Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ 2021-2022 կրթական տարեշրջանը պիտի կայանայ` աւելցնելով, որ պետական դպրոցներու վերամուտը 27 սեպտեմբեր 2021-ին է:
Մաժզուպ յայտնեց նաեւ, որ անձնական դպրոցներուն վերամուտը պիտի կատարուի սեպտեմբերի աւարտին կամ հոկտեմբերի սկիզբին:
«Արգիլուած է դպրոցները փակ պահել, եւ որոշած ենք կրթական տարեշրջանը սկսիլ` ներկայութեամբ, դպրոցներուն, համալսարաններուն եւ կրթական հիմնարկներուն մէջ», ըսաւ ան:
Մաժզուպ հաստատեց, որ «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստներ ապահովուած են ուսուցիչներուն, իսկ առաջին եւ երկրորդ դասարանի աշակերտներուն համար ապահովուած է գրենական պիտոյք: