Իշխանութեան գալէ տասնմէկ տարի ետք, վարչապետ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը առաջին անգամ ըլլալով որոշում մը բեկանելու հարկադրութեան տակ կը գտնուի այս օրերուն: Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս սկսան Թուրքիոյ ընդվզումները:
Թաքսիմը կազմակերպուած ժողովրդային շարժում մը չէր: Հաւաքները սկսան, երբ կառավարութիւնը որոշեց հանրախանութի վերածել Թաքսիմ հրապարակին մէջ գտնուող զբօսավայր մը: Մէկ քանի վրաններու տակ սկսած խորհրդանշական նստացոյցը ապահովութեան ուժերուն դիմած վայրագութիւններուն հետեւանքով ստացաւ համաժողովրդային բնոյթ: Բողոքի ալիքը Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ կայծակնային արագութեամբ տարածուելու փաստը բաւարար է եզրակացնելու, թէ ընդվզումները շատ աւելի խորունկ պատճառներ կ’ընդգրկեն, քան՝ հանրախանութ մը կառուցելու դէմ առարկութիւնները: Յատկանշական այլ փաստ մը եւս՝ ցոյցերուն մասնակիցները յայտնապէս տարբեր քաղաքական հայեացքներ ունեցող երիտասարդներ, կանայք, ֆութպոլի խումբերու անհշատ համակիրներ, աշխատաւորական սենտիքաներու անդամներ, համալսարանականներ, աշխատաւորներ եւ մտաւորականներ են: Քաղաքական տարբեր կուսակցութիւններու հետեւորդներ: Թաքսիմը համաժողովրդային բողոքի արտայայտութիւն է: Տարբեր քաղաքներու մէջ միաժամանակ բարձրացող ընդվզումի ալիքը, եւրոպական եւ ասիական կողմերէն երիտասարդութեան մասնակցութիւնը , կը վկայեն, թէ սովորական հանրախանութի մը նպատակով չեն համախմբուած անոնք, կամ միացուցած իրենց ձայնը: Սովորական քանի մը ծառ հատելու պատճառով բողոք մը չէր, այլ՝ Էրտողանի դէմ համատարած զայրոյթի արտայայտութիւն:
Թաքսիմ հրապարակէն բարձրացող ընդվզումը Թուրքիոյ աշխարհիկ եւ իսլամական բեւեռներուն հերթական բախումն է: Էրտողանի բռնատիրական քայլերուն, իսլամը անուղղակիօրէն պարտադրելու, «աշխարհիկ» Թուրքիոյ արժէքներուն դէմ հետեւողական կաշկանդումներուն, ոգելից ըմպելիներու վաճառքը արգիլով օրէնքին դէմ հակազդեցութեան հետեւանք էր: Վարչապետը հասկացողութիւն ցուցաբերելու փոխարէն բրտութեամբ պատասխանեց խաղաղ ցուցարարներուն, զանոնք անուանելով ծայրայեղական, դուրսէն հրահրուած տարրեր, կողոպտիչներ: Ան սպառնած՝ հարիւր հազարներուն դէմ միլիոնաւոր համակիրներով ողողել պողոտաները: Լրատուական գործակալութիւններ մինչեւ իսկ կը հաստատեն կենդանի փամփուշտ արձակելու փաստ: Արտաքին գործօններ մեղադրելով պատասխանատուութենէ խուսափիլ, կը նշանակէ թէ Էրտողան լաւապէս չէր ընկալած ժողովուրդին պատգամը:
Բոլորին ծանօթ է նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւններուն Էրտողանի յաւակնութիւնները: Սահմանադրութիւնը այժմէն փոփոխութեան ենթարկելու եւ նախագահին իրաւասութիւնները ընդլայնելու Էրտողանի միտումները պարզ են ժողովուրդին: Նախագահին իրաւասութիւնները ընդլայնելով, Էրտողան իրաւասութիւններու լայն դաշտ մը կ’աշխատի ստեղծել իր առջեւ՝ 2014-ի նախագահական ընտրութիւններէն ետք:
Էրտողան ինքզինք հռչակած է Օսմանիզմի ժառանգորդը: Ան կը փորձէ վերականգնել Սուլթան Սելիմ Երրորդի օրօք կառուցուած «Սելիմիյէ»ի զօրանոցը, փոխարէնը քանդելով Աթաթուրքի անունը կրող մշակոյթի պալատը: Բողոքողները կը յայտնեն, թէ Էրտողան իր սեփական խաղավայրին վերածած է Իսթանպուլը: Նախքան Թաքսիմի որոշումը, ան քանդեց Էմէքի պատմական շարժանկարի սրահը, որպէսզի նոր կամուրջով մը միացնէ Թուրքիոյ անատոլիական եւ եւրոպական շրջանները: Կամուրջը պիտի կրէ աւելի քան երեսուն հազար ալաուիներ կոտորած սուլթանի մը անունը: Ալաուիները կը կազմեն Թուրքիոյ բնակչութեան քսան առ հարիւրը..: Սուրիոյ դէմ մագլցող լարուածութիւնը պատերազմի մտավախութիւն ստեղծած է ժողովուրդին մօտ:
Փակագիծերու մէջ, անպայման օսմանեան արժէքները վերակենդանացնելու յաւակնող վարչապետին կ’ուզենք յայտնել, թէ Սուլթան Սելիմ Երրորդը հայկական գերեզմանոց մը քանդելով կառուցած է Թաքսիմի այսօրուան այգին: Էրտողան պատրաս՞տ է վերականգնելու Թաքսիմի հայկական գերեզմանոցը…:
Մամուլը եւ լսատեսողական միջոցներու մեծամասնութիւնը Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան ազդեցութեան տակ մնալով, անհամեմատ ուշ արձագանգեցին Թաքսիմի եւ այլ քաղաքներու զարգացումներուն: Անոնց մօտ կորսուած է ճշմարտութիւնը արտայայտելու յանդգնութիւն: Իշխանութիւնները նաեւ կը քօղարկեն սպաննուածներու փաստը: Լսատեսողական աղբիւրները մանրամասնօրէն կը ցուցադրեն Էրտողանի ելոյթները, բողոքի հաւաքները՝ ոչ: Իսթանպուլ եւ այլ քաղաքներ կ’այրին, հեռատեսիլը կը ցուցադրէ ճաշ պատրաստելու հաղորդումներ: Մէկ ապացոյց եւս, որ կառավարութեան հակակշիռին տակ կը գտնուին լսատեսողական միջոցները:
Իշխանափոխութիւն դժուար թէ տեղի ունենայ այս հանգրուանին, սակայն կասկածէ վեր է, որ լարուածութիւնը հետզհետէ կը խորանայ իսլամ արմատականներու եւ աշխարհիկ քեմալականներու միջեւ: Թաքսիմի հրապարակը կը տարբերի Գահիրէի Թահրիր հրապարակէն: Սակայն մթնոլորտը կը մնայ մտահոգիչ: Բողոքի արտայայտութիւններուն շարունակութիւնը ինքնաբերաբար պիտ ազդէ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու Թուրքիոյ յոյսերուն, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան մարզին վրայ:
Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ ժողովորդին հակազդեցութիւնը աւելի մտահուիչ եզրակացութիւններու տեղիք կրնայ տալ Էրտողանին, քան քուէատուփերու միջոցաւ ապահոված բռնատիրական մեծամասնութիւնը:
Սուրիոյ ծանօթ միջադէպերուն ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետը իր «եղբօր» Պաշշար Ասատին յաճախ կը դիմէր՝ լսելու խաղաղ ցուցարարարներու պահանջները: Այսօր, Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր պետութիւնները միեւնոյնը կը պահանջեն Էրտողանէն՝ լսել ժողովուրդին արդար պահանջները: Էրտողանին կը մնայ անսալ իր ժողովուրդին պահանջներուն եւ ժողովրդավարութեան դասեր չտալ այլոց:
Եթէ Թահրիրը կը խորհրդանշէ Միջին Արեւլքի եւ հիւսիային Ափրիկէի ժողովուրդներուն ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան կամքը, Թաքսիմը կրնայ դառնալ թրքական Թահրիրը:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ