Յարութիւն Իսկահատեան – Պէյրութ-ՊԱՅՔԱՐ -295
Հայկական իրականութեան մասին հանրագիտարանային «Տարեգիրք»երու կազմող եւ հրատարակիչ Թէոդիկ(Թէոդորոս Լափճինճեան), Ա. Համաշխարհային պատերազմի Զինադադարէն ետք, Կ. Պոլիս եկող հայերէն քաղելով եւ իբրեւ աղբիւր` օգտուելով Հայկ Աճեմեանի “Թիւրքահայ Աղէտը” գործէն, տեղեկագրական բնոյթ ունեցող փոքրածաւալ բայց կարեւոր երկ մը պատրաստած է՝“Գողգոթա – Թրքահայ Հոգեւորականութեան Եւ Իր Հօտին Աղէտալի 1915 Տարին (Նոր Ղեւոնդեանք)” խորագիրով, որ լոյս տեսած է իբրեւ մատենաշար Ապրիլեան Եղեռնի թիւ 12, տպարան Կաթողիկոսութիւն Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, 1966, 36 էջ:
Գիրքին առաջին քանի մը էջերուն մէջ հեղինակը Վասպուրական աշխարհի եւ Վան քաղաքի մասին լայն տեղեկութիւններ կու տայ: Ապա կ’անցնի 1915-ի շրջանին եւ յետոյ` Վանի մէջ պատահած դէպքերուն:
1915-ի գարնանամուտին Վանի շրջակայքը` Բէլուիի, Աթանանի, Կարկառի, Ատիլճեվազի, Թիմարի եւ այլ գիւղերու մէջ ցաւալի պատահարներ տեղի կ’ունենան: Թուրքեր ու քիւրտեր հայոց դէմ ոտնձգութիւններ կը կատարեն: Քանի մը հայեր կը սպաննուին ու կը վիրաւորուին: Ասոնց առընչութեամբ նահանգին Օսմանեան խորհրդարանի երեսփոխան (մեպուս) Վռամեանը եւ ուրիշներ դիմում կը կատարեն անոնց ամենուն պատասխանատու եւ հրահանգիչ` կուսակալ Ճեւտէթի (Էնվեր փաշայի քեռայրը): Հայերը գերագոյն ճիգեր կը գործադրեն յաւելեալ զարգացումներու առիթ չտալու համար: 3 Ապրիլ 1915-ին Ճեւտէթ նենգութեամբ ու դաւադրութեամբ սպաննել կուտայ Իշխանը (կովկասահայ Նիկողոս Միքայէլեան) իր երեք ընկերներով: Ասոր կը յաջորդէ Վռամեանի կանչուիլը, գիւղը տարուիլը, նաւ դրուիլը եւ Վանէն անհետանալը, որմէ ետքՎռամեան Բաղէշ կը տարուի եւ քաղաքէն դուրս կը սպաննուի:
Վանի մէջ հայոց հորիզոնը կը մթագնի, սակայն պայքարոի կորովը տիրական կ՛ըլլայ: Այգեստանի մէջ խումբ մը երիտասարդներ կը սկսին դիրքեր կանգնել խմբապետ Տիգրանի ջանքերով: Արամ Մանուկեանը եւ Արմենակ Եկարեանը ամէն տեղ են ու կը հրահանգեն պատրաստ գտնուիլ որեւէ դաւադրական արարքի մը դէմ դնելու: Արամ Մանուկեան Իտալիոյ Վանի հիւպատոսին` Սպորտօնիի եւ ամերիկացի միսիոնար` բժիշկ Ըշըրի, Վանի Քաղաքական Ժողովի ատենապետ Գէորգ Ճերեղեանի եւ առեւտրական Աւետիս Թերզիպաշեանի հետ Ճեւտէթին կը դիմէ, պարզելու անել կացութեան մանրամասնութիւնները: Պատգամաւորութիւնը ձեռնունայն կը վերադառնայ Ճեւտէթի քովէն:
Արմենակ Եկարեան, Արամ Մանուկեան եւ Պուլկարացի Գրիգոր (Գրիգոր Մերճանոֆ) կը սկսին Վանի դիմադրութեան գործը: Վանի մէջ զինուորական մարմին մը կը կազմուի վերոնշեալ երեքին եւ Կայծակ Առաքելի մասնակցութեամբ, որուն նաեւ օժանդակ մարմիններ կը կազմուին:Հայ մարտիկները թիւով քիչ եւ սակաւաթիւ զէնքերով ու փամփուշտներով, 28 օր անդադար հերոսամարտ կը մղեն անարգ թշնամիին դէմ յանուն հայոց կեանքին, պատիւին եւ օճախին փրկութեան: Վան քաղաքի տասը քահանաները “Ղեւոնդեանց արշաւ” կը մղեն պատերազմի դաշտին վրայ, դիրքէ դիրք շրջելով եւ քաջերը խրախուսելով:
Վանի շրջակայ գիւղերու գաղթականներու հոսանքները Այգեստան կը հասնին: Անոնց կերակրելու համար սնունդի հարց կը ծագի: Բանտը գտնուող հնչակեան հինգ գործիչներ թուրքերու կողմէ հոն կը մորթուին: Վանի մերձակայ գիւղերը հուրի ու սուրի կը մատնուին:
Վանի հերոսամարտը կը տեւէ մինչեւ 3 Մայիս 1915, երբ թուրքերը կը փախչին: Երեք օր ետք ռուսական բանակը հայ կամաւորներուն հետ Վան կը մտնէ: Արամ Մանուկեան նահանգապետ կը կարգուի: Այս դրութիւնը կը տեւէ եօթանասուն օր միայն: Ռուսական բանակը Վանէն նահանջելու հրաման կը ստանայ: Պատուհասը այդ վայրկեանին կը սկսի: Վանեցիները գաղթի ճամբան կը բռնեն: Անոնց ուղեւորութիւնը եղերական կը դառնայ, որոնցմէ շատեր ճամբան կ’իյնան: Սահմանը կարենալ անցնողները կը տարածուին Էջմիածին եւ Թիֆլիս: Այդ վայրերուն մէջ հիւանդութենէ բազմաթիւ հայեր կը մահանան: Կարաւանին տասնըհինգ քահանաներէն տասը կը վախճանին գաղթի ճամբուն վրայ: Հայերը բնաջնջելու թրքական այս ծրագիրը շատ լաւ ծրագրուած էր: Թուրք պատասխանատուները կուսակալ Ճեւտէթի գլխաւորութեամբ, նախապէս պատրաստած էին քիւրտ աշիրեթապետները այս աղտոտ ոճիրներուն համար:
Թէեւ Վասպուրական աշխարհի բոլոր հայկական գիւղերը ջարդ ու սարսափ կը կրեն, ինչպէս Արտամէտ, Կողպանկ, Լէզք (տեսնել Սուրէն Աբրահամեանի “Վանից Դեթրոյթ, Հայկական Ցեղասպանութիւնից Մազապուրծ”, էջ 212), սակայն անվեհեր դիմադրութիւն ցոյց կու տան, ինչպէս Թիմար գիւղը որ թուրք թշնամիին եւ քիւրտ խուժանին դէմ կը դնէ: Բերկրիի քսանհինգ տուն հայութիւնը անհաւասար կռիւի մէջ կը բնաջնջուի: Արճէշի եւ շրջակայ գիւղերուն` Ականցի, Բանոնի, Ասրաֆի եւ Բերդաշի հայերէն շատերը կը սպաննուին եւ կամ տարագրութեան ճամբուն վրայ կ’իյնան: Ատիլճեվազ գաւառը ընդհանուր ջարդ կը կրէ 6 Ապրիլ 1915-ին: Նորշնչուզ գիւղէն քառասուն այրեր Մանազկերտ կը փախչին եւ Գըզըլ Եուսիֆ գիւղը կ’ապաստանին: Ատիլճեվազի կառավարիչը երբ ասիկա կ’իմանայ, զանոնք իսկոյն սպաննել կու տայ: Հայոց Ձոր գաւառակի Անկշտանց, Էրեմերի եւ Աստուածաշէն գիւղերը կոտորածներ կը տեսնեն, սակայն դիմադրութիւն ալ ցոյց կու տան, որու շնորհիւ բազմաթիւ հայեր փախուստ տալով գիւղերէն իրենց կեանքը կը փրկեն: Նոյնպէս Կէմ եւ Անգղ գիւղերը կը դիմադրեն:
Նշանաւոր կը հանդիսանան Իշխանի Գոմ գիւղի կտրիճները եւ անոր քահանան` Տէր Յակոբը իրենց դիմադրութեամբ: Հայոց Ձորի Քերծ, Պլթենց եւ Նոր Գիւղ գիւղերը բախտակից կը դառնան միւսներուն: Գաւաշ գաւառի Բէլու գիւղը դիմադրելէ ետք բազմահազար թուրքերու եւ քիւրտերու, մոխրակոյտի կը վերածուի: Նոյն ճակատագիրը կ’ունենան Գանձակ, Վառենց, Նոր Գիւղ, Մոխրաբերդ (հերոսական դիմադրութենէ ետք մոխրակոյտ կը դառնայ, տեսնել հատորաշարքիս` “Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան” Գ. Գիրքի էջ 263, Մխիթարեան Սերովբէ, «Մոխրաբերդի Ճակատամարտը»,-Յ.Ի.) եւ Ընձակ գիւղերը: Նարեկ գիւղի քահանային եւ Գաւաշի երէցներուն հերոսութիւններուն մասին տեսնել “Աղբակի Առաջնորդ Վահրամ վրդ. Կանաչեանի Կենսագրութիւնը” գիրքին էջ 32-ի վրայ: Կռիւն ու նախճիրները պակաս չեն ըլլար Կարճկան գաւառին մէջ:
Արճակ գաւառի Պողազ Քէսէն գիւղի հայութիւնը 26 Նոյեմբեր 1914-ին կը ջարդուի: Երբ ապրիլեան ընդհանուր ջարդերը կը սկսին, Արճակն ալ 180 տուներով բնաջինջ կ’ըլլայ: Խարակոնիս գիւղը կը դիմադրէ, սակայն երկար չի դիմանար ու կը կոտորուի եւ կը բռնագաղթեցուի: Նաբաթ, Սեւան, Զառանց, Մանտան եւ Լիմ գիւղերը սրածութիւն ու աւեր կը տեսնեն:Սարայ գաւառի Ախոռիկ, Հասան Թամրան, Առզարիկ եւ Սաթմանց գիւղերը 1914-ի Դեկտեմբերին կը ոչնչանան: Եղերական մահ կ’ունենայ Քարաձորիկ գիւղի երիտասարդ երէցը` Վարդան քահանան, որ քիւրտերուն ձեռքը կ’իյնայ:
Խօշապ գաւառի հայ բնակչութեան մեծ մասը 1915-ի գարնան կը նահատակուի Խօշապ գետին մէջ խեղդամահ ըլլալով:Մոկս գաւառին մէջ եւս սրածութիւն, դիմադրութիւն, նահատակութիւն եւ գաղթ տեղի կ’ունենան: Անոր հոգեւորականները կը նահատակուին: Նահանջի ատեն Մոկսի հայերը բազում տառապանքներու կ’ենթարկուին:Պարսկական սահմանին մօտ գտնուող Աղբակ գաւառը իր Պաշգալէ գաւառագլուխով դիմադրութիւն ցոյց կու տայ: Վերջապէս Լիմ եւ Կտուց Անապատները(Վանայ լիճի հայկական վանքերով կղզիներ) նոյնպէս սրածութիւն, դիմադրութիւն, կոտորած ու գաղթ կը տեսնեն:
Վերոյիշեալ նախճիրներու շարքը կը լեցնեն Հայոց Մեծ Եղեռնի սեւ մատեանը: Ինչքա՜ն անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի ժամանակէն շատ առաջ զինուելու կարեւորութեան՝ երբ թուրքը, քիւրտը, չէրքէզն ու այլ վայրենի ցեղեր սկսած էին հայոց երկիրը արշաւել, նոյնը նաեւ ներկայիս: Անգամ մը եւս երեւան կուգայ հայոց օտարին վստահելու հարցը, որովհետեւ դրացի կամ բարեկամ ուժերը կը շարժին միայն իրենց սեփական շահերուն համեմատ:
Այսօր Հայաստանն ու Հայաստանահայութիւնը (ներառեալ Արցախն ու Արցախահայութիւնը) կը գտնուին նման վտանգի առջեւ՝ երբ ազերիաթուրք վոհմակները օր ցերեկով կը յարձակին պատմականօրէն հայոց սեփականութիւնը եղող տարածքներուն վրայ, սպաննելով, վիրաւորելով եւ գաղթեցնելով անմեղ ու խաղաղասէր տեղաբնիկ հայերը: Հայոց պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնն է ժամանակէն առաջ բաւարար կերպով զինուիլ եւ պատրաստուիլ, կարենալ պաշտպանուելու համար թէ՛ իրենք զիրենք եւ թէ՛ հողերը: Ամէն պարագայի տակ մօտիկ ապագան ցոյց պիտի տայ մեծ եւ այլ ուժերու լրջութիւնն ու անկեղծութիւնը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ:
Թէոդիկի այս փոքրածաւալ գործը օգտաւէտ աշխատանք մըն է ոչ միայն անցեալի տխուր եւ հերոսական որոշ դէպքերը վաւերագրող, այլեւ անուղղակի աշխատանքային ուղեցոյց մը ներկայի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման գծով։