Համայն աշխարհը, ներառեալ Ուաշինկթընի դաշնակիցները մեծ յուսախաբութիւն ապրեցան նախագահ Օպամայի Հինգշաբթի օրուան արտասանած ճառէն£ Օպամա անգամ մը եւս մոռցաւ, որ արաբական աշխարհին հետ վստահութեան կամուրջը վերականգնելու բանալին պաղեստինեան թղթածրարն է:
Երկու տարի առաջ, Գահիրէի համալսարաններէն մէկուն մէջ, Սպիտակ Տան ղեկավարը փոխյարաբերութիւններու նոր մեկնարկ մը խոստացաւ իսլամական աշխարհին£ Օպամայի խոստումները եւ յայտարարութիւնները ընդունուեցան մեծ ցնծութեամբ. ՙԻմ պարտականութիւնս է պայքարիլ իսլամի ժխտական տիպարներուն դէմ, վճռականապէս արգելք հանդիսանալ եւ կասցնել բռնագրաւեալ հողերու վրայ ապօրէն միաւորներու շինարարութիւնը եւ իրաւականօրէն հետապնդել հայրենիք ու պետականութիւն ունենալու պաղեստինցիներու իրաւունքը՚£ Այսպիսի շռնթալից խոստումներով արաբական աշխարհը ոգեւորեց Օպամա, ընդամէնը քսանչորս ամիսներ առաջ£
Յաջորդող ամիսները եկան համոզելու Օպամայի տուած խոստումներուն սնանկութիւնը£ Իսրայէլ աւելի բուռն թափով, առ այսօր կը շարունակէ բնակութեան ծրագիրները£ Վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Սպիտակ Տան մէջ, կը մերժէ ճանչնալ 1967-ի սահմաններով պաղեստինեան պետութիւն մը…£ Միացեալ Նահանգներ չի կրնար համոզել, որ իր զինակիցը վերադառնայ բանակցութիւններու սեղան£ Օպամա ետդարձ կը կատարէ իր խոստումներէն…£
Նախագահ Օպամա Հինգշաբթի օրուան իր ելոյթին մէջ արաբական աշխարհին ականջները խլացուց ազնիւ խօսքերու տարափներով£ Ան խօսեցաւ Միջին Արեւելքի պետութիւններուն մէջ տեղի ունեցող բարեկարգութիւններուն, մարդկային իրաւանց, ժողովրդավարութեան, արդարութեան եւ յոյսի մասին£ Ան յիշատակեց կանանց իրաւունքները պաշտպանելու իր յանձնառութիւնը, կրօնական փոքրամասնութիւնները պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը, ան դատապարտեց բռնատիրական վարչակարգերը եւ միլիառաւոր տոլարներ խոստացաւ ժողովրդավարական բարեկարգութիւններուն աջակցող կառավարութիւններուն£
Նախագահին ելոյթը միաժամանակ սփռուեցաւ արաբերէն, պարսկերէն եւ եբրայերէն լեզուներով£ Սակայն, հիմնականին մէջ միայն Արեւմուտքը եւ ամերիկացիները հետեւեցան անոր ելոյթին£ Ելոյթը նախորդող օրերէն իսկ յայտնապէս յստակ էր, որ արաբական աշխարհը կորսնցուցած էր Օպամայի հանդէպ վստահութիւնը եւ վստահաբար պիտի չհաւատար անոր խօսքերուն£ Անոնք բաւարար հիմքեր ունէին դառնանաու Օպամայի որդեգրած իրողական քայլերէն, որոնց ամենավերջինը, անցնող Փետրուարինª ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին մէջ, Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւեալ հողերու վրայ բնակութեան ծրագիրները դատապարտող բանաձեւին դէմ Ուաշինկթընի օգտագործած վեթոն£ Արաբները շլացած են Օպամայի մեղրածորան խոստումներէն…£
Ինչպէ±ս կարելի է վստահիլ անձնաւորութեան մը, որ իսրայէլեան բնակութեան ծրագիրները դատապարտելով հանդերձ, վեթօ կþօգտագործէª այլոց կողմէ բնակութեան ծրագիրը դատապարտող բանաձեւին դէմ£ Խօսքի ու գործի միջեւ հակասութիւնը ակներեւ է Օպամայի պարագային£ Ան որքան խօսի, մարդիկ աւելի նուազ կը հաւատան անոր խօսքերուն£ Որքան, որ Օպամա խօսի բարոյական արժէքներու մասին, նոյնքան աւելի խնդրոյ առարկայ կը դառնայ անոր հանրային կարծիքին առջեւ£
Օպամա կը խորհի, թէ գումարներ շռայլերով արաբական կարգ մը վարչակարգերու եւ արաբական աշխարհի մէջ տեղի ունեցող բարեկարգչական շարժումներուն զօրակցելով պիտի յաջողի վերականգնել իր կորսնցուցած հեղինակութիւնը£ Պաղեստինեան հարցը միակ փորձադաշտն է վերանորոգելու փուլ եկած կամուրջները£ Դժբախտաբար, վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ Ուրբաթ օրուան հանդիպումին ընթացքին Օպամա ապացուցեց, թէ ոչ միայն ոչինչ ունի առաջարկելիք, այլեւ իր անձը դարձուցած է խնդրոյ առարկայ£
Իսրայէլապաղեստինեան հոլովոյթին մասին իր կատարած ակնարկին մէջ, ան հաւասարազօր հեռաւորութեան վրայ դիտեց պաղեստինեան պետութեան ստեղծումը եւ Իսրայէլի անվտանգութիւնը£ Ան վերահաստատեց Իսրայէլի հետ մասնայատուկ յարաբերութիւնները պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, նաեւ ընդգծեց, թէ Միացեալ Նահանգներ պիտի մնայ Իսրայէլի անփոխարինելի դաշնակիցը, յանուն անոր ազգային անվտանգութեան պաշտպանութեան եւ ԹԷլ Աւիւի դէմ ուղղուած միջազգային քննադատութիւններուն£ Այսօրինակ երաշխիքներու առկայութեան, Իսրայէլ ինքնաբերաբար զիջումներ պիտի չկատարէ արաբներուն£
Եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը մտահոգուած է արաբական աշխարհի վստահութիւնը եւ բարեկամութիւնը շահելու իրողութեամբ, ան պարտաւոր է գործնական քայլեր առնելու պաղեստինեան թղթածրարին ուղղութեամբ£
Տնտեսական աջակցութիւնները չեն կրնար իբրեւ ընդունելի տարբերակ նկատուիլ յետ այսու£ Արաբները պատրաստ չեն գրկախառնուելու տնտեսական օժանդակութիւններով երաշխաւորուող ամերիկեան ժողովրդավարութեան հետ£ Արաբական աշխարհը չի խոնարհիր ամերիկեան կաշառքներուն առջեւ£ Արաբական աշխարհի ազատութիւնը առք ու վաճառքի սպառողական ապրանք մը չէ, ի վերջոյ£ Նախընտրելի պիտի ըլլայ, որ Սպիտակ Տունը իր պետական գանձին մէջ պահէ Միջին Արեւելքը ի շահ Իսրայէլին, ապակայունացնելու նպատակով մսխուած գումարները, որովհետեւ արաբական աշխարհէն աւելի ամերիկեան տնտեսութիւնը անհրաժեշտութիւնը ունի այդ սեւ գումարներուն օժանդակութեան£
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ