Թալեպան շարժումի բանբեր Սուհէյլ Շահին նշեց. «Թուրքիան պէտք է իր ուժերը ԱՖղանիստանէն հեռացնէ, Միացեալ Նահանգներու հետ 29 փետրուարին մեր ստորագրած համաձայնութեան հիմամբ,նկատի ունենալով, որ անիկա ՕԹԱՆ-ի անդամ է»:
«Նկատի ունենալով, որ Թուրքիան իսլամական մեծ պետութիւն է, ապա ԱՖղանիստան անոր հետ պատմական յարաբերութիւններ ունի, եւ կը յուսանք ապագային մեր երկրին մէջ իսլամական նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք անոր հետ սերտ ու լաւ յարաբերութիւններ ունենալ», նշեց ան:
Թալեպան շարժումը այդպիսով պատասխանեց Թուրքիոյ` ՕԹԱՆ-ի ուժերուն ԱՖղանիստանէն հեռացումէն ետք, Քապուլի օդակայանի անվտանգութիւնը ապահովելու առաջարկին:
Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, Անգարա այս առաջարկը Ուաշինկթընին ներկայացուցած էր մայիսին, ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ժողովին ընթացքին, երբ Միացեալ Նահանգներ ու անոր դաշնակիցները ԱՖղանիստանէն իրենց ուժերու հեռացնելու ծրագիրը քննարկեցին:
Կը նախատեսուի, որ թրքական առաջարկին շուրջ քննարկումները շարունակուին այս շաբաթ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ընթացքին: