ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ 11 Յունուարի յետմիջօրէի ժամը 3:15ի շուրջ, ատրպէյճանական կողմը կրակ բացաւ Գեղարքունիքի մարզի Վերին Շորժայի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ, որուն պատճառով զինուոր մը վիրաւորուեցաւ: Միւս կողմէ Պաքու հաղորդեց, որ Քարվաճառի շրջանին ուղղութեամբ հայկական կողմէ արձակուած կրակոցներէն ատրպէյճանցի զինուոր մը մահացաւ:
Աւելի ուշ՝ երեկոյեան ժամը 5:30ի շուրջ, ատրպէյճանական կողմը վերսկսաւ կրակոցներ արձակել հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ` օգտագործելով նաեւ հրետանային միջոցներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր: Հայկական կողմը դիմեց համարժէք գործողութիւններու:
Երեկոյեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու սադրանքին պատճառով զոհուեցան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան զինուորական ծառայողներ՝ շարքային Արթուր Արտեոմի Մխիթարեան (2002ի ծնունդ) եւ կրտսեր տեղակալ Ռուդիկ Ռաֆիկի Ղարիբեան (2002ի ծնունդ): Արձանագրուած են նաեւ երկու վիրաւորներ, որոնց կեանքը վտանգի տակ չէ։
Նախարարութենէն յայտնեցին, որ երեկոյեան ժամը 9ի դրութեամբ իրադրութիւնը յարաբերաբար կայուն է:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առնչութեամբ հրապարակեց ատրպէյճանական արարքները դատապարտող յայտարարութիւն, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը․
«Ադրբեջանական զինուած ուժերի ստորաբաժանումների սադրանքը հերթական դրսեւորումն է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ Ադրբեջանի շարունակական ոտնձգութիւնների, որոնք սկիզբ են առել 2021թ․ Մայիսի 12ից ՀՀ ինքնիշխան տարածք ներթափանցմամբ եւ շարունակուել պարբերական զինուած յարձակումներով: Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնն է հրաւիրում այն փաստին, որ պաշտօնական Բաքուն, շարունակելով ոտնձգութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ, խախտում է միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքները, այդ թւում` ՄԱԿի կանոնադրութիւնը, եւ խաթարում տարածաշրջանային անվտանգութիւնը: Հայկական կողմը բազմիցս նշել է, որ իրավիճակի յետագայ սրացումից խուսափելու միջոցներից մէկը կարող է լինել հայ-ադրբեջանական սահմանագծից զօրքերի հայելային յետքաշումը եւ սահմանագծի երկայնքով միջազգային մոնիթորինգի (հսկողութեան) մեխանիզմի (գոչծիքակազմի) գործարկումը: Ադրբեջանական իշխանութիւններին կոչ ենք անում զերծ մնալ սադրիչ գործողութիւններից եւ կատարել Սոչիի եռակողմ յայտարարութեամբ եւ բրիւսելեան հանդիպման արդիւնքներով ստանձնած` տարածաշրջանում կայունութեան հաստատման յանձնառութիւնը»։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին լուսարձակի տակ առաւ վերջին օրերուն Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ կրակի դադրեցման դրութեան խախտումները՝ կարեւոր նկատելով իրավիճակի լիցքաթափման վերաբերող քայլերու իրականացումը:
Ընդգծուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման կարեւորութիւնը` ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ, եւ այս ձեւաչափով աշխատանքներու ամբողջական վերականգման անհրաժեշտութիւնը: Անդրադարձ կատարուեցաւ հրատապ լուծում պահանջող մարդասիրական հարցերուն:
Նախարար Միրզոյեան կարեւոր նկատեց ռազմագերիներու ազատ արձակման, անյայտ կորսուածներու ճակատագիրի յստակացումը, աճիւններու փոխանակման վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու պատասխանատուին յայտարարութիւնը:
Զրուցակիցները նաեւ անդրադարձան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան գործընթացին, ինչպէս նաեւ՝ տարածաշրջանային ու միջազգային ապահովութեան վերաբերող այլ հարցերու: