Յարութիւն Իսկահատեան-Պէյրութ – ՊԱՅՔԱՐ
Օսմանեան Պետութեան գործադրած Հայոց Ցեղասպանութեան ծիրին մէջ կատարուած՝ Պարսկահայքի 1918ի հայոց ջարդերուն մասին հազուագիւտ ակնարկութիւններ եւ աւելի նուազ անդրադարձներ գոյութիւն ունին, բոլոր ուշադրութիւնը կեդրոնացուած ըլլալով Հայաստանի արեւմտեան հատուածի եւ Կիլիկիոյ կոտորածներուն ու բռնագաղթին վրայ: Դոկտ. Ռոզմարի Յարութիւնեան Քոհէն մէկն է անոնցմէ, որ Պարսկահայքի 1918ի հայոց ջարդերը վաւերագրած է իր մեծ մօր ոդիսականը ներկայացնելով՝ «Վերապրած Խոյեցի Արուսեակը» խորագրեալ յուշագիրքով, պարսկերէն, որ թարգմանուած է հայերէնի՝ Արա Յ. Աւէնիսեանի եւ խմբագրուած դոկտ. Սամուէլ Մուրատեանի կողմէ, լոյս տեսած «Լիմուշ» հրատարակչատունէն, Երեւան, 2011, փոքր չափի 224 էջ, զոր ներկայացուցած եմ իմ պատրաստած «Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան» հատորաշարքի Գիրք Ե., Պէյրութ, 2013, էջ 242ի մէջ:
Դոկտ. Ռոզմարի Յարութիւնեան Քոհէն վերոնշեալ հատորի լոյս տեսնելէ ութը տարի ետք՝ 2019ին, Ա. Մ. Ն.ի Լոս Անճելըս քաղաքի «Լիքօ» հրատարակչատունէն լոյս ընծայած է իր հեղինակած «Ձայներ Թաքցուած Ցեղասպանութենէն 1918 (Պարսկաստան-Իրանի Մէջ Հայոց Դէմ Թրքական Կոտորածներու Պատումներ)» խորագրեալ 409 էջնոց անգլերէն յուշագիրքը, տպագրուած՝ Չինաստան (Voices from the Hidden Genocide, 1918, Stories of the Turkish Massacre of Armenians in Persia-Iran, Lico Publishing. Los Angeles, California, first edition, printed in China): Հեղինակը ինը գլուխներու մէջ կը նկարագրէ այդ շրջանի զանազան վերապրող ականատես վկաներու յուշերը:
Դոկտ. Ռոզմարի Յարութիւնեան Քոհէն յուշագիրքի յառաջաբանին մէջ Պարսկահայքի Հայասպանութեան մասին կը խորհրդածէ եւ ընդհանուր գիծերու մէջ կը բացատրէ անոր պատճառները: 1918էն առաջ, Ա. Համաշխարհային Պատերազմին մասնակից պետութիւններու աչքը Պարսկաստանի վրայ էր, հակառակ այն իրողութեան թէ վերջինս պատերազմին չէզոք դիրք բռնած էր: Ռուսիա կը ձգտէր հարաւի տաք ջուրերը իջնել եւ անոր նաւահանգիստները օգտագործել: Մեծն Բրիտանիա իր ախորժակը սրած էր Պարսկաստանի հարաւ-արեւմտեան շրջանին մէջ գտնուող նաւթահորերուն տիրանալու, դէպի Հնդկաստան երթեւեկող իր նաւերուն վառելանիւթ հայթայթելու նպատակաւ, այդպիսով ցամաքի ճամբով ապահովելու Հնդկաստանի հետ իր կապերը: Նկատելով որ Պարսկաստան հետզհետէ կը դառնար ճարտարարուեստական երկիր մը, Գերմանիա կը ձգտէր իր արդիւնաբերական յառաջացած մեքենաներն ու սարքերը սպառել պարսկական շուկային մէջ եւ փոխարէնը ապահովել հսկայական շահեր: Ֆրանսացիները, պելճիգացիներն ու հոլանտացիները կը ձգտէին իրենց արդիւնաբերական ապրանքներով (շաքար, ծխախոտ եւ հեռագրական գործիքներու եւ ցանցերու հաստատում) ու առեւտրա-վարչական ծառայութիւններով գոհացում տալ պարսկական շուկային, նիւթական կարեւոր շահերու փոխարէն (էջ 17-18):
Այս բոլորին մէջ ըստ հեղինակին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները այդ տարիներուն Միջին Արեւելքի մէջ աւելի մարդասիրական դեր կը կատարէին քան՝ քաղաքական կամ առեւտրական: Անոնք ամէն ազգի եւ կրօնքի որբերուն զանազան տեսակի օգնութիւններ կը հասցնէին, որբանոցներ կը կառուցէին, որբեր կը հաւաքէին եւ կը կերակրէին զանոնք, դպրոցներ ու ուսումնարաններ կը բանային անոնց համար: Ամերիկացիները կը գործէին միսիոնարական միութիւններու միջոցաւ: Ա. Մ. Ն.ի վարչակարգը քաղաքականութեան եւ առեւրուրի մէջ նուազ փորձառու էր քան իր եւրոպացի դաշնակիցները, որոնք դարերու փորձառութիւն ձեռք ձգած էին գաղութատիրական հարցերու մէջ, եւ աւելի շահադիտական անկիւնէ նայելով կը գործէին ամենուրէք, մանաւա՛նդ Միջին Արեւելքի մէջ (էջ 18):
Երբ ցարական ոյժերը Ռուսիոյ մէջ համայնավար յեղափոխականներէ պարտութիւն կրեցին եւ երկիրը անցաւ վերջիններուս ձեռքը, ինչպէս բոլոր ճակատներու վրայ, Իրանի եւ Պարսկահայքի մէջ ծառայող ռուս զինուորները նահանջեցին ու վերադարձան իրենց տուները: Անոնց մեկնումէն ետք Պարսկահայքի հայերն ու ասորիները անպաշտպան մնացին: Օսմանեան բանակը անմիջապէս տարածուեցաւ Խոյի շրջանին մէջ, տեղւոյն քրիստոնեաները եւ մանաւա՛նդ հայերը բնաջնջելու թրքական կանխամտածուած եւ նախապատրաստուած ծրագիրը ի գործ դնելու շրջանի քիւրտերուն օգնութեամբ, ճիշդ այնպէս ինչպէս գործադրեցին Հայաստանի արեւմտեան հատուածի եւ Կիլիկիոյ ջարդերը: Այս պարագային միակ տարբերութիւնը այն էր թէ օսմանցիները իրենց պետութեան սահմաններէն դուրս կը կատարէին մարդկութեան դէմ մեծագոյն ոճիրներէն մէկը՝ Հայասպանութիւնը: Թուրքերը լաւ գիտէին թէ դաշնակից պետութիւնները զբաղած էին պատերազմի հարցերով: Պարսիկ ղեկավարութիւնը իր կեդրոնին մէջ նստած ո՛չ ոյժը ունէր եւ ո՛չ այլ քաղաքական կամքը իրեն հպատակ քրիստոնեաներն ու հայերը պաշտպանելու: Խոյի շրջանին մէջ թուրքերը ունէին իրենց մեղսակից օգնական քիւրտերը՝ շնորհիւ Շահաք ցեղախումբին, որոնց ղեկավարը՝ Սմկօ Շահիք, վայրենի բնազդով թուրքերու հաւատարիմ ծառայ մըն էր, վասն կողոպուտի եւ մարդասպանութեան: Սմկոյի զինեալ ասպատակները կը սկսին քրիստոնեաները եւ մանաւա՛նդ հայերը նեղել, խոշտանգել, առեւանգել եւ իրենց տուներէն տեղահան ընելով անոնց ինչքերուն եւ ստացուածքներուն տիրանալ: Անոնք նոյնիսկ իսլամ պարսիկներ ալ կը կոտորեն կողոպուտի եւ քմայքի սիրոյն: Թուրքերը որոշած էին յարձակիլ եւ գրաւել Խոյը եւ ջարդել տեղւոյն հայերը:
Այդ օրերուն Խոյի հայութեան վիճակը ողբերգական կը դառնայ: Հայ կանայք ժամերով ուտելիքի կը սպասէին շուկային մէջ, համաճարակներ տարածուած էին, տարեցներ ու մանուկներ կը մահանային մեծ թիւով: Բարիացակամ իսլամ պարսիկներ գեղեցիկ հայուհիները իրենց տուները կը տանէին՝ զանոնք չար աչքերէն թաքցնելու համար: Թուրք զինուորները (ասկեարները) հայ կիներ ու աղջիկներ կ՛առեւանգէին, կը բռնաբարէին եւ կը սպաննէին: Թուրքերու քաղաք մուտքին իրենց ձերբակալած հայ այրերը լեռներու վրայ տանելով կոտորած էին: Հեղինակը կ՛ըսէ թէ Պարսկաստանի կառավարութիւնը ոչ մէկ ճիգ կը թափէր հայերը պաշտպանելու, քանի որ անոր համար բաւ էր որ վարչակարգը զերծ մնար թուրքերու չարիքէն…(էջ 19):
1915-1918 թուականներուն թուրքերու իրագործած Հայասպանութիւնը կատարուած չէ միայն Հայաստանի արեւմտեան հատուածին, Կիլիկիոյ եւ ընդհանրապէս Օսմանեան Պետութեան սահմաններուն մէջ, այլ նաեւ տեղի ունեցած է ուր որ թուրք զինուորը իր պիղծ ոտքը կոխած է, ներառեալ՝ Հայաստանի արեւելեան հատուածին, Վրաստանի զանազան շրջաններուն եւ Պարսկահայքի մէջ, որ այդ տարիներուն եւ մինչեւ օրս կը գտնուի պարսկական գերիշխանութեան տակ: Այս իրականութեան մասին դժբախտաբար հայկական պատմագիտութեան եւ ընդհանրապէս հայկական միջավայրին մէջ թիւրամացութիւն գոյութիւն ունի, քանի որ այդ մասին շատ քիչ խօսուած է:
Արդարեւ իրաւացի է «Վերապրած Խոյեցի Արուսեակը» յուշաագիրքի հեղինակը իր նախաբանին մէջ, ուր կ՛ըսէ. «Քիչ թիւով մարդիկ են տեղեակ այն իրականութեան մասին, որ օսմանցիները այդ եղեռնը իրականացրել են ոչ միայն իրենց երկրում (օսմանցիներու «երկրի»ն մեծագոյն մասը ուրիշ ժողովուրդներու հայրենիքն է- Յ. Ի.) այլ եւ հարեւան երկրների հողի վրայ (Պարսկահայքը հարեւան երկրի հող չէ, այլ հայոց հայրենիքի՝ Հայաստանի անբաժանելի մէկ մասն է- Յ. Ի.)», ինչպէս որ նշած եմ «Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան» հատորաշարքի Գիրք Ե., Պէյրութ, 2013, էջ 242ի մէջ: Մէկ խօսքով, թուրքերու կողմէ հայոց բնաջնջումը կատարուած է նաեւ հայոց հայրենիքի՝ Հայկական Լեռնաշխարհի անխտիր բոլոր շրջաններուն մէջ՝ առանց բացառութեան, ինչ որ յաւելեալ ապացոյց է, թէ հայաջնջման ծրագիրի վերջնական նպատակը հայութիւնը վերացնելն էր իր հազարամեակներու հայրենիքին մէջ: