«Թաջ Մահալ. հայուհին եւ Հնդկաստանի խորհրդանիշը» վաւերագրական ֆիլմը Մարտ 10-ին ներկայացուած է Հնդկաստանի մէջ ապրող հայերու ուշադրութեան:
Այս մասին կը հաղորդէ NEWS.am-ը, վկայակոչելով «Հայկական չափանիշ» կինոկեդրոնը: Հակադրութիւններու երկիր Հնդկաստանի ամենայայտնի խորհրդանիշը Թաջ Մահալն է, սակայն քիչերը միայն գիտեն` ով է իրականութեան մէջ այն կինը, որուն յիշատակին կանգնեցուած է սիրոյ այս տաճարը: Ինչպէ՞ս հայերը յայտնուեցան հեռաւոր այս վայրերուն մէջ` դեռ միջնադարուն ձեւաւորելով ամենաազդեցիկ համայնքներէն մէկը: Ինչպէ՞ս մահմետական Թաջ Մահալի պատերուն հարիւրաւոր խաչեր յայտնուեցան եւ ինչպէ՞ս երկու հայուհիներ դարձան հնդկական ամենաազդեցիկ կայսրերու ուղեկիցները:
Հնդկահայերու մոռցուած պատմութեան մասին բացառիկ մանրամասնութիւններ ներկայացնող ժապաւէնը «Հայկական չափանիշ» կինոկեդրոնին կողմէ ստեղծուող «Անծանօթ հայեր» ֆիլմաշարին մաս կը կազմէ:
Կը նախատեսուի ֆիլմը ցուցադրել նաեւ այլ սփիւռքահայ համայնքներու մէջ: