ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յովհաննէս Թումանեանի եւ Լեւոն Շանթի 150ամեայ յոբելեաններուն առիթով, Թումանեանի թանգարանը հրատարակած է Թումանեանի մանկական ստեղծագործութիւններուն արեւմտահայերէնով գիրքը, որուն շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 8 Նոյեմբերին, Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանին մէջ:
Նշեալ գործերը արեւմտահայերէնի վերածած է Լեւոն Շանթ՝ Պոլսոյ հայ մանուկներուն Թումանեանի աշխարհը ա՛լ աւելի ճանաչելի ու հասկնալի դարձնելու նպատակով:
«Ժամանակին, Յովհաննէս Թումանեանին ու Լեւոն Շանթին հրաւիրել են կազմել տարրական դասարանների համար նախատեսուած «Լուսաբեր» դասագիրքը: Սկզբում այն հրատարակուել է արեւելահայութեան համար, բայց այնքան յաջողուած էր, որ Լեւոն Շանթը դասագիրքը փոխադրեց արեւմտահայերէն: Մեր թանգարանում դասագրքի տարբեր հրատարակութիւններ են պահւում. այն բաւականին երկար կեանք է ունեցել: Այս գրքի հիմքում այն բոլոր դասագրքերն են, որոնք հրատարակուել են մինչեւ Թումանեանի մահը», ըսաւ թանգարանի տնօրէն Անի Եղիազարեան:
Գիրքը, որուն մէջ տեղ գտած են Յովհաննես Թումանեանի բանաստեղծութիւնները, առասպելները, պատմուածքները, նկարազարդած են արտասահման ապրող հայ մանուկները, եւ անոնց աջակցած են Հայաստանի մէջ ապրող երեխաները:
Հրատարակման համար ֆինանսական օգնութիւն տրամադրած է Արմինէ Կարապետեան: Թանգարանը անոր նուիրեց «Յովհաննէս Թումանեան 150» յուշամետալը:
նշենք, որ գիրքը կազմած է Անի Եղիազարեան, խմբագրած է Նարինէ Խաչատրեան, սրբագրած՝ Քնարիկ Աբրահամեան, իսկ ձեւաւորումը կատարած է Մանէ Խաչատրեան: