Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնեց. «Արեւմուտքի հետ հիւլէական համաձայնութեան վերաբերեալ հիմնական հարցերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացաւ, եւ Վիեննայի մէջ հիւլէական համաձայնութեան շուրջ բանակցութիւններուն մէջ որեւէ անել գոյութիւն չունի, եւ պիտի չարտօնենք անոր անտրամաբանական երկարաձգումը կամ աճապարումը»:
«Վիեննայի մէջ բանակցութիւններու այս փուլը կրնայ աւարտը ըլլալ, եթէ բոլոր հարցերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնենք», ըսաւ ան:
«Սէուտական Արաբիոյ հետ բանակցութիւնները պատշաճ մթնոլորտի մէջ կ՛ընթանան, եւ հետագային արդիւնքները պիտի յայտարարենք, սակայն նախնական փոխադարձ հասկացողութիւնները դրական են», յայտնեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Իրանցի աւագ բանագնաց Ապպաս Արաքժի երէկ յայտնեց. «Վիեննայի մէջ բանակցութիւնները բարդ են, եւ հասանք տարակարծութեան նիւթ եղող գլխաւոր հարցերուն: Թերեւս անհրաժեշտ ըլլայ պատուիրակութիւններուն` իրենց երկիրներու մայրաքաղաքներ վերադարձը` յաւելեալ քննարկումներ կատարելու համար»:
«Վստահ չեմ, եթէ Վիեննայի բանակցութիւններու ներկայ փուլին կրնանք արդիւնքի հասնիլ», ըսաւ ան: