ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Նոր Օր».- Կլենտէյլի կեդրոնական գրադարանի հանդիսասրահը Ուրբաթ, Յունիս 27ի երեկոյեան հոծ բազմութեան մը ժամադրավայրն էր, վաստակաւոր բանաստեղծուհի Թամարա Յովհաննիսեանի զոյգ գործերու ներկայացման առիթով։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Լոս Անճելըսի Թէքէեան Մշակութային Միութեան կողմէ։
Հայերէն լեզուի ուսուցիչ, ԹՄՄի վարչական անդամ Նազիկ Գոճայեանի հանդիսավարութեամբ սկսած յայտագիրով, նախ ներկայացուեցաւ բանաստեղծին ամփոփ կենսագրութիւնը եւ ապա տեղի ունեցաւ երկերուն թուարկումը։ Թամարա Յովհաննիսեան Հայաստանէն հաստատուած է Քալիֆորնիա։ Շրջան մը Լոս Անճելըս ապրելէ ետք, փոխադրուած է նահանգի գեղատեսիլ Քարմել քաղաքը, ուր կը զբաղի գեղարուեստի գործերու առեւտուրով։
Ձեռնարկին ընթացքին, Նազիկ Գոճայեան հրաւիրեց վաստակաւոր արձակագիր Սարգիս Վահագնը, ներկայացնելու համար «Լինելութեան Համանուագ» գործը, որ տպագրուած է 2013ին, Երեւան։
Գեղարուեստական բաժինի առաջին ելոյթով, ժողովրդական ասմունքող Անահիտ Մարտիրոսեան արտասանեց Յովհաննիսեանէն չորս կտորներ՝ իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ մը, որ բարձրօրէն գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ։
Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի շրջանաւարտ դաշնակահար Շուշան Յակոբեան եւ ջութակահար Օֆելիա Նանակիւլեան միասնաբար ներկայացուցին Արամ Խաչատրեանի «Գայիանէ» եւ «Սպարտակ» պալէներէն երեք կտորներ։ Նանակիւլեան նաեւ առանձինն կատարեց «Կռունկ»ի մեկնաբանութիւնը։
Սիրուն անակնկալ մըն էր բեմի պաստառին վրայ ունկնդրել հայրենի տաղանդաւոր երաժշտագէտ-յօրինող Ռոպերթ Ամիրխանեանի ողջոյնի խօսքը՝ ուղղուած օրուան մեծարեալին, մանաւանդ՝ երգի կատարումը, զոր Ամիրխանեան հրամցուց մեզի։ Կ՛արժէ նշել, որ Ամիրխանեան կատարած է Թամարա Յովհաննիսեանի քանի մը բանաստեղծութիւններու երգի յօրինումները։
Յայտագիրի երկրորդ խօսք առնողն էր վարչական անդամ, գրականագէտ Լիլիթ Քէհէեան, որ մօտէն ծանօթ է թէ՛ գրող Յովհաննիսեանին եւ թէ անոր վաստակին։ Քէհէեան բարձրորակ վերլուծումով ներկայացուց Յովհաննիսեանի «Կինը» գործը, որ 2006ին տպագրուած է Երեւան։ Քէհէեան կեդրոնացաւ բանաստեղծի լեզուական տպաւորիչ ոճի յատկութիւններուն վրայ, ինչ որ իւրայատուկ կը դարձնէ գրողի քերթողական արուեստը։
Հաճելի անակնկալ մըն էր յայտագիրին մէջ ներկայութիւնը ծանօթ դերասան Յովհաննէս Բաբախանեանի, որ Նիւ Եորքէն գալով՝ հաստատուած է Լոս Անճելըս։ Վերջերս, Բաբախանեան արժանացած էր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենի Դեսպան» շքանշանին։ Բաբախանեան իր սրտագին ողջոյնի խօսքը ուղղելէ ետք բանաստեղծին, ընթերցումներ կատարեց Յովհաննիսեանի գործերէն՝ խորապէս տպաւորելով ներկաները։ Դերասանը անակնկալով մըն ալ բեմ հրաւիրեց ֆրանսաբնակ Մարինա Յովհաննիսեանը, որ դուստրն է Հայաստանի Հանրապետութեան հեռուստատեսութեան յայտնի հաղորդավարուհի Այտա Ներսիսեանի. Մարինան հիւրաբար Լոս Անճելըս կը գտնուէր։ Վերջինս ապրումով արտասանեց Յովհաննիսեանի գործերէն՝ ընկերակցութեամբ դաշնակահար Շուշան Յակոբեանի։
Նախքան յայտագիրի աւարտը, վարչութեան ատենապետ Վաչէ Սեմերճեան ընթերցեց ԹՄՄ Կեդրոնականին ողջոյնի խօսքը։
Աւարտելով յայտագիրը՝ բանաստեղծ Թամարա Յովհաննիսեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց կազմակերպիչ վարչութեան, յայտագիրի մասնակիցներուն, խօսք առնողներուն եւ ներկաներուն, ու խորանալով իր նիւթին մէջ՝ մեկնաբանեց իր գեղարուեստական կեանքի դժուարութիւնները, դառնութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ հպարտառիթ յաջողութիւնները։ Գրող Յովհաննիսեանի փափաքով, իր գործերու օրինակներէն նուէր տրուեցան գրասէրներուն։