ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Բազմաթիւ տարեցներէ իմացած ենք, որ ծնած են յատկանշական դէպքերու պատահած տարիներուն: Համալսարանի դասախօս, բանաստեղծ, պատմաբան` Լեւոն Վարդան երբ վերապրողներու պատումները կ՛արձանագրէր, մամիկ մը վկայած էր, թէ ծնած էր իրենց կովին մեռած տարին: Նման յատկանշական ծննդեան թուական մըն ալ, մինչեւ իր 100 տարեկանը ապրած ծանօթ բարերար` Կարպիս Նազարեանինն էր: Ան ծնած էր 24 ապրիլ 1915-ին, Այնթապի մէջ:
Այսօր տարեդարձն է աշխարհի չորս ծագերուն ապրող գրեթէ բոլոր հայերուն ալ ծանօթ բազմաբեղուն գրիչ բժիշկ Թորոս Թորանեանին: Իրմէ անձնապէս իմացած ենք 29 փետրուարին ծնողներու իւրայատկութեան ու նաեւ դժբախտութեան մասին, երբ իրենց տարեդարձը կը նշուի չորս տարին անգամ մը: Իր հաշուով ան այսօր ոչ թէ 92, այլ 23 տարեկան է:
Կ՛իմանանք, որ վերջերս ունեցած է առողջական հարցեր: Իրեն կը մաղթենք քաջառողջութիւն, արեւշատութիւն եւ վերադարձ` գրական բեղուն աշխատանքի:
Կ՛արժէ, որ այս առիթով իրմէ խնդրել մատենագիտական վերջին ցանկը, որպէսզի ճշդենք իր հեղինակութիւններուն, թարգմանութիւններուն եւ հրատարակած գիրքերուն թուաքանակը: