Ամանորին ընդառաջ՝ 23 Դեկտեմբերին «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան պիտի ներկայացնէ իր «Թմբա-թա» երաժշտական նախագիծը, երեւանեան «Stop» ակումբին մէջ: «ԹՈՒՄՕ»ի հանրային կապերու համակարգող Գայիանէ Այվազեան «Արմէնփրէս»ին յայտնած է, որ «Թմբա-թա»ը կազմուած է մօտ մէկ տարի առաջ: Խումբի գեղարուեստական ղեկավար «Բամբիռ» խումբի երաժիշտ Արիկ Գրիգորեանի ղեկավարութեամբ, անիկա ձեռք բերած է իր ուրոյն ոճ, զարգացուցած կատարողական վարպետութիւնը:
«Թմբա-թա»ը երաժշտական երգչախումբ է՝ կազմուած կեդրոնի 30 պատանիներէ, որոնք հանդէս կու գան երաժշտական տարբեր ոճերով: