Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին դրդապատճառները քողազերծելու նպատակով բացուած հետաքննութեան շրջագիծին մէջ, Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Թարեք Պիթար, աւարտելէ ետք հարցաքննութիւնները եւ վկայութիւններ լսելու հանդիպումները, ճշդած է թուական մը` հարցաքննելու համար վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապը` իբրեւ ամբաստանեալ:
Տիապի հարցաքննութեան թուականը չէ յայտարարուած:
Միւս կողմէ, Պիթար Ընդհանուր դատախազութեան միջոցով նամակ մը յղած է խորհրդարանին` պահանջելով անձեռնմխելիութենէ զրկել Ալի Հասան Խալիլը (ելեւմուտքի նախկին նախարար), Ղազի Զաայթերը (հանրօգուտ շինութեանց նախկին նախարար) եւ Նուհատ Մաշնուքը (ներքին գործոց նախկին նախարար), որպէսզի կարենայ ամբաստանել զանոնք եւ հետապնդում կատարել:
Պիթար երկու նամակ յղեց Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքային` անկէ խնդրելով, որ արտօնեն Ալի Հասան Խալիլի ու Ղազի Զաայթերի հետապնդումը` նկատի ունենալով, որ անոնք իրաւաբաններ են:
Ան նամակ մը յղեց նաեւ Թրիփոլիի իրաւաբաններու սենտիքային` անկէ խնդրելով, որ արտօնեն հանրօգուտ շինութեանց նախկին նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի հետապնդումը` նկատի ունենալով, որ ան նոյնպէս իրաւաբան է:
Նոյն շրջագիծին մէջ, Պիթար նախարարաց խորհուրդէն պահանջեց հարցաքննել Պետական անվտանգութեան կառոյցի պետ հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպան, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմիէն պահանջեց արտօնել, որ իբրեւ ամբաստանեալ հարցաքննէ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը:
Պիթար պահանջեց հետապնդել նաեւ բանակի նախկին հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, բանակի գաղտնի սպասարկութեան նախկին տնօրէն գնդապետ Քամիլ Տահերը, ինչպէս նաեւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան նախկին գնդապետներ Ղասսան Ղարզէտտինը եւ Ժաուտաթ Օուէյտաթը:
Ընդառաջելով Պիթարի պահանջին` Մոհամետ Ֆահմի շեշտեց, որ ինք պիտի արտօնէ հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հարցաքննութիւնը, պայմանով որ այդ պահանջը օրինական կերպով ներկայացուի:
Միւս կողմէ, Ալի Հասան Խալիլ եւ Ղազի Զաայթեր յայտնեցին, որ իրենք Պիթարի պահանջին մասին լրատուամիջոցներէն իմացած են եւ պատրաստ են ներկայանալու հարցաքննութեան` նախքան խորհրդարանին կողմէ զիրենք անձեռնմխելիութենէ զրկելու որոշումին սպասելը, որպէսզի կարենան օժանդակել հետաքննութեան յառաջընթացին եւ ճշմարտութեան բացայայտումին: