ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Մանկութեանս կարդացած առաջին գիրքերէս` Ժիւլ Վեռնի «Աշխարհի շրջանը ութսուն օրուան մէջ» գիտաերեւակայական վէպին տպաւորութիւնը ապրեցայ Նիկոլ Փաշինեանի «Երկրի հակառակ կողմը» գիրքի ընթերցանութեան ընթացքին: Թէեւ հեղինակը մուտքի ծանօթագրութեան մէջ յայտնած է, որ այս գիրքը պարբերաբար տպագրուած է «Հայկական ժամանակ» օրաթերթին մէջ, 2008 թուականի մարտի մէկի արիւնալի դէպքերէն ետք, երբ թաքստոցի մէջ կ՛ապրէր: Սակայն այս կացութեան անտեղեակ ընթերցողը կը յանգի նաեւ նոյն եզրակացութեան, երբ Փաշինեանի երեւակայութեան թռիչքը կը շօշափէ տասնեակ մը էջեր կարդալէ ետք:
Յառաջաբանին մէջ Նիկոլ Փաշինեան այս հատորը կը նուիրէ մարտի մէկի տասը նահատակներուն` հաստատելով, որ այդ օրը « Մեծ օր էր, մեծ խիզախութեան, մեծ վախկոտութեան, մեծ գիտակցութեան, մեծ ապօրինութեան, մեծ վերածննդի, մեծ անկման, մեծ սիրոյ, մեծ ատելութեան, արեան եւ արցունքի, աղօթքի եւ նզովքի: Մարտի մէկը ազատութեան, օրինականութեան, ապագայի բախումն էր ամենաթողութեան, ապօրինութեան, անցեալի հետ»:
Ճամբորդական գրասենեակի մը ծրագրումի մակարդակով եւ աշխարհագրական մակերեւոյթներու ճշգրտութեամբ, ան կը կատարէ իր շրջապտոյտը` օգտագործելով ցամաքային, ծովային եւ օդային փոխադրամիջոցներ, երբեմն ալ` հետիոտն հատելով վտանգաւոր տարածքներ, Վրաստանի մէջ իր կացութեան ծանօթներ` «- Դու թուրի՞սթ ես, թէ՞ յանցագործ» կ՛արտայայտուին, երբ իր ապրումները կ՛արտայայտէ Փարւանա լիճին մօտ:
«Երկրի հակառակ կողմը» անուանումի գաղափարն է` դուրս գալ Երեւանէն եւ վերադառնալ նոյն կէտին, երկրագունդի ճանապարհորդութեան կլոր շրջանակ մը կատարելէ ետք: Սերպիական անցագիր մը «Բոյան» անունով ձեռք կը բերէ մակեդոնացի բարեկամի մը շնորհիւ, որուն երբ կը յայտնէ իր ծրագիրը` «Չէ՛, քո ծալը հաստատ պակաս է» կ՛արտայայտուի ան:
Փաշինեանին գրիչը սահուն է` նման իր խօսելու կարողութեան, հոն կը հանդիպինք` համամարդկային ցաւերու, տագնապներու, զրկանքներու, ախտագին վիճակներու, տարբեր ժողովուրդներու մէջ եւ տարբեր երկնակամարներու տակ: Ան ունակութիւնը ունի բարեկամութիւններ եւ մտերմութիւններ հաստատելու իր իջեւանած վայրերուն մէջ:
Շրջապտոյտի ընթացքին իւրաքանչիւր երեւոյթի նկարագրութեան հետ կայ անոր վերլուծական բաժինը, ուր կը ստեղծուի հոգեկան կապը անցեալի եւ բնօրրանի հետ` հայրենիքի եւ հարազատներու կարօտը արտայայտող զգացումներով, որ յաճախ կ՛առթէ ընթերցողին յուզումը: Փաշինեան կը հաստատէ նաեւ իր համընդհանուր գիտելիքները եւ իր զարգացման բնագաւառները` պատմութեան, գրականութեան, արուեստներու եւ մշակութային ոլորտներու ներկայացումով:
Ժիւլվեռնեան երեւակայութեան տպաւորիչ պատում մըն է` Ճափոնցի գիւտարարի մը հետ իր հանդիպումը գիշերային զբօսավայրի մը մէջ: Իր գիւտարարութեան ընթացքին, պատահարի մը պատճառով մարդամեքենայ կազմող գիտնականը գժտուած է կնոջը եւ շրջապատին հետ, ան շաբաթավերջի արձակուրդէն վերադարձին` երկուշաբթի առաւօտուն գործատեղիին մէջ պատրաստած երեք մարդամեքենաներու կողքին, չորրորդ մը կը տեսնէ: Պատճառը` առաջին երկու մարդամեքենաները դիտած էին երրորդը կազմելու գործողութիւնը, գիտնականին բացակայութեան անոնք օգտագործելով մարդամեքենայ կազմող կտորները` ծնունդ կու տան չորրորդի մը:
Ճանապարհորդութիւնը նկարագրելու ընթացքին Փաշինեան լայն տեղ յատկացուցած է իր նախասիրութիւններէն մէկուն` քիմքի ճաշակին, որուն հաւատարիմ սիրահարը ըլլալու փաստերը կու տան իր խոհարարական կարողութիւնները, հարազատ պատկերները` պատրաստութեան ձեւին, համի եւ բուրմունքի պատկերաւոր նկարագրութեամբ, շարժելով նաեւ ընթերցողին ախորժակը, միշտ կապը ստեղծելով հայրենիքի խոհանոցին հետ: Յիշարժան է իր նկարագրութիւնը Հայաստան վերադարձին, երբ ինքնաշարժին պատուհանը բանալով` լաւաշի բուրմունքին գինովութիւնը կ՛ապրի:
Վարչապետի ճառերուն մէջ ծանօթ զուարթախոհութիւնը, տեղ ունի նաեւ իր գրականութեան մէջ, երբ նիւթական ապահովելու համար բարեկամի մը պարտքը պիտի հատուցէ Սորոսէն ստացած վճարագիրով (չեք):
Առհասարակ հայրենի քաղաքական կեանքին եւ մամուլի մէջ յայտնուող օտար բառերը կը վխտան նաեւ այս հատորին մէջ, ինչ որ խորհրդածութեան առիթ է, որ թաւշեայ յեղափոխութիւնը պէտք է հասնի նաեւ մեր Ոսկեղինիկի փրկութեան:
Ականջալուր եղայ, որ այս գիրքը սպառած է արդէն հայրենի գրախանութներուն մէջ, երեւոյթ մը, որ կը յիշեցնէ խորհրդային տարիներուն տասնեակ հազարներու հասնող տպաքանակներով հրատարակուած հատորներէն ստանալու համար մարդկային երկար հերթերը: Անկասկած որ Փաշինեանին հեղինակած այս սպառած հատորը ընթերցանութեան պիտի արժանանայ հասարակութեան կողմէ` ճանչնալու համար գրագէտ վարչապետը:
Ժընեւ