ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Թրքական լրատուամիջոցները անդրադարձան թուրք գրող Օրհան Փամուքի ամուսնութեան, նոյն ժամանակ շեշտեցին այն հանգամանքը, որ Փամուք ժամանակին զուիցերիական Das Magazin ամսագիրին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած էր, որ թուրքերը կոտորած են 1 միլիոն հայեր․
«Ու անկէ ետք անոր շնորհուեցաւ Նոպէլեան մրցանակ», գրած է Yeni Cag թերթի կայքը։
Նշենք, որ Փամուքը 2006ին արժանացած է Նոպէլեան Գրականութեան մրցանակին։ Անոր ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են առաւել քան 50 լեզուներու, նաեւ՝ հայերէնի։
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ ազգայնամոլ շրջանակները թշնամաբար կը վերաբերին Օրհան Փամուքին նկատմամբ, որովհետեւ ան խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ մեղադրելով թուրքերը 1 միլիոն հայեր եւ 30 հազար քիւրտեր ջարդելու յանցանքով: