Հայաստան չի Հարուածեր Բնակելի Վայրերը
Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը հաղորդեց, թէ 15 հոկտեմբերի լոյս 16-ի գիշերը, յատկապէս լուսադէմին, ազերի թշնամին ռմբակոծած է Մարտունի քաղաքի եւ Կ. Շուկայ բնակավայրի, իսկ առաւօտեան՝ Բերդաշէն համայնքի ուղղութեամբ. «Ռմբակոծած են Հատրութի շրջանի Տող, Քաշաթաղի շրջանի՝ Տիգրանաւան, Այգեհովիտ եւ Աղաւնիի բնակավայրերը: Զոհերու եւ վնասներու շուրջ ստուգումներ կը կատարուին». նշեց արտակարգ իրավիճակի պետական ծառայութեան խօսնակը:
Միւս կողմէ, Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան անգամ մը եւս վերահաստատեց՝ Արցախի պաշտպանութեան բանակի միաւորները կրակ չեն բանար բնակելի վայրերու ուղղութեամբ, միայն՝ ռազմական նշանակէտերու: