Հայաստանէն վերադարձիս դպրոցական ընկերս սովորութեան համաձայն օձիքէս քաշեց, ու ես ամէն գործ մէկդի ձգած` անոր տեսնելու գացի: Տեսածներուս, ընդհանուր ծանօթ-բարեկամներու վրայ զրոյցին պահուն մէկէն մէկ խօսքս ընդհատեցաւ: Համպիկ, աչքերուս մէջ շիտակ հայեացք մը ձգելով` «պահանջ ընիմ, ատամիդ տակ բան մը կայ, մի՛ պահեր, ըսե՛ ականջ ընիմ»: Հընկ-մընկ չըրի, վասն զի մէկուն հետ ափսոսանք կիսելու, փարատելու պահանջմունք ունեցած էի եղեր:
«Համպի՛կ, տունդարձես քանի մը օր առաջ էր: Տեսակ մը անհանգիստ, դադրած էի, սովորականէն կանուխ հիւրատուն եկայ: Բազմոցին երկնցայ, հեռատեսիլը բացի: Տեսնիմ մէկը` մոլագար աչօք, դասը աղէկ մը սերտած, ամա լաւ չհասկցած աշակերտի պէս բաներ մը կը խօսի: Ան է, գոցէի պիտի, երբ ականջիս հասան «թիւրքագիտութիւն», «թիւրք», «օսմաներէն» խօսքերը: Ընդունիչին ձայնը ուժեղ մը բարձացուցի: Կ’երեւակայի՞ս, Համպիկ, ինչ լսիմ, որ լաւ ըլլայ. Ազգային Համալսարանին մէջ մէկ տասնեակից աւելի քաջիմաց թիւրքագէտ, օսմանագէտ կայ եղեր, ու անոնք ալ օսմանագիտական, թիւրքագիտական կարգ մը հետազօտութիւնք վերջերս հրատարակած են: Պոռալու պէս կոկոզավիզ կը խօսի, աչքերը աս ու ան դին կը շրջէ, կը շրջէ, բայց մարդու մը, անոր գրած գիրքի անուն մը չի տար: Շիտակը, խելքիս եկածի պէս զգացի ինքզինքս: Ադ ինչպե՞ս եղած է, որ Հայաստանին մէջ ադչափ օսմանագէտ եւ թիւրքագէտ ըլլալով մենք` սփիւռքահայերս, լուր չունինք: Կը յիշե՞ս, Համպի՛կ, քանի մը տասնամեակ առաջ Հայաստանի գիտութիւններու կաճառին մէջ աշխատող օսմանագէտ – տոկթոր Արամ Սաֆրաստեանի աշխատութեանց լուրն առնելով` որչա՜փ տոգորուեցանք: Սակայն սա մարդը խօսեցաւ, խօսեցաւ ու մեր օրերուն ոչ մէկ օսմանագէտի ու աշխատութեան կամ գիրքի անուն չը տուաւ: Վերջն ալ, ըսածներին պարապութիւնը կոծկելու ջանաց: Ի՞նչ ըսէ, որ աղէկ ըլլայ` Օսմանեան սուլթանական պահոցքը պրպտելու մեր խնդիր պարապ բան մըն է… Անոր ըսածէն կ’ելլէ կոր` իբրեւ թէ, Թուրքիոյ պետական արշիւին հայոց եւ հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ փաստաթղթոց ամբողջ տրցակ ցայսօր հրատարակուած, իսկ մնացեալք ալ, ինչպես կը սեպէ սա մարդը, ոչնչացուած եղեր է: Ասել կ’ուզէ, թէ ալ կարիք չկայ օսմանեան լեզուով բան մը ընթերցելու եւ հասկանալու, լմնցաւ, աբի՛…
Ու «բանախօս» ադանկ նախադասութիւն նախադասութեան յետէն երկբայութիւններու շարք շարունակեց, երկարցուց: Մեր ջոջերուն խօսքը միտքէս անցաւ` «ըսիր, ըսիր, բան մը չըսիր, եաւրու՜մ»: Անոր մեծադղորդ խօսքեր իրարու յետեւ կը գլորէին ու զարմանքս երթալեն կը մեծնար. «սա շատախօս ո՞վ է, ի՞նչ դեյի հեռատեսիլ հրամմեցած է: Ասուլիսի վերջ զրուցավար անոր ով ըլլալը բացայայտեց` Երեւանի Պէտական Համալսարանի Արեւելագիտութեան Ֆաքիւլթէի Թիւրքական Ուսումնասիրութեանց Աթոռին վարիչն է եղեր:
Ափ ի բերան մնացի` կրնա՞յ ըլլալ սխալ հասկցայ անոր ըսածը: Առտուն կանուխ քաղաք ելլելէն առաջ համալսարանին շէնքի դեփարթմաններու մէջ սորված ծանօթներէս մէկ-երկուքին հեռաձայնեցայ: Հանդիպեցանք, փութացի տարակուսանքս փարատիլ: Անոնցմէ մէկը թէ` «այո՛, ադիկայ է, օսմաներէնի հոտ չառած, բայց տեւաբար օսմանագէտ հրամցուած, Թիւրքագիտութեան դեփարթմանին վարիչ Սաշայ է, որ Ալեքսանդր Սաֆարեան կոչի»:
Միւս ընկեր ալ առարկութեամբ ըսաւ. «ադչափ ալ հոտի զգացողութիւնէն զուրկ եղած չէ: Ահաւասիկ ան էր, որ «օսմանագէտ» Մէյյեր Հայաստան հրաւիրած էր եւ Երեւանին մէջ ճաշարանէն ճաշարան տարած ըլլալով` զանազան խորտիկներ կերցուցած ու սա Նեռին տարբեր հանդէսներուն մէջ ներբողանք երգած էր: Հոգ չէ, թէ սա Մէյյեր հայատեաց հրեայ շանորդի մը եղած է»:
Ծանօթներիս ընկերակցած մարդոցմէ մէկն ալ աւելցուց. «օսմաներենի հոտը առած կամ չառած ըլլալը չեմ գիտէր, բայց մեր ժողովուրդին սուրբ ու նուիրական Յառիճ գիւղ Խփչաղ դարձուցած է` ինչ է, թէ քազախներու պատուիրակէն ստակ մուրալու յոյս ուեցած է եղեր: Քազախագիտութեանց կոկիկ սրահ մը շինած է, որուն պատերեն ներս ցայսօր ոչ մէկ քազախերէն խօսք հնչած է: Անոր սա ըսելիքը բերնէն առաւ ուսումնակիցս. «իրաւ է, ադոր համար ալ, անոր «ըմպանաճիղ» յորջորջած են: Իրաւ կ’ըսեն՝ «ադանկ բերան ճղելով յօ՞ երթաս»:
Կը խորհի՞ս, Համպի՛կ, պէտք չէ ըսեմ, որ սա կարգի խօսքեր եւ իրողութիւնք լսելէն ետքը որչափ մորմոքեցայ, սիրտս հերկած արտի մը կը նմանիր կոր:
Հոթել դառնալուս ատեն քաղաքի մարդոցմէ պարպուող փողոցներ կը չափէի: Մէկէն ի մէկ Յակոբ Պարոնեանին շինած ազգային ջոջերէն մէկին ի բնութագրութիւն ըսածը միտքէս անցուցի. «անիկա ֆրանսերէն սորվիլը «ուտել» բայի խոնարհումը սերտելէն սկսած է»:
Սա շառլաթան ալ, ըսել կ’ուզէ, խօսելէն, ուտելէն եւ, ինչպէս Երեւան կ’ըսին, «ալաւ ընելէն» զատ բան մը ըրած չէ եղեր` ի՜նչ թիւրքագիտութիւն, ի՜նչ օսմանագիտութիւն.., ըսէ` դատարկ զեւզեկութիւն:
Իշթէ, ասանկ անախորժ բաներ, Համպիկ աղբա՛ր:
Նուպար Կիւումճեան
Երեւան-Հալէպ