Քիչ առաջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան կնքեց մամլոյ ասուլիս մը: Յովհաննիսեան յայտնեց, թէ թշնամին երկուշաբթի, 5 հոկտեմբերի բախումներուն ընթացքին կորսնցուցած է 300 բանակային: Պաշտպանութըան նախարարի ներկայացուցիչը դիտել տուաւ՝ անոնք զինծառայողներ չէին,այլ ահաբեկիչ: «Թշնամին նաեւ կորսնցուցած է 11 զրահապատ, ուղղաթիռ, 2 անօդաչու թռչող սարք». ըսաւ Յովհաննիսեան:
Ան յայտնեց, թէ այսօրուան՝ 6 հոկտեմբերի կորուստները պիտի հրապարակուին վաղը՝ 7 հոկտեմբերին: