Հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, ազերի բանակը ցարդ կորսնցուցած է երկու ուղղաթիռ, 14 անօդաչու թռչող սարք, ինչպէս նաեւ ունի ռազմաարհեստագիտական զանազան կորուստներ: Բախումները տակաւին կը շարունակուին:
Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ընդհատեց Իտալիա կատարած ուղեւորութիւնը, ուր հանդիպում մը նախատեսուած էր ունենալ Ֆրանսիսքոս պապին հետ, վերադարձաւ Հայաստան: « Աստուած պահապան Արցախ աշխարհին, զօրավիգ ու ապաւէն՝ մեր քաջազուն զինուորներուն եւ հրամանատարներուն» նշուած է ամենայն հայոցի պաշտօնական յայտարարութեան մէջ:
Նախնական տուելաներով, ազերիական յարձակումներուն հետեւանքով Արցախի Մարտունիի շրջանին մէջ զոհուած է կին մը եւ երեխայ մը: Կայ երկու վիրաւոր:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պատասխանելով ճակատ երթալու անհատ քաղաքացիներու, կամաւորներու փափաքին, յատարարեց, թէ բարձր գնահատելով հայրենակիցներու պատրաստակամութիւնը, կամաւորներու անհրաժեշտութիւն չկայ ներկայիս: