ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Շտեմարան գիտելեաց են Թէոդիկի «ՏԱՐԵՑՈՅՑ»-ները: Եթէ ակնկալելի չէ, որ ժողովրդական զանգուածները կարդան անոր էջերը, գէթ մաղթելի պիտի ըլլար, որ ազգի առաջնորդութեան կոչուածներ եւ ինքնակոչներ երբեմն հիւր ըլլան Թէոդիկի տուն` «Տարեցոյց»-ներուն:
Այդ ընել` Յակոբ Պարոնեանի հետքերով, որ անցեալը դիտելով` ապագան կրնանք տեսնել:
«Տարեցոյց»-ի 1916-1920 հատորի 269-րդ էջին վրայ ՆԱՄԱԿ ՄԸ կայ` ստորագրուած «ՀՀ կրթութեան եւ արուեստի մինստր Նիկօլ Աղբալեան»: Նոյնութեամբ կ՛արտագրեմ այդ նամակը, որպէսզի մեր ժամանակակիցները առիթ ունենան տեսնելու եւ հասկնալու համար, որ ներկայի խառնակութիւններէն տարբեր` ազգաշէն այլ կեցուածքներ եղած են եւ կրնան ըլլալ:
Հ.Հ.
ՄԻՆԻՍՏՐ ՀԱՆՐ. ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ
Մեծարգոյ
Պ. Փանոս Թէրլէմէզեան
Nօ 2737
…Պրն. Թէոդիկի եւ իր գրադարանի փոխադրութիւնը Երեւան` ինքս անձամբ ցանկալի եմ համարում: Ես կ՛աշխատիմ որ եւ է կերպով կապել Թէոդիկը` Հանրային մատենադարանին հետ եւ կը յայտնեմ Ձեզ հետեւանքի մասին: Խնդիրը դժուարանում է, այն պատճաօով որ Հանր. Մատենադարանը դեռ շէնք չունի: Գուցէ յաջողիմ Թէոդիկին նշանակել Մատենադարանի առժամեայ գործակալ Պօլսում, ընդունելու նուէրներ, ձեռք բերելու գրքեր, պատկերներ, ձեռագրեր եւայլն, մինչեւ յարմարութիւն ստեղծւի փոխադրւելու Երեւան: Ասում եմ«գուցէ», որովհետեւ ամեն նոր վարկ պէտք է Պարլամենտի հաւանութիւնն ստանայ, իսկ դրա համար ժամանակ եւ ջանք պէտք է: Յամենայն դէպս, ես կողմնակից եմ արեւմտահայ ուժերին երկիր հաւաքելու, եւ այս նկատումով կ՛աշխատիմ Թէոդիկին էլ տեսնել Երեւան` մի համապատասխան ազգային հիմնարկութեան մէջ:
18 Սեպտեմբեր1919 թ.
Հանր. Կրթութեան եւ Արուեստի Մինիստր
Նիկոլ Աղբալեան
Այս նամակը գրուած է հարիւր տարի առաջ: Իր պարզութեամբ ան խտացումն է ազգային հեռանկարային ըմբռնումի մը, զոր կրնանք կոչել տեսութիւն, ռազմավարութիւն, քաղաքական վարդապետութիւն` մեր ազգի միացման եւ վերականգնումին համար: Ապա կրնանք հարց տալ մենք մեզի, ներսը եւ դուրսը, թէ ո՛ւր կը գտնուինք Նիկոլ Աղբալեանի միտքին յարաբերաբար, երբ կը բաղդատենք մեր զանազան ելոյթները, յայտարարութիւնները, խորհրդաժողովներու եզրակացութիւնները:
Ա. հանրապետութեան դժուար օրերուն կրթութեան եւ արուեստի նախարարը կը նպատակադրէ` «արեւմտահայ ուժերին երկիր հաւաքել»: Ոչ ոք կ՛անգիտանայ այն պարզ իրողութիւնը, որ ուժերու տարտղնումը ի վերջոյ աղէտ է այդ ուժերուն համար եւ կորուստ` հայրենիքին:
Նիկոլ Աղբալեան կ՛ուզէ Թէոդիկը Հանրային մատենադարանին հետ կապել: Մասնակի պարագայ մը թէեւ, որ այլ բան կը յուշէ. հայկական կարողութիւնները խմբել Հայաստան` ուժ ստեղծելու համար: Եւ կը խօսի յարմարութիւններ ստեղծելու մասին, որպէսզի Թէոդիկ կարենայ Հայաստան գալ, հաստատուիլ եւ գործել: Այսօր ո՞վ կը մտահոգուի Թէոդիկներու Հայաստան վերադարձով եւ անոնց առջեւ գործի դաշտ բանալու, հաւաքական ուժ ստեղծելու հարցով: Այսօր իրականութիւնը այն է, որ հին եւ նոր Թէոդիկներ տուրիստներ են, անոնցմէ աւելին սպասող չկայ, անոնք ալ գոհ են զիրենք չանհանգստացնող այս կացութենէն:
Նիկոլ Աղբալեանի միտքը արեւմտահայ ուժերը երկիր հաւաքելու ազգային գաղափարախօսութեան համար առանցքային նշանակութիւն ունի: Արդարեւ, այդ արեւմտահայ ուժերը, այսօր կրնանք ըսել` արեւմտահայոց սփիւռքի ուժերը, դատապարտուած են, կամայ թէ ակամայ, գունաթափման, շրջապատի մշակոյթներու հզօր ազդեցութեան տակ եւ անտիրութեան պատճառով, քանի որ անոնք սա կամ նա ձեւով ստիպուած են սիրողական (amateur) ըլլալ, քանի որ իրենցմէ կը պահանջուի, ուղղակի կամ անուղղակի կերպով, համարկուիլ միջավայրին, մերուիլ, intégré ըլլալ, աշխատանքի ժամերէն ետք զբաղիլ ազգով եւ անոր մշակոյթով:
Հայկական դասական սփիւռքը ոչ թէ պատշաճեցումներու պատճառով նոյնը չէ, այլ հոգեբարոյական եւ մշակութային փոփոխութիւն կրած է եւ կը կրէ Հայաստանէն տեղի ունեցած եւ շարունակուող աղէտ-արտագաղթի պատճառով: Այս նոր սփիւռքը շարունակութիւն չէ նախկին եղածի, այլ կամաւոր խզում է, նոյնիսկ երբ գիտէ լեզու եւ ունի մշակոյթ: Ան հայրենատիրութեան ազգային գաղափարականութեան հակասութիւնն իսկ է: Պարզ ողջախոհութիւնը կ՛ըսէ, որ ազգ եւ հայրենիք կը պահուին ողջերով եւ ներկաներով, իսկ հայրենալքում-արտագաղթը յոռեգոյն օրինակն է դասական սփիւռքին ազգային-քաղաքական տոկալու եւ տեւելու իտէալը հակասող, բացասական օրինակ:
Այսօրուան ազգային իրաւ ըմբռնում ունեցող քաղաքական ղեկավարը ի հարկէ պէտք է մտածէ Նիկոլ Աղբալեանի պէս, «արեւմտահայ ուժերին երկիր հաւաքելու» մասին, այլ նաեւ` եղած ուժերը չկորսնցնելու մասին: Արդարեւ, արտագաղթողը դասական սփիւռքին երազը չունի, որ վերադարձն էր, այսօր` նոյնիսկ տժգունած: Պէտք է գիտնալ, օրինակ, որ Հայաստան ներդրում կատարած է իր իւրաքանչիւր մտաւորականին, ճարտարագէտին եւ արուեստագէտին համար, որոնց հայրենալքումը պետութիւնը կը զրկէ իր ներդրումէն: Բացի թեթեւ զգացականութենէ` հոգեբարոյական ոչ մէկ զուգահեռ կայ եւ կրնայ ըլլալ դասական սփիւռքի եւ արտագաղթ-հայրենալքում նոր յառաջացող սփիւռքի միջեւ: Հայ քաղաքական միտքը այս խնդիրը ըստ արժանւոյն խոր վերլուծման չ՛ենթարկեր, աւելի ճիշդ` ինքնախաբէութեամբ չ՛ուզեր այդ ընել:
Պիտի գտնուի՞ ժամանակակից Նիկոլ Աղբալեան մը, որ խօսի եւ ծրագրէ «արտագաղթած ուժերին երկիր հաւաքելու» մասին:
Ի վերջոյ, պարզ չէ՞, որ երկիր մը մարդոցմով կը դառնայ հայրենիք եւ ազգի հայրենիք: Մարդոցմով, որոնք իրենք զիրենք տէր եւ պատասխանատու կը համարեն:
Եւ Նիկոլ Աղբալեանի միտքի հետքերով երբ կ՛ընթանանք, կը գտնենք ուժերու ներգրաւման այսօրուան եւ վաղուան պատմաքաղաքական վարդապետութիւնը, զոր կարելի է բնորոշել մէկ պարզ բառով` հայրենատիրութիւն, որ ճառ չէ, սովորական իզմ եւ իստ չէ, քանի որ Քամչաթքա կամ Պեւըրլի Հիլզ նստած մնալով` հայրենատիրութիւն կարելի չէ խաղալ: Ներկայութեան ուժը կարեւոր է, յուզող եւ յուզիչ` սահմանին համար, բայց նաեւ` տնտեսութեան, ան ըլլայ հող թէ գործարան, ան ըլլայ գիտութիւն թէ մշակոյթ: Այս ըմբռնումով կրնանք ընել մեր ազգի իսկական մարդահամարը` ըսելու համար, թէ ո՛վ Ռիւպիքոնի այս կողմը կամ այն կողմը կը գտնուի:
Նիկոլ Աղբալեանի «արեւմտահայ ուժերին հաւաքել»-ու առաջադրանքը հեռանկարային իմաստ ունեցող հայրենադարձութիւնն է: Ինչպէ՞ս, ի՞նչ միջոցներով: Հարցումին պատասխանը այնքա՜ն բնական կը թուի. ի՞նչ բանի համար են ներսի եւ դուրսի ղեկավարութիւնները:
Եթէ պատասխան չունինք այս հարցումին, հասկնալու համար մեր տատանումները, հաւանօրէն քաջութեամբ պէտք է վերստին կարդանք Կոմիտասի խօսքը ապիկարութիւններու մասին:
Ներհուն եւ անխարդախ մտաւորական Նիկոլ Աղբալեանի «ուժերին հաւաքել»-ը եթէ առանց ճապկումներու այսօ՛ր չորդեգրենք, Հայաստանէն մինչեւ Եւրոպա, Ամերիկաներ, Ճափոն, Աւստրալիա եւ Նոր Զելանտա, վաղը ուշ կ՛ըլլայ, եւ օր մը պատմաբան մը կու գայ հաստատելու համար, որ աշխարհի այսինչ անկիւնը եղած է Հայաստան կոչուած պետութիւն մը, մոլորակի հեռու եւ մօտ վայրերուն մէջ եղած են հայեր, որոնք չկան, որ ամերիկացիներուն, ճափոնցիներուն, ֆրանսացիներուն մէջ կան հայկական ծագումով մարդիկ:
Հիմա գիտնականները մարդոց ADN-ը ուսումնասիրելով` կրնան ըսել, թէ անոնք ի՞նչ ծագում ունեցած են, ուրկէ եկած են:
Եթէ չլսուի Նիկոլ Աղբալեանի ուժերը հաւաքելու կոչը…
Ուժը նախապայմանն է հայրենատիրութեան, որ կ՛ըլլայ ներկաներով:
Կոմիտաս միայն երգ չէ, մարդ է եւ հայ: Կոմիտասի սրտի խօսքը պէտք է կրկնել ոչ որպէս ճառի զարդարանք. Խորենացին թող ելլէ՛ արիւնաքամ հողին տակէն եւ ողբայ մեր խակերու սիրտն ու հոգին, միտքն ու գործը:
Խակերը կ՛ապրին անմիջականով: Կ՛ըսեն` լաւ ապրելու իրաւունք:
Իսկ Ազգը ապրելու համար կարիք ունի դարերու խորքէն եկող եւ դարերէ անդին ուղղուող ոգեկանութեան:
Այդ նպատակին համար Նիկոլ Աղբալեանի խօսքը` «ուժերը հաւաքել»-ու իսկական քաղաքական-գաղափարախօսական անշրջանցելի առաջադրանք է:
(Շար. 4 եւ վերջ)