ԹԻՖԼԻՍԻ «ՄԱՐՏԱԿՈՉ» ՕՐԱԹԵՐԹԸ ՈՒՏԻՆԵՐՈՒ (ԿԱՄ ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ԳՐԷ՝ ՈՒՏԻԱԽՕՍ ՀԱՅԵՐՈՒ) ՄԱՍԻՆ ․․․ 97 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ
«ՆՈՒԽԻԻ ՇՐՋԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԻՃԱԿԸ.— Նուխիէն թղթակից մը Մարտակոչի 7 Սեպտեմբերի թիւին մէջ կը գրէ.-
«Նուխիի մէջ այժմ կ’ապրին մօտ 300 Հայեր. համարեա թէ 95 տոկոսը գիւղացիներ են քաղաքին մօտի գիւղերէն, որոնք 1918ի Յունիսին վերագաղթած են Ալազանի ափերէն։ Ատոնք բոլորն ալ կ’ապրին քաղաքին մէջ. մշտական զբաղում չունին. ձմեռը օրավարձով կ’աշխատին հարուստներու մօտ։ Քիչ թիւով ալ կօշկակարներ կան որոնք կ’աշխատին Նուխիի մէջ։ Ինքանգիտակցութիւն չկայ անոնց մէջ. գլուխները քաշ, մեկուսացած ձմեռուայ համար պաշար հաւաքելու գործով զբաղած են։
«Նուխիի գաւառին մօտ 60 գիւղերէն այժմ կիսականգուն են միայն հետեւեալ գիւղերը.- Քէօյպուլաղ 20-50 տուն, Ճալէթ 90 տուն, Վարդաշէն մօտ 200 տուն եւ Նիժ գիւղը մօտ 60 տուն։
Բացի Նիժ եւ Վարդաշէն ուտիախօս հայ գիւղերէն, գաւառի գիւղերը աւերուած էին։ Մուսավաթի ղեկավարները այդ երկու գիւղերը չաւերեցին 1918ին, այլ միայն 400 երիտասարդներ սպաննեցին. մնացածները Ուտիներ համարելով պահեցին դաւանափոխ ընելու համար։ Մոլեռանդ Հաճի Ղարիբի յորդորները ի զուր անցան երկու տարի եւ միայն 10-15 տուն հաւատափոխ եղան, այն առ առերեսս։ Երբ Հաճի Ղարիբի եւ Նուխիի գաւառապետ Էյուպ պէկ Ռաֆիպէկովի աշխատանքները ի զուր անցան. 1920ին Ղարաբաղի դէպքերու ժամանակ այդ երկու գիւղերն ալ կոտորուեցան եւ աւերուեցան։ Նիժի ստուերախիտ անտառները եւ Վարդաշէնի բարձրաբերձ լեռները իրենց մէջ պատսպարեցին փախստական ժողովուրդը։ Ատրպէյճանի խորհրդային ըլլալէն յետոյ անոնք իրենց գիւղերը վերադարձան եւ ձեռնարկեցին իրենց գիւղերու վերաշինութեան։ // [էջ 1462]
«Նոյն թղթակիցը Մարտակոչի 12 Սեպտեմբերի [պէտք է ըլլայ 13-ին – Ա․Ս․] թիւին մէջ կը գրէ.- Քէօյպուլաղի գիւղացիները կ’ապրին գետնափոր խրճիթներու մէջ. երկրորդ տարին է որ վերաբնակուած են իրենց գիւղը. կը զբաղին երկրագործութեամբ եւ կարգի կը բերեն գիւղը. 99 տոկոս անգրագէտներ են։
«Ճալէթի բնակիչները իրենց տնտեսութիւնը բարելաւած են. կը զբաղին երկրագործութեամբ, այգեգործութեամբ եւ շերամապահութեամբ։ Գիւղը դպրոց չունի. մանուկները կը յաճախեն Վարդաշէնի դպրոցը որ 3 վերստ հեռու է Ճալէթէն։ Գիւղացիներէն 75 տոկոսը անգրագէտ է։
«Վարդաշէնի մէջ կ’ապրին շատ ազգութիւններ. Հրեաներ 250 տուն, ուտիախօս Վրացիներ այժմ 40 տուն, Հայեր այժմ 200 տուն եւ 10 տուն ալ Թուրքեր։ Վրացիները 250 տուն էին, 1922ին մեծ մասով գաղթեցին Վրաստան։ Վարդաշէնն ունի երկու դպրոց հայկական եւ ռուսական. ժողովուրդը կապուած է դպրոցին հետ։
Այժմ Նիժի մէջ կը բնակին 600 գաղթականներ եւ Նիժի Ուտիացիներ. գիւղը վերաբնակուած է 1920ի Մայիսի վերջերը։ Գիւղը ունի դպրոց, բայց անունը կայ միայն. մութ սենեակի մէջ, առանց ապակիի, հատ ու կտոր նստարաններ. իսկ դպրոցին ուսուցիչը 90 տարեկան ծերունի մըն է։» (մէջբերուած՝ «Ազգային կեանք», Հայաստանի Կոչնակ, ԻԴ. Տարի, թիւ 46, Նոյեմբեր 15, 1924, էջ 1461-1462)