ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան (ՄԻՊ) Արման Թաթոյեան 30 Յուլիսին, Հայաստանի մէջ գործող միջազգային կառոյցներու եւ դիւանագիտական առաքելութիւններու ու քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն ներկայացուց ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ սահմանային բնակիչներու իրաւունքներու խախտումներու փաստերը:
ՄԻՊի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ հանդիպումին մասնակցեցան Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած եւ գործող դիւանագիտական առաքելութիւններ (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Ֆրանսա, Մեծն Բրիտանիա, Լեհաստան, Չեխիա, Սերպիա, Ճափոն եւ այլն) եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, որոնց կարգին՝ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրէա Վիքթորի, ՄԱԿի մնայուն համակարգող Շոմփի Շարփ, Երեւանի մէջ Եւրոպայի խորհուրդի գրասենեակի փոխղեկավար Մաքսիմ Լոնքանքէ:
Հանդիպման ընթացքին պաշտպանը ներկայացուց փաստեր, որոնք կը հիմնաւորեն Ատրպէյճանի զինուած ծառայողներուն ներկայութիւնը Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի գիւղերու հարեւանութեամբ եւ Սիւնիքի համայնքներուն միջեւ ճամբաներուն վրայ՝ շեշտելով, որ անոնց արարքները կը խախտեն Հայաստանի բնակիչներուն միջազգայնօրէն երաշխաւորուած իրաւունքները, որոնց կարգին՝ կեանքի, սեփականութեան եւ միւս կենսական իրաւունքները: