ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Միտիա Ֆեքթըրի Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրին ստորագրութենէն ի վեր հայ համայնքը միշտ ներկայացուած է Լիբանանի կառավարութիւններուն մէջ, ըլլան անոնք ազգային միասնականութեան կառավարութիւններ կամ նոյնիսկ միագոյն դահլիճներ:
«Լիբանանի կառավարութիւններուն մէջ հայ համայնքը միշտ ներկայացուած է, եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը միշտ ալ իր ներկայացուցիչը ունեցած է երկրին կառավարութիւններուն մէջ», նշեց երեսփոխան Բագրատունի:
Ան ըսաւ, որ հայ համայնքին հիմնական հարցը այն է, որ անոր կը տրուին անկարեւոր նախարարութիւններ, կամ նախարարութիւններ, որոնք հիմնական չեն եւ ծառայութիւններ չեն մատուցեր: «Բայց եւ այնպէս հայութիւնը չմերժեց այդ նախարարութիւնները ստանձնել, այնքան ատեն որ նախարարը կառավարութեան մէջ իր քաղաքական խօսքը ունէր», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Նկատի ունենալով շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կազմելիք կառավարութեան մէջ եւս հայ համայնքին պիտի տրուի կշիռ չունեցող նախարարութիւն մը, ինչպէս էր պարագան վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութեան մէջ (Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան), Յ. Բագրատունի զարմանք յայտնեց այն իրողութեան գծով, որ ուժային, հիմնական եւ ծառայութեանց նախարարութիւնները կը յատկացուին մեծ համայնքներուն, իսկ հայ համայնքը, յոյն կաթողիկէ համայնքը, փոքրամասնութիւններն ու երբեմն նաեւ տիւրզի համայնքը կը զրկուին նման նախարարութիւններ ստանձնելէ:
«Կը մաղթենք, որ կառավարութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմուի, սակայն ցարդ մեզի ոչ մէկ պաշտօնական տեղեկութիւն հասած է հայ համայնքին յանձնուելիք նախարարութեան մասին: Մենք մեր կարգին որոշ նախարարութիւն մը չենք պահանջած, որովհետեւ նշանակուած վարչապետին հետ խորհրդակցութիւն չկայ: Նշանակուած վարչապետը հանրապետութեան նախագահին հետ համաձայնաբար կը ջանայ կազմել կառավարութիւնը: Այս բոլորին կողքին կայ սկզբունքային հարց մը, որ մենք աւելի քան 15 տարիէ ի վեր պատասխանատուներուն հետ կ՛արծարծենք. այդ հարցը կը վերաբերի ուժային եւ ծառայութիւններու նախարարութիւնները համայնքներուն բաժնելուն: Չեմ գիտեր, թէ ո՛վ իր անունին արձանագրուած նախարարութեան մը «կալուածագիր»-ը ունի, սակայն կ՛առաջարկեմ, որ այս անգամ դուրս գանք ուժային նախարարութիւնները մեծ համայնքներուն, ծառայութեան նախարարութիւնները` փոքր համայնքներուն, իսկ ժողովուրդին գնահատումով անկարեւոր նկատուող նախարարութիւնները աւելի փոքր համայնքներուն յատկացնելու մտայնութենէն, եւ բոլոր նախարարութիւնները բաժնուին բոլոր համայնքներուն, որովհետեւ նախարարութիւնները բոլոր համայնքներուն իրաւունքն են», հաստատեց Յ. Բագրատունի:
Ան առաջարկեց այս անգամ ուժային նախարարութիւնները յանձնել փոքր համայնքներուն` հայ համայնքին, յոյն կաթողիկէ համայնքին, փոքրամասնութիւններուն եւ տիւրզի համայնքին, իսկ ոչ հիմնական նախարարութիւնները յանձնուին մեծ համայնքներուն:
«Արդեօք փոքր համայնքներուն մէջ չկա՞յ ելեւմուտքի, պաշտպանութեան, ներքին գործոց եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնները կամ նոյնիսկ հիմնական ծառայութիւններու նախարարութիւնները ստանձնելու մարդուժ», հարց տուաւ երեսփոխան Բագրատունի:
Ան շեշտեց, որ անիրաւութիւնը, խտրութիւնն ու հաւասարութեան չգոյութիւնը կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ ծագած հարցերուն եւ անարդարութեան հիմքը կը կազմեն: «Ինչո՞ւ համար կան նախարարութիւններ, զորս կարգ մը համայնքներու արգիլուած է յանձնել եւ միայն որոշ համայնքներու կը յանձնուին: Մենք հաւասարութեան կը հաւատանք, հետեւաբար ընդունելի կը գտնենք, որ կարգ մը նախարարութիւններ համայնքային առումով բաժնուին հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին միջեւ, սակայն այդ դրութենէն աւելի եթէ ըլլայ, այսինքն` եթէ ուժային եւ հիմնական ծառայութիւններու նախարարութիւնները մեծ համայնքներուն յանձնուին, ապա կացութիւնը անբնական կը դառնայ: Հետեւաբար համոզուած ենք, որ այս առաջարկը կը նպաստէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտներուն լուծման», եզրափակեց ան: