20 Սեպտեմբերին, Երեւանի Թէքէեան Կեդրոն սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ բանաստեղծ, ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեանի Յունիս 2021 ին հրատարակուած բանաստեղծութիւններու՝ «Պարզ ու Տաքուկ Բառերով» հատորին շնորհահանդէս-գինեձօնը։
Մշակութային այս եզակի նախաձեռնութեան ներկայ էին հոյլ մը գրողներ, մշակութասերներ, Երեւանցիներ թէ հայաստանաբնակներ, ըլլան անոնք Հալէպէն, Պէյրութէն եւ այլ հայ գաղութներէ, ինչպէս՝ Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի քաղաքագիտութեան եւ իրաւունքի պատմութեան ամպիոնի վարիչ, քաղաքական գիտութիւններու Փրոֆ. Լեւոն Շիրինեան, Խ. Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի մէջ 1995 թուականէն ի վեր գործող «Սփիւռք» գիտա-ուսումնական կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն, գրականագէտ՝ Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան, պատմական գիտութիւններու թեկնածու՝ Գէորգ Եազճեան, գրող, բանաստեղծ՝ Ժան էքմէքճեան եւ գեղանկարիչ՝ Վիգէն Շարոյեան, «Ծաղիկ» գրական Ազգային Շաբաթաթերթի խմբագրապետ՝ Յակոբ Տիւնեայեան ներկայ էին նաեւ ընթերցասէր ու մշակութասէր հայրենակիցներ:
Գիրքի շնորհահանդէսի բացումը կատարուեցաւ Գերշ. Արիս Արք. Շիրվանեանի Սրբազանի Տէրունական աղօթքով, օրուայ հանդիսավարուհին էր Ռատիօ Այգ-ի հիմնադիր Տիկ․ Շաքէ Մանկասարեան, որ ձեռնհասօրէն վառեց օրուայ նախաձեռնութիւնը, բացման իր խօսքը սկսելով հետեւեալ խորիմաստ բառերով՝
Ու դեռ Աստուած թող շէննայ, շէննայ շնան ամէն տուն
Իր պապիկով մամիկով թոռնիկներով ծոռներով
Ու երբ ծունկ տան աղօթքի՝ Աստուած իմ լոյս ծաթէ
Վրան չքնաղ իմ ազգին, հողին ջուրին եւ գիրին
Ապա, հանդիսավարուհին ներկայացուց հեղինակի կենսագրութիւնը, ծանօթացուց անոր գրական վաստակի յատկանիշները, հայ մամուլի արձագանքը, ներկաներուն ցոյց տալով Յունաստանի մէջ լոյս տեսնող «Նոր Աշխարհ» Շաբաթաթերթի թիւ 445, 6 Փետրուար 1990 ի հրատարակուած, Շահնազար Քէօթահեանի յօդուածը, որ նուիրուած է Թադէոս Եսայեանի «Կեանք մը Տողերու Վրայ» քերթողագիրքին, որ հրատարակուած է Աթէնքի մէջ «Նոր Աշխարհ» Շաբաթաթերթին կողմէ, մէջբերումներ կատարեց այդ յօդուածի տողերէն կարդալով՝ «Թադէոս. Հայաստան Աշխարհին նորածագ Լոյսը տանող աոաքեալներէն մին…» եւ այլն: Տիկ․ Շաքէն լուսաբանեց նաեւ հեղինակի գրչակիցներէն՝ գրող Մետաքսէի 1991 թուականի նամակը ու ընթերցեց նամակին կցուած բանաստեղծութիւնը «ԵՐԱՆԻ» Մետաքսէի՝ «Զգոյշ, սիրտ է» գիրքէն: Այս մեկնաբանութիւնները կը պարզէին հատորի հեղինակին գրական վաստակին գնահատականը։
Արժանի է յուշել որ բանաստեղծ Թ․ Եսայեանի այս նոր հրատարակութիւնը կը հանդիսանայ անոր վեցերորդ բանաստեղծական հատորը, որուն կը նախորդէին «Առաջին փորձեր» հրատարակուած Լոս Անճելըս 1985, «Երկրորդ փորձեր» Լոս Անճելըս 1985, «Պտղունց մը սէր» Աթէնք 1987, «Կեանք մը տողերու վրայ» Աթէնք 1989, «Պատկերազարդ ցուցահանդէս» Աթէնք 1991։
Թ․ Եսայեանի նոր հատորը փոքր չափի իր 160 էջերով կը բովանդակէ 148 չափածոյ բանաստեղծութիւններ, քնարաշունչ բանաստեղծութիւններու այս նոր հատորի գրական ներկայացումը կատարեց Ամերիկահայ՝ գրականագէտ-մատենագէտ, խմբագիր-հրապարակագիր, հրատարակիչ՝ Յովսէփ Նալպանտեան:
Հանդիսութեան զգայացունց պահն էր՝ գինեձօնի արարողութիւնը, Գերշ. Արիս Արք. Շիրվանեան Սրբազանը գինիով եւ օրհնութեամբ մկրտեց այս նոր հրատարակութիւնը, բանաստեղծին ու ներկաներու խանդավառ մթնոլորտին մէջ:
Շնորհահանդէսի յայտագիրը շարունակուեցաւ գրող, արձակագիր Յակոբ Միքայէլեանի սրտի խօսքով, հանդէս եկաւ նաեւ Ամերիկահայ գեղանկարիչ եւ համայնքային գործիչ, գեղանկարիչ՝ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան: Ան յիշեց թէ՝ «Թադէոս Եսայեանի բանաստեծութիւնները բառարանային կամ բառացի չեն եւ գրուած է պարզ, բուռն եւ տաքուկ, ժողովուրդական լեզուով, ան կ՛երազէ աշխարհի մը մասին, ուր տգեղութիւնն, թշուառութիւնն ու աղքատութիւնը, պատերազմն ու թշնամանքը, ագահութիւնն ու կոշտ մրցունակութիւնը, օտարութիւնն ու անպատասխանութիւնը կը վերածուին ուրախութեան եւ խաղաղութեան, ուր կայ արդարութիւն, բարութիւն եւ կարեկցանք, սէր եւ հոգատարութիւն»:
«Յատկանշական է յիշել որ՝ Թադէոս Եսայեանի բանաստեղծական ոգին կը կայանայ այն բանի մէջ, որ զգացմունքներու աղբիւրի միջոցով կ՛արտայայտուի մարդկային համընդհանուր տիրոյթը: Ան չի սահմանափակուիր էջի բառերով, այն ինչ որ կը նկարագրէ, սրտի վերաբերմունք է կեանքի հանդէպ, եւ ամէն ինչի մէջ որոնելու դրականը, կեանքի կենսական յատկանիշները: Այդ որոնում մըն է, որը կը միաւորէ մարդկանց եւ կ՛ամրապնդէ խաղաղութեան եւ ստեղծագործութեան զարկերակը»:
«Խաղաղութեան արուեստ» https://peaceofart.org/ անշահոյթ կրթական կազմակերպութեան հիմնադիր-նախագահ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան շարունակելով իր խօսքը՝ «Արուեստի խաղաղութիւն» կազմակերպութիւնը, որ կ՛օգտագործէ արուեստի համընդհանուր լեզուն իրազեկելու մարդկային գոյավիճակին՝ նպաստելով մարդկանց բարօրութեան եւ հակամարտութիւններու խաղաղ լուծման: Այդ իսկ պատճառով «Ուստի», «Արուեստի խաղաղութիւն» կազմակերպութիւնը այս շնորհահանդէսին ընթացքին պարգեւատրեց Թադէոս Եսայանը՝ «Արուեստի խաղաղութիւն» Կազմակերպութեան Երախտագիտութեան վկայականով իր բանաստեղծութիւններուն մէջ խաղաղութեան եւ մարդկային ոգիի դրական տեսլականները ուսումնասիրելու եւ լուսաւորելու համար»:
Թադէոս Եսայանի պարգեւատրումը կատարուեցաւ Հեճինեան կողմէ՝ «Արուեստի խաղաղութիւն» Կազմակերպութեան Երախտագիտութեան վկայականով, ներկաները այս գնահատականին ընկերակցեցան իրենց ջերմ եւ լիասիրտ ծափողջոյններով։
Թադէոս Եսայեան յուզումնախառն իր շնորհակալական խօսքը յղեց ներկաներուն եւ ընթերցեց իր հատընտիրին մէջ լոյս տեսած «Հայու Հոգին» բանաստեղծութիւնը, ուր կը կարդանք .-
Ի՜նչ մը ունի Հայ Հոգին, Ի՜նչ մը՝ տարբեր ուրիշէն,
Հայերէնով կը խօսի Աստուծոյ հետ իր հզօր,
Ու երբ հասնի յաւերժին՝ Խաչքարերէն կը խօսի …
Հանդիսութեան ընթացքին յայտագրէն անկախ, յարգանքի ու շնորհաւորութիւններու խօսք առին նաեւ «Սփիւռք» գիտա-ուսումնական կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանը, բանաստեղծուհի, վաստակաշատ հայրենի լրագրողուհի՝ Կարինէ Աւագեանը եւ դասախօս Քնարիկ Աբրահամեանը, որ անդրադարձաւ Եսայեանի «Կաղանդ Պապա» բանաստեղծութեան …
Բայց եթէ գաս չմոռնաս
Գոնէ պարապ պարկով գաս
Բարիք ընես, հաւաքես
Ինչ որ ցաւ կայ կուտակուած
Ղարաբաղէն մնացած
Կաղանդի այս սեմին գէջ
Ոչ ոք չ՛ուզեր կաղադնչէք
Միայն աղօթք անոնց որ
Մօր արցունք մ՛իսկ չունեցաւ
Երբ Մայր հողին մէջ ինկան …
Կաղանդ պապս այս օրով
Ամբողջ սրտով նստիր լաց …
Հանդիսութեան ընթացքին Շաքէ Մանկասարեան ոգեւորիչ կատարումով ընթերցեց՝ Թադէոս Եսայեանի «ՍԷՐՍ» Բանահօրս՝ Թէքէեանի յիշատակին բանաստեղծութիւնը.-
Սէրս փրփուրն էր սրտիս
Ալիքի պէս ծովափի
Շատեր եկան հոն խաղցան,
Բայց փրփուրը չտեսան …
Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան ընթերցեց՝ Թադէոս Եսայեանի «խնդրանք» բանաստեղծութիւնը.-
Ու Տէր ուղղէ Դուն ճամբան մոլորուածին կորսուող,
Ձիթենիի ճիւղերով թող ետ դառնայ ճիշդ ճամբով,
Թող իմանայ այս կեանքէն ոչինչ իրեն կը մնայ
Գուցէ միայն խօսք մը լաւ՝ եթէ բարիք մը ըրաւ …
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Գերշ. Արիս Արք. Շիրվանեանի Սրբազանի եզրափակիչ Պահպանիչով։
Այնուհետեւ, հեղինակը մակագրուած 51 օրինակներ բաշխեց ներկաներուն եւ զինք շնորհաւորողներուն, որոնց մէջ էր նաեւ Աշուղ Նազելին, որ իր զմայլելի ձայնով երգեց հեղինակի խնդրանքով, սրահը լիցքաւորուած էր, թէ գրական եւ թէ մշակութային բարձր տրամադրութեամբ, մանաւանդ երբ ներկաներն ալ առաւել խանդավառուած երգելու մասնակցեցան այս շատ տպաւորիչ մթնոլորտէն հրապուրուած:
Հաղորդագրութիւն՝ Շաքէ Մանկասարեան