Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտարարեց, թէ հայկական զինուած ուժերը ոչ մէկ կորուստ ունեցած են Վարդենիսի մարտական դիրքերուն վրայ թշնամիին յարձակումներէն: Բախումները կը շարունակուին:
« Վարդենիսի մարտական դիրքերու ուղղութեամբ կորուստներ չունինք, մարտերը կը շարունակուին». հաստատեց Յովհաննիսեան:
Ազրպէյճանի զինուած ուժերը օդային եւ ցամաքային յարձակում կատարած են Վարդենիսի զօրամասին վրայ:Նախապէս Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ապատեղեկութիւն տարածած էր, թէ Հայաստանի հանրապետութեան զինուած ուժերը Վարդենիսի շրջանէն ռմբակոծած են Ազրպէյճանի Դաշքեստանի շրջանը: Փսստօրէն թշնամին հող պատրաստած է հիմնաւորոելու իր հետագայ գործողութիւնները:
Յովհաննիսեան նշեց, թէ գիշերուան ընթացքին բուռն բախումներ տեղի ունեցած են սահմանագիծերուն վրայ: « Թշնամին զրահամեքենաններու օգնութեամբ, հրետանիի հարուածներով, զրահապատներով, անմարդ օդային սարքերով փորձած է յարձակիլ հարաւային եւ հիւսիւսային ուղղութիւններով, սակայն լուրջ դիմադրութեան հանդիպելով ծանր կորուստներ ունեցած է: Բախումները տակաւին կը շարունակուին». ըսաւ Յովհաննիսեան: