.Էջմիածնի կրօնասէր տիկնանց համախմբումին։ Ամուսնոյն մահէն ետք մտասեւեռումի վերածած էր անոր անտիպներուն հրատարակութիւնը։ Յաջողեցաւ հրատարակել Լեւոն Վարդանի տասնեակներով անտիպ ձեռագիրերէն չորս հատորներ.
– Արեւմտահայութիւնը տնտեսական յարաբերութիւններու ճամբուն վրայ (Պէյրութ‚ 1998‚Կարպիս Լ. Նազարեան հիմնադրամի հրատարակութիւն‚ թիւ 2‚ 255+i էջ),
– Մարդեր ճամբու մայթերէն (Պէյրութ‚ 1999‚ 239 էջ),
– Հարկերը Օսմանեան եւ Պարսկական կայսրութիւններու մէջ. ԺԵ-Ի դար. Ա. հատոր Ա-Ի (Երեւան‚ 2004‚ ԳԱԹ‚ 559+i էջ եւ քարտէս),
– Հարկերը Օսմանեան եւ Պարսկական կայսրութիւններու մէջ. ԺԵ-Ի դար. Բ. հատոր Ա. մաս Լ-Հ‚ Բ. մաս Հ-Ֆ (Պէյրութ‚ 2012‚ 423 էջ եւ քարտէս):
Աւելին. առանց մէկ ձեռքին տուածը միւսին յայտնելու‚ իր այրի կնոջ լուման տարաւ Ս.Էջմիածին ու յանձնեց իր շատ սիրած ու յարգած Գարեգին Ա. Սարգիսեան վեհափառին‚ խնդրելով տրամադրուած գումարին տոկոսներով իր ամուսնոյն յիշատակին հրատարակել արժանաւոր գրողներու-բանասէրներու գործերը։ Հրատարակուեցան իրերայաջորդ հետեւեալ երեք հատորները 1999-ին‚ 2002-ին եւ 2003-ին։
– Սուրէն Դանիէլեան. Զարեհ Խրախունի. Բանաստեղծութեան ազատագրումը (Ս.Էջմիածին‚ 1999‚ 288 էջ)
– Գնել Գրիգորեան. Նուիրատուութիւներ Անիի եկեղեցիներին ու վանքերին (X-XIV դդ.) (Ս.Էջմիածին‚ 2002‚ 134+ii էջ)
– Գէորգ արքեպիսկոպոս Սերայտարեան. Եկեղեցական տոմարագիտութիւն (Ս.Էջմիածին‚ 2003‚ 142+i էջ)
Մատենաշարը հաստատուած էր վստահութեան ու բարիկամեցողութեան ոգիով։ Ո՛չ մէկ գրաւոր հաստատագիր եւ կամ համաձայնագիր ստորագրուած էր։ Միակ հաստատումը գուցէ‚ հրատարակուած հատորներու տիտղոսաթերթերուն հանդիպակաց էջերու հետեւեալ արձանագրութիւններն են. «սոյն հատորը տպագրուում է մեկենասութեամբ տիկին Վեհանուշ Վարդանի ի յիշատակ իր սիրելի ամուսնոյն՝ ծանօթ սփիւռքահայ գրագէտ եւ պատմաբան Լեւոն Վարդանի» (մատենաշարի առաջին հատոր), «արդեամբք եւ ծախիւք Լեւոն Վարդան հիմնադրամի (Պէյրութ)» (մատենաշարի երկրորդ հատոր), «տպագրուում է արդեամբք եւ ծախիւք Լեւոն Վարդան հիմնադրամի (Պեյրութ)» (մատենաշարի երրորդ հատոր)։
Հակառակ պնդումներու, տիկին Վեհան մնաց անզիջող եւ նոյնիսկ մերժեց ընտանիքին բարեկամ եւ իրաւագէտ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի պատրաստած «համաձայնագիր»-ը ներկայացնել նորընտիր կաթողիկոս՝ Գարեգին Բ.ին։ Բաւականացաւ սոսկ բերանացի յիշեցումով մը։
Տարիներ անցան եւ ո՛չ մէկ հրատարակութիւն‚ ո՛չ մէկ հաղորդագրութիւն կամ լրատուութիւն մատենաշարին մասին։ Հետամուտ՝ իր ամուսնոյն անտիպներու հրատարակութեան‚ լռելեայն կը տառապէր ի տես այս անտարբերութեան։ Չդիմացաւ‚ եւ արտօնեց որ համակարգչային թղթատարով կապուիմ Ս.Էջմիածնի հրատարակութիւններու պատասխանատուին հետ եւ հետապնդեմ այս հարցը։ Այդպիսով‚ տիկին Վեհանին հեղինակային նախընտրութեամբ ու թելադրանքով հրատարակուեցաւ չորրորդ հատորը‚ մատենաշարի երրորդ հատորի հրատարակումէն … 12 տարիներ ետք։ Այն Գէորգ Տէր Վարդանեանի հրատարակութեան պատրաստած հետեւեալ գիրքն էր. Սուրէն Գօլանճեան‚ Յովհաննէս վարդապետ Հիւսեան‚ Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոս Կիւլէսէրեան‚ Գէորգ Տէր-Վարդանեան. Եղեռնը եւ մեր ձեռագրերի կորուստներն ու փրկութիւնը (Ս.Էջմիածին‚ 2015‚ 383+i էջ)‚ որուն էջ 5-ին վրայ արձանագրուած է «սոյն հատորը տպագրուում է մեկենասութեամբ տիկին Վեհանուշ Վարդանի ի յիշատակ սիրելի ամուսնոյն՝ ծանօթ սփիւռքահայ գրագէտ եւ պատմաբան Լեւոն Վարդանի»: Հրատարակութեան լուրը իմացանք մամուլէն‚ իսկ գիրքի առաջին օրինակն ալ ստացանք 3 տարի ետք … Ս.Էջմիածին այցելութեան մը առիթով։
Վերջին հատորին հրատարակումէն անցաւ նաեւ 5 տարի‚ եւ տիկին Վեհանը հանգչեցաւ ի Տէր։
Հիմա ի՞նչ …
Կ’արժէ որ Ս. Էջմիածնի դիւանատունէն կամ տպագրական տեսչութենէն հաղորդագրութիւն մը յանձնուի մամուլին։ Աւելի՛ն. կ’արժէ որ Ս.Էջմիածնի կրօնասէր համախմբումի ժրաջան տիկինները‚ ի յարգանս իրենց տասնամեակներու վարչական ընկերուհիի բարի յիշատակին‚ վերականգնեն եւ ապահովեն շարունակականութիւնը մատենաշարին‚ իբրեւ նուազագոյն յարգանք հանգուցեալին յիշատակին‚ որպէսզի յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։
Տիկին Վեհանի եւ ամուսնոյն՝ Լեւոն Վարդանի հետ մեր ընտանեկան‚ բարեկամական յարաբերութիւններուն պարտաւորութեան տակ գրի առնուեցան վերի տողերը։
Փափաքեցանք յարգել իրենց յիշատակը եւ մոռացումէ կամ այլ նկատառութիւններէ փրկել մատենաշարը‚ որու գոյութենէն տեղեակ իսկ չեն բարերարին հարազատները եւ անմիջական պարագաները։
Հիանալի քրիստոնավայել առիթ մըն է վերանանուանելու մատենաշարը «Լեւոն եւ Վեհան Վարդան-Պետիրեան մատենաշար»‚ եւ ի մի հաւաքել տիկին Վեհանի մամուլին մէջ ցրուած կրթական եւ հրապարակագրական էջէրը եւ հրատարակել վերանանուանուած մատենաշարին առաջին հատորով։