Քիչ առաջ հաղորդուեցաւ, որ թշնամին կրկին կը ռմբակոծէ Ստեփանակերտը: Այսօրուան դրութեամբ Արցախի մայրաքաղաքին ուղղութեամբ երկրորդ յարձակումն է այս:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան դիտել տուաւ, որ թշնամին երեք անգած ծանր հրթիռներով հարուածած է Ստեփանակերտը: Ռմբակոծումներուն հետեւանքով քանդուած են բնակելի վայրեր: Կան բազմաթիւ զոհեր:
Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Զրուցակիցները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի կացութիւնը եւ մտահոգութիւն յայտնեցին շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն համար:
Փութին շեշտեց ռազմական գործողութիւնները անյապաղ դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը եւ ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի համանախագահներու հովանաւորութեան տակ բանակցութիւններու վերսկսումը:
Կողմերը համաձայնած են շարունակել շփումները:
Մ. Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամներ նամակ մը յղեցին պետական քարտուղար Մայք Փոմթէուին՝ կոչ ընելով դատապարտել Արցախի եւ Հայաստանի նկատմամբ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ոտնձգութիւնները, դադրեցնել Ազրպէյճանին ռազմական օժանդակութիւնները եւ պատժամիջոցներ կիրառել Թուրքիոյ դէմ:
Կ’արժէ նշել, որ Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան 35 անդամներ արդէն դատապարտած են թուրք-ազերիական յարձակումը:
Ria Novosti հաղորդեց, թէ ռուս, հայ եւ ամերիկացի լրագրողներ տեղափոխող փոխադրակառքը հրետանիի կրակի տակ ինկած է Արցախի մէջ