Հայ մեծանուն բանաստեղծ, հասարակական գործիչ Յովհաննէս Թումանեանի եւ անուանի երգահան Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակները Թիֆլիսի մէջ եւս նշանաւոր կը դառնան յոբելենական ձեռնարկներով:
Վիրահայոց թեմի մամլոյ եւ լրատւութեան ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի նախագահութեամբ ստեղծուած է յոբելենական ձեռնարկները համակարգող ներկայացուցչական յանձնախումբ՝ ներգրաւելով թեմի պատկառելի հայորդիները:
Համագործակցելով Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան, Հայաստանի եւ Վրաստանի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւններուն, Վրաստանի տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն, Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանին, Թիֆլիսի Պետրոս Ադամեանի անուան պետհայդրամ թատրոնին, Վրաստանի գրողներու միութեան եւ այլ մշակութային հաստատութիւններու հետ, 2019-ի ընթացքին կը նախատեսուին յոբելենական ձեռնարկներ իրականացնել մայրաքաղաք Թիֆլիսի եւ տարածաշրջաններու մէջ:
Աշխատանք կը տարուի Յովհաննէս Թումանեանի քառեակները եւ հեքիաթները վրացերէն թարգմանելու, տպագրելու եւ հանրութեան ներկայացնելու ուղղութեամբ: Կոմիտաս Վարդապետի յոբելեանին նուիրուած, կը ծրագրուին համերգային ձեռնարկներ Թիֆլիսի Վանօ Սարաճիշվիլիի անուան պետական երաժշտանոցին, Խորհրդարանի գրադարանին, Թիֆլիսի քաղաքային դումայի պատմական շէնքին եւ այլ յարգի հաստատութիւններու մէջ:
Ծրագրուած է Թիֆլիսի «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտամշակութային կեդրոնին մէջ, գարնան ընթացքին, կազմակերպել Թումանեանի գիրքերու տարբեր լեզուներով թարգմանութիւններու, Թումանեանին նուիրուած արխիւային կարեւոր նիւթերու ցուցադրութիւն:
Նամակ յղուած է Վրաստանի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի նախարարի անունով՝ յոբելենական տարուան ընթացքին Վրաստանի հայերէնով ուսուցման հանրային դպրոցներու մէջ հայ ժողովուրդի երկու արժանի զաւակներուն նուիրուած ձեռնարկներ կազմակերպելուն, ինչպէս նաեւ վրացի եւ միւս ազգերու դպրոցականներուն Թումանեանի եւ Կոմիտասի ժառանգութեան եւ մեծ վաստակին ծանօթանալուն օժանդակելու եւ խրախուսելու խնդրանքով:
Փետրուար 19-ին՝ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը, տեղի պիտի ունենայ երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան ջատագովի յոբելենական անդրանիկ ձեռնարկը: ժամը 16:30-ին, Թիֆլիսի հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու Խոջիվանքի պանթէոնին մէջ, Թումանեանի շիրիմին մօտ, պիտի կատարուի հոգեհանգիստի կարգ, այնուհետեւ գիրք նուիրելու աւանդական արարողութիւն: Ժամը 18:00-ին, Վրաստանի Խորհրդարանի ազգային գրադարանի մեծ սրահին մէջ պիտի կայանայ գեղանկարիչ Թենկիզ Միկոյեանցի անհատական ցուցահանդէսը «Թումանեանի հետքերով», իսկ այնուհետեւ՝ գրական, գեղարուեստական երեկոյ: Թումանեանի մասին բանախօսութեամբ հանդէս պիտի գայ Երեւանէն հրաւիրուած բանասէր, թումանեանագէտ Սուսաննա Յովհաննիսեանը, ինչպէս նաեւ դերասաններ, ասմունքողներ, երգչախումբ, մենակատարներ:
Մեծանուն հայորդիներու յոբելենական ձեռնարկները ներառուած են UNESCO-ի յոբելենական իրադարձութիւններու օրացոյցին մէջ: