Սիլվա Իսկիկեան Մահսերեճեան
Թէեւ իրականութիւնը շատ կը սիրեմ, բայց միշտ ալ խուսափած եմ Լիբանանի մէջ տիրող իրականութիւնը բացայայտելէ, ահաւորութեան ճշգրտութիւնը պարզելէ եւ յուսահատ հոգիներուն անդրադառնալէ…: Կարծես մենաշնորհուած պաշտօնս է՝ Լիբանանին գեղեցիկ նկարները տեղադրել, պատերուն վրայ գրուած սրամիտ եւ զուարթ խօսքերը նկատել, ընդօրինակել, շարք մըն ալ յուսադրող եւ լաւատեսութիւն ներշնչող տողեր գրել…: Անկեղծ ըլլալու համար, պէտք է ըսել, որ նկարները դիտելով եւ խօսքերս կարդալով, ոեւէ անհատէ աւելի, ես՝ ինքզինքս կ’ուրախացնեմ, կը յուսադրեմ եւ երբեմն ալ կը հաւատամ…:
_Սիլվա՛, երբ դիմատետրի քու էջիդ վրայ տեղադրած նկարներդ դիտեմ, կը կարծեմ, թէ Եւրոպա է…սրտանց կ’ուրախանամ, որ լաւ ժամանակ կ’անցընես:
_Շնորհակալ եմ, սիրելի՛ Եսթեր, անկեղծ հոգիդ շատ կը գնահատեմ: Յօգուտ Զբօսաշրջութեան նախարարութեան՝ կամաւոր աշխատանք կը տանիմ: Երբեմն ալ «չարաճճի» միտքեր կը յղանամ, Լիբանանի կարօտով տառապողներուն, գեղեցիկ վայրերուն եւ ախորժաբեր ու ճոխ սեղաններուն նկարները կը ղրկեմ:
Բայց արդեօք ինչպէ՞ս նկարեմ տարեց մամիկին յուսախաբութիւնը, երբ դեղագործը կ’ըսէ. «Դեղդ շուկայէն կտրուած է»: Ինչպէ՞ս փոխանցեմ տիկին Մարիին արցունքոտ բառերը. «Այս սղութիւնը դիմանալիք չէ: Չեմ գիտեր ինչպէ՛ս պիտի կշտացնեմ ընտանիքիս անդամները: Երբ որ «Մամա՛, անօթի եմ» ըսեն, կարծես սիրտիս դանակ կը մխրճեն»: Ինչպէ՞ս նկարագրեմ հերարձակ Նազիկը, երբ կէս գիշերին, բարձրայարկ շէնքին աստիճաններէն հեւալով կը փութայ գետնայարկ՝ ընդհատուած ելեկտրականութեան հարցը լուծելու համար: Հապա Աւետիսը՝ բազմանդամ ընտանիքին հայրը, գրեթէ լալով կ’ըսէ. «Խանութին վարձքէն «կտրուած եմ», արդէն գործ ըսուածը չկայ, վրան ալ տանտէրը վարձքը տոլարով կ’ուզէ: Քանի բերան ունիմ կերակրելիք… Ճիշմարիտ մեռնիլս ասկէ աւելի լաւ է»:
_Չէ՛ Աւետիս, այդ ի՞նչ կ’ըսես, այս օրերն ալ կ’անցնին… Լիբանանցիներս ինչե՜ր չտեսանք…: Աստուած օրուան համեմատ կ’օգնէ: Կարեւորը՝ առողջ ես:
_ Ազնի՛ւ, ինչո՞ւ սեւ հագած ես:
_ Երիտասարդ տղաս անձնասպան եղաւ: Այդքան տիպլոմներ ունէր, խեղճս կամ անգործ էր, կամ ալ շահածը բանի մը չէր բաւեր: Ընկճախտ (depression) ունէր…:
Հաւանաբար Համբիկը նկարեմ. մեծահարուստ, համբաւաւոր եւ բարեգործ վաճառականը: Ի զո՜ւր. կ’իմանամ, որ սնանկացած է: Դրամատունը՝ բոլորիս նման, զինք ալ խորտակած է:
Զո՞վ նկարեմ… Ժպտացող դէմքեր կը փնտռեմ…: Սիրանը կը ժպտայ, բայց աչքերը թախծոտ են…:
Նկարելու ի՞նչ կարիք կայ, երբ կերպարները իրենք կենդանի պատկերներն են՝ ժողովուրդի մը, որուն արժանապատուութիւնը վիրաւորուած է, տարրական անհրաժեշտութիւնները անտեսուած են, հոգին խոցուած է …:
Միտքիս մէջ կարեկցանքի աղօթքն է, որ կը հիւսուի՝ անուններու երկար շարանով ու ցաւոտ պատկերներով, կաթի կարօտ երեխաներով, յուսալքուած երիտասարդներով, հիւանդանոցի ու դեղորայքի կարիք ունեցող հիւանդներով, տնանկ ու սնանկ բնակիչներով, անխնամ ծերերով եւ ծերացած հոգիներով…:
_ Քե՛զի կու գամ, Հա՛յր Աստուած, Դո՛ւն, ողորմա՜ծ ու բարերար…: