Թայյունէն երէկ վերածուեցաւ մարտի դաշտի, ուր պարպուեցան մեծ թիւով փամփուշտներ, օգտագործուեցան նռնականետեր, շէնքերուն մէջէն եւ տանիքներէն գործեցին արձակազէններ, իսկ լիբանանեան բանակը առանձինն փորձեց կացութիւնը հակակշիռի տակ առնել:
Թայյունէի մէջ այս բոլորը արձանագրուեցան օրուան ընթացքին, օրուան աւարտին սակայն տիրական հարցումը մնաց այն, թէ ո՞վ որուն դէմ կրակեց, որո՞նց միջեւ էր բախումն ու զինեալ միջադէպը, մանաւանդ նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ կէսօրէ առաջ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի հետեւորդներ սկսած էին այդ շրջանին մէջ հաւաքուիլ` բողոքի խաղաղ ցոյց մը կատարելու նպատակով:
Կէսօրէ առաջ Թայյունէի մէջ հաւաքուած ցուցարարներուն դէմ արձակազէնի մը արձակած կրակոցը պատճառ դարձաւ, որ կացութիւնը լարուի եւ զինեալ բախումներ արձանագրուին Այն Ռըմմանէի եւ Շիյահի միջեւ:
Լիբանանեան բանակը ապահովական խիստ միջոցառումներու ձեռնարկեց շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ ամրապնդեց իր դիրքերը` հաստատելով, որ պիտի հակադարձէ բոլոր կրակոցներուն:
Քաղաքացիական պատերազմի օրերն ու մթնոլորտը յիշեցնող այդ վայրկեանները լիբանանցիին յիշողութեան մէջ արթնցուցին վատ պատկերներ ու անոր ենթագիտակիցին մէջ արձանագրուած ցաւոտ զգացումներ:
Շրջանին բնակչութիւնը ապրեցաւ ահաւոր պահեր, իսկ մօտակայ դպրոցներուն մէջ գտնուող աշակերտները սարսափահար վիճակի մէջ գտնուեցան իրենց դպրոցներուն ու դասարաններուն մէջ, ապա բանակին օժանդակութեամբ կարելի եղաւ զանոնք ապահով տուն ուղարկել:
Զինեալ միջադէպերուն պատճառով զոհուեցան 6 քաղաքացիներ եւ վիրաւորուեցան 30 ուրիշներ:
Լիբանանեան բանակը երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ 14 հոկտեմբեր 2021-ին, երբ ցուցարարներու խումբ մը կ՛ուղղուէր Պէյրութի Արդարութեան պալատ, արձանագրուեցան դէպքեր, որոնք անմիջապէս վերածուեցան զինեալ բախումներու` Թայյունէ-Պատարօ շրջանին մէջ:
Զինեալ բախումներուն պատճառով կարգ մը քաղաքացիներ մահացան, իսկ ուրիշներ վիրաւորուեցան:
«Բանակը ամրապնդեց շրջանին մէջ իր դիրքերը եւ շրջուն ջոկատներով ձերբակալեց 9 յանցագործներ, որոնց մէջ նաեւ սուրիացի քաղաքացի մը, ու զանոնք յանձնեց համապատասխան դատական ատեանին:
Բանակի հրամանատարութիւնը երկու կողմերու ղեկավարներուն հետ հաղորդակցութիւններ կատարեց եւ յորդորեց զանոնք սադրանքներու մէջ ներքաշուելու կարելիութիւնները արգիլելու», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Բանակին համաձայն, ցուցարարներուն մեծ թիւը պատճառ դարձաւ, որ կացութիւնը արագօրէն չհակակշռուի, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ, որ ցուցարարները արձակազինութեան թիրախ դարձած են:
Մինչ այդ, Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի ղեկավարութիւնները հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ցուցարարներուն վրայ գործուած զինեալ յարձակումը դատապարտելի է` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը պէտք է միջամտէ եւ պատասխանատուութիւն ստանձնէ:
Հաղորդագրութեան մէջ յստակօրէն նշուեցաւ, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան զինեալ խմբաւորումներ Թայյունէի շրջակայ թաղերուն ու շէնքերու տանիքներուն վրայ դիրքաւորուած են եւ իրենց արձակազէններով թիրախ դարձուցած ցուցարարները:
«Մանար» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, լիբանանեան բանակը ձերբակալած է Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան զինեալ խմբակի մը անդամները, որոնք կը գործադրէին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի ապահովական հարցերու պատասխանատու Փիեռ Ժապպուրի եւ այլ պատասխանատուներու հրահանգները:
Նոյն աղբիւրին համաձայն, այդ պատասխանատուները ճշդած են Այն Ռըմմանէի արձակազէններուն դիրքերը:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` պահանջելով, որ բանակը յստակացնէ Թայյունէի դէպքերուն մանրամասնութիւնները, որպէսզի Հըզպալլա ցաւալի այդ դէպքերը պատճառաբանելով աջ ու ձախ ամբաստանութիւններ չկատարէ:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը այլ հաղորդագրութեամբ մը հերքեց իր դէմ ուղղուած ամբաստանութիւնները` հաստատելով, որ Թայյունէի իրադարձութիւնները դատապարտելի են, սակայն անոնք բնական հետեւանք են Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հրահրած գրգռութիւններուն:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ամբողջ օրուան ընթացքին հետեւեցաւ մայրաքաղաքի դէպքերուն` ուղղակի կապի մէջ ըլլալով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուիի, պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ:
Երեկոյեան նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց բանակի հրամանատարը, որ ներկայացուց Թայյունէի մէջ արձանագրուած ապահովական իրադարձութիւններուն մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ ապահովական այն միջոցառումները, որոնց դիմած է բանակը` կասեցնելու համար կրակոցները եւ վերահաստատելու համար կայունութիւնը:
Զօր. Աուն նախագահ Աունին յայտնեց նաեւ, որ հետաքննութիւն բացուած է` իմանալու համար զինեալ այս միջադէպին դրդապատճառներն ու անոր ետին կանգնող կողմերուն ինքնութիւնը:
Երեկոյեան ժամը 7:00-ին նախագահ Աուն պատկերասփռուած ճառով մը իր պատգամը յղեց լիբանանցիներուն:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Թայյունէի մէջ պարզուած պատկերը ցաւոտ է եւ խիստ մերժելի: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց ոճրագործներու փամփուշտներուն պատճառով զոհուած քաղաքացիներուն հարազատներուն:
Ան շեշտեց, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի լուծում եւ ոչ թէ տագնապ` աւելցնելով, որ թոյլ կամ ներող վերաբերում պիտի չցուցաբերեն որեւէ կատարուած իրականութեան նկատմամբ, որուն նպատակը սադրանքներու նախապատրաստութիւնն է:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ պատահածը ապահովական եւ դատական հետապնդումի պիտի ենթարկուի` աւելցնելով, որ ինք անձամբ պիտի հսկէ հետաքննութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ արդիւնքներու յանգիլ եւ յանցագործները պատժել:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ անընդունելի է զէնքը վերածել լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութեան միջոցի, «իսկ հակադրուելու վայրը փողոցը չէ», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ երկիրը ի վիճակի չէ փողոցին մէջ տարակարծութիւններ կամ միջադէպեր հանդուրժելու` աւելցնելով, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ նման դէպքեր կրկնուին` ինչ պայմաններու մէջ որ ալ ըլլան անոնք:
Նշենք, որ նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Ժահժահի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` Թայյունէի զինեալ բախումներուն վերջ տալու նպատակով:
Միւս կողմէ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ուղղուեցաւ պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնատեղի, ուր պաշտպանութեան նախարարին եւ զօր. Աունի հետ հետեւեցաւ Թայյունէի իրադարձութիւններուն:
Միքաթի հաստատեց, որ լիբանանեան բանակն է հայրենիքը պաշտպանողը` հաստատելով, որ ասիկա կրկնուող սովորական կարգախօս մը չէ, այլ` բառին բուն իմաստով ի գործ դրուող զոհողութիւն է` բանակի հրամանատարութեան իմաստուն որոշումներուն ներքեւ:
Վարչապետը հաստատեց, որ բանակը պիտի շարունակէ գետնի վրայ կիրարկել իր ապահովական միջոցառումները, որպէսզի կարենայ կայունութիւնը վերահաստատել, յանցագործներն ու մեղսակիցները ձերբակալել ու զանոնք դատական իշխանութիւններուն յանձնել, ինչպէս նաեւ ապահովութիւնը խախտող բոլոր երեւոյթներուն վերջ տալ:
Երեկոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին, վարչապետ Միքաթի լիբանանցիներէն ներում հայցեց` Պէյրութի երէկուան դէպքերուն համար:
Ան հաստատեց, որ իր կառավարութիւնը կազմուած է, երբ Լիբանան արդէն իսկ գետնին հաւասար դարձած էր:
«Կառավարութիւնը «սպունգ» մըն է` մեղմացնելու համար գետին զարնուելու հարուածը: Եթէ այսօրուան պատահարին նպատակը կառավարութիւնս ձախողեցնել է, ապա ի մտի ունեցէք, որ կազմած կառավարութեանս նպատակն է մեղմացնել գետին զարնուելու հարուածը», ըսաւ ան:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան հիւանդ մըն է, որ կ՛արիւնի, «կառավարութեան կազմութենէն ետք ան մուտք գործած է շտապ օգնութեան սենեակ, իսկ վիրահատումի սենեակին մէջ փամփուշտ եւ «Էր. Փէ. Ժէ.» նռնականետ ստացած է», ըսաւ ան:
Միքաթի շեշտեց, որ երէկուան պատահարը անձնասպանութիւն գործել է, իսկ վաղը կեանքը իր բնականոն ընթացքին կը վերադառնայ: «Պէտք է գործել քաղաքական իմաստունութեամբ, իսկ լիբանանեան բանակին հետ իմ կատարած հեռաձայնային վերջին հաղորդակցութիւններս ցոյց կու տան, թէ ապահովական կացութիւնը աւելի կայուն է», ըսաւ ան:
Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան դժուար կացութենէ մը կ՛անցնի` աւելցնելով, որ Թայյունէի իրադարձութիւնները պատճառ պիտի չդառնան Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ Լիբանանի խորհրդակցութիւնները կասեցնելու:
Աւելի ուշ, վարչապետ Միքաթի յայտարարեց, որ այսօր Լիբանանի մէջ սուգի օր է` հաստատելով, որ երկիրը փակ պիտի մնայ Թայյունէի զինեալ բախումներուն ինկած զոհերուն համար:
Միքաթի յայտնեց, որ պետական հաստատութիւնները, քաղաքապետարաններն ու դպրոցները` պետական եւ սեփական, փակ պիտի մնան:
Ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուի կէսօրուան ժամը 1:00-ին նախագահեց Ապահովական կեդրոնական խորհուրդի արտակարգ նիստին, որմէ ետք շեշտեց, որ քաղաքացիական անվտանգութեան հետ կարելի չէ խաղալ` աւելցնելով, որ անիկա սրբութիւններուն սրբութիւնն է:
Ան հաստատեց, որ գետնի վրայ կացութիւնը պէտք է հակակշռել եւ շարք մը միջոցառումներու դիմել` ձերբակալութիւնները կատարելու համար:
Մաուլաուի կոչ ուղղեց տեղեկատուութեան մարզին եւ տարբեր լրատուամիջոցներուն` ստոյգ լուրեր տարածելու, որովհետեւ որեւէ քաղաքացիի տուժելուն պարագային ամբողջ Լիբանանը տուժած կ՛ըլլայ:
Մաուլաուի նկատել տուաւ, որ բողոքի ցոյցը կազմակերպող կողմերը հաստատած էին, որ կատարուելիքը խաղաղ ցոյց մըն էր, իսկ ապահովական կառոյցներուն մօտ տեղեկութիւններ չկային: «Բախումները սկսած են, երբ կրակոց մը արձանագրուած է եւ արձակազէնի մը կողմէ ցուցարար մը իր գլուխէն հարուած ստացած է: Ասիկա անընդունելի է, եւ գլուխէն կրակելը շատ վտանգաւոր է», ըսաւ ան:
Մաուլաուի նկատել տուաւ, որ օգտագործուած են նաեւ «Պէ 7» տիպի նռնականետեր, ինչ որ սարսափազդու է:
«Ցոյցը կազմակերպող կողմերը հաստատեցին ցոյցին խաղաղութիւնը, սակայն արձակազէններ ոճիրներ գործեցին, իսկ անակնկալը մեզի համար այն էր, որ ցուցարարները իրենց գլուխներէն հարուած ստացած էին», ըսաւ ան:
Մաուլաուի դատապարտեց «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի անձնակազմին վրայ գործուած յարձակումը:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան խստիւ դատապարտեց Պէյրութի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները` շեշտելով, որ երկիրը կարիքը ունի ազգային միացեալ կեցուածքի, ինչպէս նաեւ սադրանքները տապալելու:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն` հակակշիռի տակ առնելու կացութիւնը եւ կասեցնելու Թայյունէի մէջ կատարուած բախումները:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, Պքերքէի մէջ հանդիպում մը ունենալէ ետք մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ, յայտնեց, որ խօսքի ազատութիւնը սուրբ է, եւ իրենք կը յարգեն այդ ազատութիւնը: «Ոչ ոք կրնայ այդ ազատութիւնը արգիլել` ցուցարարներուն դէմ կրակ բանալով, միւս կողմէ սակայն, ոչ ոք իրաւունք ունի իր կարծիքը պարտադրելու», ըսաւ ան:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի դատապարտեց Թայյունէի իրադարձութիւնները եւ հաստատեց, որ պէտք չէ քաղաքացիական անվտանգութիւնը վտանգի ենթարկել: Ան ընդգծեց, որ պատահարը զիրենք փոխադրած է դէպի քաղաքացիական պատերազմի ցաւալի պահերը:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ ցոյց կատարելը լիբանանցիին իրաւունքն է: Ան խստիւ դատապարտեց արձակազէններուն գոյութիւնը եւ հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթար պէտք է անխտիր բոլորը հարցաքննէ:
Երեկոյեան Ժոմպլաթ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ ողջունեց անոր իմաստուն որոշումները, ազգային գիտակցութիւնն ու համախմբող դերակատարութիւնը:
Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ ցաւակցութիւն յայտնեց Թայյունէի մէջ ինկած բոլոր զոհերուն, որոնք իրենց թափած արիւնով սադրանքի հուրը մարեցին:
«Յարգանք` Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի պատասխանատուութեան գիտակցութեան եւ իմաստուն քայլերուն, որոնց շնորհիւ Լիբանանը սադրանքի ճիրաններուն մէջ չներքաշուեցաւ», ըսաւ ան:
Ֆրենժիէ մաղթեց, որ ապահովութեան ուժերը իրենց դերակատարութիւնը ունենան` կացութիւնը հակակշռելու, յանցագործները պատժելու, ապահովութիւնը վերահաստատելու եւ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելու:
Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութիւնը խստիւ դատապարտեց Թայյունէի սպանդը` հաստատելով, որ անոր պատճառը հաշուետուութեան չգոյութիւնն է, ինչպէս նաեւ ապահովական եւ դատական իմաստով երկրին մէջ գործադրուող կողմնակալութիւնը: «Այս պատճառով է, որ երկրին մէջ մարդիկ իրարու կը սպաննեն, եւ արձակազէնները ազատ անկախ կը գործեն», կը նշէ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան հաղորդագրութիւնը:
Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպանատունը երէկ երեկոյեան իր քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց Լիբանանէն հեռանալու:
Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իյըն Քոլարտ յայտնեց, որ Պէյրութի մէջ արձանագրուած երէկուան դէպքերը մտահոգիչ են` աւելցնելով, որ վայրագ բախումները Լիբանանի շահերուն չեն ծառայեր: «Կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին ինքնազսպումի ենթարկուելու», ըսաւ ան:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես կոչ ուղղեց Լիբանանի բոլոր պատասխանատուներուն վերջ տալու բռնարարքներուն, սադրանքներ հրահրող յայտարարութիւններուն եւ գրգռիչ քայլերուն:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա մտահոգութիւն յայտնեց Պէյրութի մէջ արձանագրուող բռնարարքներուն վերաբերեալ: Ան շեշտեց, որ կարեւոր է ինքնազսպումի ենթարկուիլ, ինչպէս նաեւ հանդարտութիւնը երաշխաւորել ու քաղաքացիներուն ապահովութիւնը պաշտպանել:
Եւրոպական Միութիւնը կոչ ուղղեց Լիբանանին ինքնազսպումի ենթարկուելու` աւելցնելով, որ իրենց մօտ կայ Լիբանանի մէջ որդեգրուած պատժամիջոցներու գործիքակազմ մը, որ կրնայ գործադրուիլ:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ կ՛ուղղէ լիբանանցիներուն ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ բռնարարքներէ հեռանալու` կանխարգիլելու համար նախապատրաստուող սադրանքներուն գործադրութիւնը:
Էմնըսթի ինթըրնեշընըլ շեշտեց, որ Պէյրութի բախումները մտահոգիչ են, իսկ Լիբանանի իշխանութիւնները պէտք է յանձնառու մնան լիբանանցիներուն ապահովութեան: