Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտարարեց, թէ թշնամին լայնածաւալ նոր յարձակողական գործողութեան անցած է Արաքսի հովիտի եւ Մատաղիս- Թալիշ հատուածներուն վրայ:
«Արցախի պաշտպանութեան բանակը յաջողութեամբ կը դիմադրէ բոլոր յարձակումները եւ զգալի կորուստներ կը հասցնէ թշնամիի բանակին եւ զինամթերքին: Այս պահի դրութեամբ մեր ուժերը քանդած են թշնամիի 22 հրասայլ, 10-ը զրահամեքենայ եւ չէզոքացուցած է 370 զինուոր: Թշնամին նաեւ ունի մեծ քանակութեամբ վիրաւորներ: Ստացուած տեղեկութիւներուն համաձայն, վիրաւորներուն միջին ծանր վիրաւոր զինուորներուն քանակը կը կազմէ 35 առ հարիւր».յայտարարեց Յովհաննիսեան: