«Թուրք գիտնականները կը պատրաստուին յառաջիկայ տարի նոր պեղումներու սկսիլ Թուրքիոյ ամենատպաւորիչ զբօսաշրջութեան կէտերէն մէկուն` հնագոյն հայկական Անի քաղաքի տարածքին»,- կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը վկայակոչելով թրքական պաշտօնական «Անատոլու» գործակալութիւնը:
Թրքական աղբիւրներու փոխանցումով` այս աշխատանքները պիտի իրականացուին երկրի արեւմուտքը գտնուող Տենիզլի քաղաքի «Փամուքքալէ» համալսարանի հնագէտներուն կողմէ: Անոնք, Կարսի նահանգապետարանի Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան գործակալութեան ղեկավար Հաքան Տողանայի փոխանցմամբ՝ արդէն իսկ կը բանակցին Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան հետ` Անիի մէջ պեղումներ իրականացնելու պաշտօնական թոյլտուութիւն ստանալու նպատակով:
«Անին երբեմնի հզօր հայկական կայսրութեան կեդրոնն էր, ունէր 100-200 հազար բնակիչ` հանդիսանալով այդ ժամանակաշրջանի խոշորագոյն քաղաքներէն մէկը»,- կը գրէ «Անատոլու»-ն` տեղեկացնելով, որ միայն անցեալ տարի Անի այցելած են մօտ 22 հազար զբօսաշրջիկներ: «Անոնց 60 տոկոսը օտարերկրացիներ են, անոնց համար Անին, ըստ ամենայնի, գրաւիչ է իբրեւ տարբեր կրօններու միախառնման կէտ, քաղաք, ուր ժամանակին կ’ապրէին տարբեր կրօններու, մշակոյթներու, ռասաներու ներկայացուցիչներ»,- «Անատոլու» գործակալութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին նշած է Կարսի նահանգապետարանի ներկայացուցիչ Հաքան Տողանայը` չթաքցնելով, որ տեղական իշխանութիւնները նպատակ ունին Անիի մէջ իրականացուող աշխատանքներու ախուժացման շնորհիւ աւելցնել զբօսաշրջիկներու հոսքը:
«Ակնյայտ է, որ մենք պէտք է աշխարհին մատուցենք համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող այս քաղաքը որքան հնարաւոր է արագօրէն»,- նշած է Տողանայը:
«Վերջին ամիսներուն եւս Անիի մէջ որոշակի աշխատանքներ իրականացած են, մասնաւորաբար` 2012 Յունիսին կատարուած պեղումներու արդիւնքով յայտնաբերուած սափորները, կաւէ սպասքի կտորները եւ մարդկանց ոսկորները տեղափոխուած են յատուկ պահեստ մը», – նշած են թուրք պաշտօնեաները:
Ի դէպ, թրքական իշխանութիւնները առաջին անգամ Անիի հանդէպ լուրջ ուշադրութիւն դարձրեցին մօտ 20 տարի առաջ: 1989-էն սկսեալ այստեղ մաքրման որոշակի աշխատանքներ կ’իրականացուէին, որոնք, սակայն, դադրեցան 2005-ին եւ վերսկսան միայն 2009-ին` հայ – թրքական ֆութպոլային դիւանագիտութեան մեկնարկին զուգահեռ: 2010-ին արդէն Անին յայտնուեցաւ խոշոր քաղաքական խայտառակութեան կիզակէտին, երբ թուրք ազգայնականներու առաջնորդ Տեվլէթ Պահչելի իր կողմնակիցներուն հետ ուրբաթօրեայ նամազ կատարեց Անիի հայկական Մայր տաճարին մէջ: