«Արմենփրես» լրատուական գործակալութիւնը քիչ առաջ հաղորդեց, թէ թշնամին դարձեալ կը ռմբակոծէ Արցախի հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտը:
Միւս կողմէ, Արցախի պաշտպանութեան բանակը հաղորդեց, թէ շաբաթ գիշերուան ընթացքին արցախա-ազրպէյճանական սահմանագիծերուն վրայ իրավիճակը եղած է յարաբերական կայուն- լարուած:
«Յատկապէս լարուած եղած է հարաւային սահմանագիծի ուղղութեամբ: Թշնամիին գործողութիւնները վերլուծելով, վերջինս նոր յարձակումի կը պատրաստուի: Պաշտպանութեան բանակը կը հետեւի թշնամիին զօրաշարժերուն եւ պատրաստ է վճռականօրէն ճնշել անոր գործողութիւնները». նշուած է Պաշտպանութեան բանակի հաղորդագրութեան մէջ: