ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թուրք սիւնակագիր Օրհան Քեմալ Ճենկիզ 18 փետրուար 2020-ին յօդուած մը գրած է թրքական «Ալ-Մոնիթոր» կայքին մէջ` «Ինչո՞ւ կիպրացի թուրք ղեկավարը «թշնամի» հռչակուած է Թուրքիոյ մէջ» վերնագրով: Յօդուածին մէջ ներկայացուած են Թուրքիոյ կառավարութեան եւ թրքական Կիպրոսի ղեկավարին միջեւ առկայ հակասութեան մանրամասնութիւնները:
1974-ին Թուրքիոյ կողմէ հիւսիսային Կիպրոսի գրաւումէն ի վեր Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը ծախսած է միլիառաւոր տոլարներ եւ հաստատած թրքական հազարաւոր զինուորներ` իր դիրքերը կղզիին վրայ պահպանելու համար:
Վերջին ամիսներուն թրքական լրատուական միջոցները հրապարակած են Թուրքիոյ կառավարութեան եւ կիպրացի թուրք ղեկավարին միջեւ թշնամանքի մասին նիւթեր: «Թուրք պաշտօնեաներն ու քաղաքական գործիչները, որոնք կ՛այցելեն միայն Անգարայի կողմէ ճանչցուած հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւն, հոկտեմբերէն ի վեր մերժած են տեսակցիլ անոր նախագահին` Մուսթաֆա Աքինճիի հետ», գրած է Ճենկիզ:
Հակասութիւնը սկսած է անցեալ տարուան հոկտեմբերին` հիւսիսային Սուրիա թրքական ներխուժման գծով, երբ Աքինճի համարձակած է քննադատել Թուրքիոյ «սուլթանը»` Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը. «Հիմա, եթէ նոյնիսկ մենք այդ [Սուրիա թրքական ներխուժումը] անուանենք «Խաղաղութեան ակունք» գործողութիւն, բայց թափուած է ոչ թէ ջուր, այլ` արիւն: Այդ իսկ պատճառով իմ ամէնէն մեծ ցանկութիւնը այն է, որ երկխօսութիւնն ու դիւանագիտութիւնը սկսին կարելի եղած չափով արագ»: Թուրքիոյ մէջ հարիւրաւոր թուրքեր բանտարկուած են Սուրիոյ վրայ թրքական ռազմարշաւը քննադատելնուն համար: Սուրիոյ մասին խօսելէ բացի` Աքինճի իր անհամաձայնութիւնը յայտնած է Թուրքիոյ` հիւսիսային Կիպրոս ներխուժելուն վերաբերեալ. «Թէեւ մենք եղածը կ՛անուանէինք Խաղաղութիւն գործողութիւն, սակայն ատիկա պատերազմ էր, եւ արիւն թափուեցաւ 1974-ին»: Ըստ Ճենկիզի, «Համեմատութիւն կատարելով երկու ներխուժումներու միջեւ, Աքինճի ակնյայտօրէն փորձած է ըսել, որ օտար երկիրներու մէջ ռազմական գործողութիւնները յարատեւ խնդիրներ կը ստեղծեն, եւ, հետեւաբար, ան Թուրքիան հրաւիրած է Սուրիոյ մէջ այլ տարբերակներ դիտարկելու»:
Հակառակ անոր որ Աքինճիի կողմէ թրքական ռազմական ներխուժումներու քննադատութիւնը բարի մտադրութեամբ եղած էր, Էրտողան, որ չի հանդուրժեր այլախոհութիւն, կատղեցաւ` յայտարարելով, որ Աքինճի «չափը անցած է», եւ աւելցուց, որ ընտրական զանգուածը շուտով անոր «լաւ դաս մը» կու տայ: Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթայ նոյնպէս դատապարտեց կիպրացի թուրք ղեկավարը: Ճենկիզ ըսած է, որ` «Այդ ընթացքին հիւսիսային Կիպրոսի մէջ Աքինճի մահուան սպառնալիքներ ստացած է, որոնց համար ան դատական քննութիւն պահանջած է»:
Այնուհետեւ սիւնակագիր Ճենկիզ աւելցուցած է, որ` «Աքինճիի խօսքերը զինք դարձուցած են քաւութեան նոխազ Թուրքիոյ մէջ եւ` աննախադէպ արձագանգներու ալիք յառաջացուցած, ամէնէն դաժանը, որ երբեւէ տեսած է հիւսիսային Կիպրոսի ոեւէ ներկայացուցիչ»: Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան (MHP) առաջնորդ Տեւլեթ Պահչելի կոչ ըրած է Աքինճիի` անյապաղ հրաժարական տալ: «Աքինճի եւ անոր համախոհները պէտք չէ մոռնան, որ Կիպրոս թրքական է եւ թրքական կը մնայ», ըսած է Պահչելի: Ան նաեւ առաջարկած է Աքինճիի` տեղափոխուիլ յունական Կիպրոսի հարաւը: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (AKP) խօսնակ Օմեր Չելիք յորդորած է Աքինճին` ներողութիւն խնդրել, իսկ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու ըսած է, որ հիւսիսային Կիպրոսի առաջնորդը «թշնամաբար կը վերաբերի Թուրքիոյ», եւ որ` իր կեանքին մէջ երբեք չէ տեսած «նման անազնիւ քաղաքական գործիչ մը»: Բարձրագոյն քաղաքական գործիչներու այսպիսի տրամադրութեան պայմաններուն մէջ իշխանամէտ թերթերը աւելի կոշտ դարձած են: «Խաչակիրներու Աքինճին անյապաղ պէտք է հրաժարական տայ», գրած է թերթերէն մէկը, իսկ միւսը յայտարարած, որ Աքինճի «կարծես թշնամի» ըլլար:
Ճենկիզ իր յօդուածին մէջ բացատրած է` «Այդ Թուրքիան է, որ կը վճարէ հաշիւները հիւսիսային Կիպրոսի մէջ` ուղղակի կամ անուղղակի դրամական օգնութեան միջոցով: Հետեւաբար կիպրացի թուրքերը միշտ պէտք է երախտապարտ ըլլան Անգարայի: Թուրքիան «մայրն է», իսկ հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւնը` անոր «զաւակը»: Ամէն բան, որ դուրս է այս ենթակայութեան գաղափարէն, կը վտանգէ սթաթուս-քուոն»:
6 փետրուար 2020-ին «Կարտիըն» թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին մէջ Աքինճի նախզգուշացուցած է` «Կիպրոսի յունական եւ թրքական համայնքներու մնայուն բաժանման մասին, եթէ արագ ձեռք չբերուի համաձայնութիւն` «արդար» դաշնակցային լուծումով»: Աքինճի ըսած է, որ ինք համաձայն չէ Էրտողանի տեսլականին հետ` Անգարայի եւ Նիկոսիոյ միջեւ յարաբերութիւններու առումով` իբրեւ «մայր եւ երեխայ…: Ես կ՛ուզեմ անկախ, եղբայրական յարաբերութիւններ», բացատրած է ան: Ան խոստովանած է, որ հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւնը պէտք է աւելին ընէ, որպէսզի իր տնտեսութիւնը աւելի քիչ կախուածութիւն ունենայ Թուրքիայէն, որ կը վճարէ կառավարութեան հաշիւները: Ասիկա ընելու համար ինք աջակցութեան կարիք ունէր [յունական] հարաւէն, «Կարտիըն»-ի ըսած է Աքինճի:
«Աքինճի, որ չորեքշաբթի երեկոյեան [5 փետրուար 2020] սկսաւ վերընտրական իր քարոզարշաւը, ըսած է, որ Կիպրոսի գրեթէ կէսդարեայ բաժանման միակ կենսունակ լուծումը վերամիացումն էր դաշնակցային «տանիքի տակ»…: «Եթէ ասիկա տեղի չունենայ», – ըսած է Աքինճին «Կարտիըն»-ի,- «հիւսիսը հետզետէ աւելի ու աւելի կախուած կ՛ըլլայ Անգարայէն եւ ի վերջոյ կրնայ կուլ երթալ` իբրեւ թրքական փաստացի նահանգ»:
«Աքինճիի տեսլականը, զոր կը կիսեն կիպրացի բազմաթիւ թուրքեր, կոչ կ՛ընէ երկհամայնքային, երկտարածքային Կիպրոսի, քաղաքական հաւասարութեամբ եւ մէկ «իրաւաբանական անձով», ան ըսած է «Կարտիըն»-ի: Այդ տեսլականը հիմնուած է Կիպրոսի կղզիաբնակները ըլլալու ընդհանուր ինքնութեան, այլ ոչ թէ թուրք կամ յոյն ըլլալու վրայ», գրած է Ճենկիզ:
«Ընտրութիւններուն Աքինճիի հաւանական մրցակիցը Էրսին Թաթարն է, Անգարայի բացայայտ կողմնակից ամբոխավար մը, որ դէմ է հարաւի հետ հաշտեցման: Թաթար` ներկայի վարչապետը, թեր է երկկողմանի լուծման: Ան մեծ աջակցութիւն կը վայելէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ նորաբնակներու կողմէ, որոնք անհամար թիւով ժամանած են մայր ցամաքէն` փոխելով կղզիին կրօնական եւ մշակութային դիմագիծը», գրած է «Կարտիըն»:
«Ես չեմ պատրաստուիր երկրորդ Թայֆուր Սոքմեն մը ըլլալ», ըսած է Աքինճի «Կարտիըն»ի` վկայակոչելով Հաթայի նախագահը, որ 1930-ականներուն իր հանրապետութիւնը` նախապէս ֆրանսական հովանաւորութիւն ունեցող Սուրիոյ մէկ մասը հանրաքուէէ մը ետք միացուց Թուրքիոյ:
Թուրքիոյ եւ կիպրացի թուրք առաջնորդին միջեւ վէճը կը շեղէ Թուրքիոյ կառավարութեան ուշադրութիւնը շարք մը այլ լուրջ պայքարներէ, զորս Թուրքիա ունի Հայաստանի, Իրաքի, Սուրիոյ, Իրանի, Լիպիոյ, Յունաստանի եւ Կիպրոսի հետ:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ