ՅՈՎՍԷՓ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի ահաւոր վայրէջքին եւ արեւելահայերէնի տարտամ ու պղտոր ապագային ի տես` արեւմտահայերէն նոր եւ որակաւոր գիրքի լոյս ընծայումը մեր սիրտը հրճուանքով կը լեցնէ: Անշուշտ Երեւան մայրաքաղաքի «Թէքէեան» կեդրոնի մէջ այս շնորհահանդէսը իրականացնելն ալ ունի իր խորհուրդը:
Բանաստեղծը խօսք ստեղծողն է, նոր խօսք: Ստեղծագործել` կը նշանակէ ներքին յոյզերու, մտահոգութիւններու, ապրումներու, գոհութեանց, իմացական ճառագայթումներու խտացած արտացոլացում:
Անգլիացի հռչակաւոր գրող Սոմըրսեթ Մոըմը ըսած է. «Բանաստեղծութիւնը թա՛գն է գեղեցիկ գրականութեան, անոր վախճանն ու նպատակը, մարդկային միտքի վեհագոյն ստեղծագործութիւնը, գեղեցկութեան եւ քնքշութեան գերագոյն արտայայտութիւնը»:
Աստուածային ներշնչումով է, որ կը դառնան բանաստեղծ, եւ ոչ` իմաստութեամբ, կամ…
Թադէոս Եսայեան արդէն աւելի քան 60 տարիէ ի վեր կը ստեղծագործէ… կը գրէ, կը ջնջէ, կ՛երազէ, կը ներշնչուի, կը յուզուի եւ այլն: Այս գիրքը հեղինակին 6-րդ գիրքն է:
Այս գիրքէն եւ նախորդ գիրքերէն տարբեր բանաստեղծութիւններ զետեղուած են Դիմատետրի վրայ եւ արժանացած` ժողովուրդի սիրոյն եւ գնահատանքին:
Հեղինակի խօսքը վճիտ է ու մաքուր, ճիշդ այդպէս ալ` իր նոր գիրքը, զոր վերնագրած է «Պարզ ու տաքուկ բառերով», ես կը նախընտրէի «Խոհք ու խռովք», կամ «Մրմունջ ու մռունչ»: Գիրքին մէջ բանաստեղծութիւնները կ՛ընթանան ըստ ժամանակագրական կարգի, 2018-2021 թուականներ:
Իմ պարտէզիս ծաղիկներով`
Յասմիկներով, վարդենիով,
Շուշան, մեխակ, մանիշակով,
Անուններով ծաղիկներուս
Պարտէզ ըրի ես կեանքը ձեր,
Սիրուն պարտէզ աղջիկներու…
Ո՜հ, սիրեցէք, համբուրեցէք
Ծաղկանման վարդաշուրթիկ
Աղջիկները ձեր պարտէզին:
Պարզ, անսեթեւեթ, աւելորդ ածականներէ հեռու: Եսայեան իր նուրբ զգացական ուրոյն աշխարհը ունի, անոր քնարը ունի իւրայատուկ ոճ մը, որ ի՛րն է միայն:
Գարնանային տարեդարձ (նուէր բանահօրս` Զաւէն Սիւրմէլեանի յիշատակին) կը գրէ.
Թոյր-թոյր վարդի փէշերով, շող ու շաղով արծաթէ
Կարծես գարունը եկեր տարեդարձս կը տօնէ,
Կանաչ-կանաչ թփուտներ, գոյն-գոյն սիրուն վարդերով
Կարծես կարմիր են բերեր սիրածներուս շրթունքէն
Ու ճերմակով վարդերուն թաշկինակներ կը ճօճեն…
Բանաստեղծը հարազատ է իր ներքին ձայնին, սիրտէ ի սիրտ քնարական զրոյցի:
Մաքուր արեւմտահայերն` սէր, լոյս, հայրենիք, մայր, բնութիւն: Եւ ահա Զապէլ Եսայեանի շունչով` «Ազատութեան սէրս», Էջ 10:
Բոլոր մայրերուն նուիրուած գողտրիկ բան. է.
Աշխարհն ամբողջ թաղարի մէջ ծաղիկով լիք տամ քեզի` քիչ է քեզի,
Պսակ պսակ վարդ ու շահպրակ դնեմ գլխուդ արեւի` քիչ է քեզի
Շալակ շալակ ուսիս վրայ բերեմ շողերն արեւի` քիչ է քեզի
Կոկոն կոկոն կակաչուքներ փռեմ ճամբուդ որ բացուի` քիչ է քեզի:
Սփիւռքահայ բանաստեղծութեան բազմերանգ օղակներէն մին է Թադէոս Եսայեանի քերթութիւնը: Հեղինակը աւանդապահ ճշմարիտ բանաստեղծն է, ան հեռու է անտեղի, յաճախ անհասկնալի նորարարութիւններէ: Վահէ Օշական եւ Գրիգոր Պըլտեան օրինակ բերել:
Նուէր բանահօր` Շարլ Ազնաւուրին, «Անոնք ինկան» (2 տուն… էջ 26):
Վ. Թէքէեան գրած է`
Ես սիրեցի, բայց ոչ ոք
Սիրածներէս գիտցաւ թէ`
Զինքը ո՜րքան սիրեցի…
Ո՞վ կարդալ սիրտը գիտէ:
Եւ ահա Թադէոս Եսայեան իր բանահօր` Վահան Տէրեանի յիշատակին, «Սիրտ իմ ներէ», կ՛արտայայտուի այսպէս. (էջ 27): Ուրիշ տեղ մը բանահօր` Վահան Թէքէեանին, «Սէրս» բանաստեղծութիւնը, էջ 43:
Դիւրին չէ նոր խօսք ստեղծելը, տաղանդ պիտի ունենաս… ժամանակին, երբ 14-16 տարեկան էինք, ինչպէս ձեզմէ շատերը, փորձեր կատարած էինք` գրելով մանաւանդ սիրոյ մասին… Կ՛ուրախանայինք վանկերը եւ տողերու վերջաւորութիւնները բռնեցնելով… Անշուշտ մերը պատանեկան փորձեր էին, պարզ ոտանաւորներ: Այո՛, իսկական բանաստեղծութիւնը մէջդ պիտի արթնցնէ նոր կայծ, պիտի զգաս զայն, պիտի սիրես եւ կրկին կարդաս, դող պիտի տայ, որպէսզի ամբողջութեամբ ըմբոշխնես:
Բանաստեղծը նայուածք պիտի ունենայ, մեր չտեսածը պիտի տեսնէ, կարեւորն ու գեղեցիկը մեզի մատուցէ` գեղարուեստական նրբութեամբ, պատկերներով գեղագիտական հաճոյք պատճառէ:
«ԵԹԷ», բանահօրս` Քիփլինկի յիշատակին (էջ 86):
Կան Արցախի եւ Շուշիի նուիրուած այլ բանաստեղծութիւններ: Ժամանակի առումով բոլոր բանաստեղծութիւններուն չենք կրնար անդրադառնալ անշուշտ:
1960-2000-ական թուականները սփիւռքի բանաստեղծութեան համապատկերին մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն աւանդապահները, գրելաձեւը, կառոյց, սէր, հայրենիք եւ հայու հոգին (հայապահպանում), գրեթէ նոյնն է բոլորին մօտ: Անոնցմէ կը յիշենք` Ժագ Յակոբեան, Մուշեղ Իշխան, Գառնիկ Ադդարեան, Պէպօ Սիմոնեան, Զարեհ Մելքոնեան, Բիւզանդ Թօփալեան, Զարեհ Խրախունի, Եդուարդ Սիմքէշեան, Վահէ Վահեան, Գեղամ-Գեղակ, Թադէոս Եսայեան եւ այլք: Անշուշտ այլ են որակները, նիւթի եւ մատուցման ձեւերը:
Բանաստեղծ Կարապետ Սիտալը ունէր 11 հատոր բանաստեղծութիւն, Վահրամ Հաճեանը` 20 հատոր բանաստեղծութիւն եւ արձակ, Աբրահամ Ալիքեան եւ նման ուրիշներ… Այսօր անոնց բանաստեղծութիւններու հատորները չկան, որպէսզի կարդացուին, ո՞վ կամ որո՞նք պիտի համակարգեն, ո՞վ պիտի կարենայ ի մի բերել ծաւալուն բազմահատորներ, որպէսզի նոր սերունդը, թէ՛ Հայաստան եւ թէ՛ սփիւռք, աւելի եւս տեղեակ ըլլան, թէ Սփիւռքի մէջ որո՛նք ստեղծագործած են… եւ կարդա՛ն… եթէ կարդան…
Սիրելի՛ Թ. Եսայեան, վարձքդ կատար, վաստակդ արդար, քաջառողջութիւն, որպէսզի ստեղծագործես` ի փառս հայ գիրի, բանաստեղծութեան եւ գիրքի պահպանման, զարգացման եւ յարատեւման: Կրկին կը շնորհաւորեմ: