ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր»․- Տրապիզոնի մէջ գտնուող 4րդ դարու յունական Սումելա վանքը, որ ներկայիս վերականգնումի աշխատանքներու պատճառով ժամանակաւորապէս փակ է այցելուներու առջեւ, սրբապղծութեան ենթարկուած է թուրքերու կողմէ։ Թուրք երաժիշտ մը իր երաժշտական խումբին հետ վանքին մէջ նկարահանումնե կատարած են, արտօնութիւն ստանալով նահանգապետարանէն։
Նկարահանման ընթացքին, վանքին մէջ բարձրաձայն երաժշտութիւն հնչած է եւ նկարահանումը ուղեկցուած է պարերու կատարումով։ Այս տեսարանը ընկերային ցանցերուն վրայ վրդովումի տեղ տուած է։
Մտահոգութիւն յայտնուած է, թէ բարձր երաժշտութեան ձայները ոչ միայն վիրաւորանք են հոգեւոր արժէքին նկատմամբ, այլ կրնան նոյնիսկ վնաս հասցնել հին վանքի կառոյցին։
Տրապիզոնի Մաչքա գաւառին մէջ գտնուող վանքը 2010ին վերաբացուած էր իբրեւ թանգարան։ Այս դէպքը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, թէ ինչ մօտեցում ունին թրքական իշխանութիւնները եւ թուրք հասարակութիւնը այլ կրօններու հոգեւոր արժէքներուն նկատմամբ։ Քանի մը տարի առաջ թուրքերը նորաձեւութեան ցուցադրութիւն կազմակերպած էին Անիի հայկական եկեղեցիներուն մէջ։