ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ազատութիւն»․- «Իրան Արցախի հակամարտութեան ամէնէն մօտիկ երկիրն է, եւ Թեհրանի համար այդ հակամարտութեան կարգաւորումը շատ կարեւոր է` երկրին ապահովութեան նկատառումներով», 26 Յունուարին ըսաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպումէն ետք։
«Իրան մեծ ջանքեր ներդրած է իրավիճակէն դուրս գալու համար եւ շատ ուրախ ենք, որ Ռուսիոյ ջանքերով գտնուեցաւ հարցի լուծումը, որ ընդհանրապէս նման է այն կարգաւորման, որ մենք կ՛առաջարկէինք», աւելցուց Զարիֆ:
Զարիֆ Մոսկուա ժամանեց Պաքուէն, ուր հանդիպումներ ունեցաւ ղեկավարութեան հետ` յայտարարելով, թէ Իրան պատրաստ է մասնակցելու պատերազմին հետեւանքով Ատրպէյճանի «ազատագրած» տարածքներուն վերականգնումին:
Զարիֆի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Լաւրով ընդգծեց, որ յառաջիկային եւս Արցախ պիտի մնայ Ռուսիոյ ուշադրութեան առարկայ եւ շեշտեց, թէ կասկած չկայ, որ Իրան պիտի միանայ տարածաշրջանի տնտեսական զարգացման ուղղուած նախագիծերուն:
Նշենք, որ ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը, իր տեղեկութիւնը քաղելով Արտեպիլի նահանգապետի մէկ յայտարարութենէն՝ կը հաղորդէ, թէ Իրանի հիւսիս-արեւմտեան Արտեպիլ նահանգի Փարսապատ շրջանին մէջ շուտով պիտի սկսի երկաթուղային անցակէտի շինարարութիւնը:
Զարիֆ Մոսկուայէն մեկնեցաւ Հայաստան․ ան իր շրջապտոյտի ծիրին մէջ նաեւ Վրաստան եւ Թուրքիա պիտի այցելէ ։