Թիֆլիսի «Քարուասլա» պատմութեան թանգարանին մէջ Մայիս 18-Յունիս 19 տեղի պիտի ունենայ «Սերգէյ Փարաջանով – XXI դարու երազ» ցուցահանդէսը։ Այդ մասին ըսուած է ձեռնարկի Facebook-ի պաշտօնական էջին մէջ:
«Ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ multimedia installation-collagen, որ կը միաւորէ ցուցասրահի տարածութիւնը` առասպելներու, խոհածութիւններու հաւաքածու-արտացոլում եւ յիշողութիւններ բեմադրիչ եւ նկարիչ Սերգէյ Փարաջանովի մասին, որ ծնած է Թիֆլիս եւ մայրաքաղաքի պատմութեան անկապտելի մասն է»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ցուցահանդէսի կազմակերպիչները` Քիեւի Երազներու թանգարանը` իր հիմնադիրներու` հոգեւերլուծողներ Վիքթորիա Դանիէլեանի եւ Թաթիանա Ցուելոտուպի գլխաւորութեամբ, որոշած են տալ մեծ վարպետի ստեղծագործութեան իրենց մեկնաբանումը:
«Անցեալ դարու արուեստի-կեդրոնները, Թիֆլիսի պատմութեան թանգարանի ֆոնտի արխիւը, դիմանկար-լուսանկարները, շարժանկարային հարթակները, շարժանկարներու պաստառները, շարժանկարներու յետահայեաց ցուցադրութիւնները պիտի բացայայտեն Սերգէյ Փարաջանովի կեանքի մասին առասպելներու մթնոլորտը»,- ըսուած Է հաղորդագրութեան մէջ:
Ցուցահանդէսին, ըստ «Նովստի Կրուզիա»-ի պիտի ներկայացուին ընկերներու, լուսանկարիչներու եւ այն նկարիչներու աշխատանքները, որոնք ոգեշնչուած են Սերգէյ Փարաջանովի ստեղծագործութեամբ:
Ծրագիրը պիտի իրագործուի Վրաստանի մշակոյթի եւ յուշարձաններու պահպանութեան նախարարութեան եւ Թիֆլիսի քաղաքապետարանի Մշակութային ձեռնարկներու կեդրոնի օժանդակութեամբ: