Երան Գույումճեան
Այսօր ծննդեան տարեդարձն է՝ ամենայն հայոց բանաստեղծ՝ ՄԵԾՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ, որ հարուստ ժառանգութիւն մը թողուց իր յետնորդներուն՝ գրական-գեղարուեստական, ազգային-հասարակական եւ մտաւորական գործունէութեան: Իր արձակ թէ չափածոյ գործերը կը կարդացուին դեռ մեծ հետաքրքրութեամբ եւ կը մնան այժմէական բոլոր ժամանակներուն համար ալ եւ կ’ապրին մեզի հետ՝ մանուկ հասակէն մինչեւ խոր ծերութիւն: Այսօր ալ, իր «Կաթիլ մը մեղրը» ցոյց կու տայ որ չնչին պատահարէ մը, ի՛նչ աղէտներ կրնան ծագիլ….մինչ իր Գիգոր»ը դեռեւս կը մարմնաւորէ մեր հայրենի ժողովուրդի այն խեղճացած, կեղեքուած խաւը, որուն գլխուն վրայ դամոկլեան սուրի նման կախուած կը մնայ՝ անսիրտ ու անխիղճ վաշխառուներու տմարդի վերաբերմունքը….«Պեզազ Արտեմ»ներու կամայական չարաշահութիւններն ու բռնութիւնները կան այսօր եւս հայրենի իրականութեան մէջ եւ առհասարակ ամէնուր….եւ որքան տեղին կը հնչէ Թումանեանի մաղթանքը՝ «Ապրէ՛ք երեխէ՛ք, բայց մեզ պէս չապրէ՛ք»….Տակաւին, Թումանեանի հեքիաթները նոյն հետաքրքրութեամբ կը կարդացուին մեր մանուկներուն եւ պատանիներուն կողմէ…Իսկ իր հրապարակախօսութիւնը ի՛նչ էջեր ունի, որոնք Թումանեանի գրիչը կը դնեն մեր արիւնոտ վէրքին, վէրքերուն վրայ, զանոնք բուժելու նախանձախնդրութեամբ…Այսօր որքա՛ն էական կարիքը ունինք նոր Թումանեաններու…., որպէս ուղեցոյց փարոս, որպէս խղճի ձայն, որպէս լոյսին ձգտող ոգի, որպէս զգաստացնող կոչ ու հայրենասիրական պատգամ….ԽՈՐԻՆ ԽՈՆԱՐՀՈ՛ՒՄ ԻՐ ԼՈՒՍԱՊԱՅԾԱՌ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ….