Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.-ի Հրատարակութեանց Լոսյին Տակ- թիւ 8
Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ – ՊԱՅՔԱՐ 151
Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի դաշնագիրերուն յաջորդեց հայոց մտքի խաղաղութեան կարճ շրջան մը: Քաղաքակրթեալ կարծուած պետութիւններ այս երկու վեհաժողովներուն հայոց ի նպաստ որոշումներ տուին (թէեւ երկրորդին՝ կրճատուած կամ սահմանափակուած – Յ. Ի.) վերջ դնելու համար Հայաստանի արեւմտեան հատուածին մէջ ապրող քրիստոնեաներուն եւ մանաւանդ հայոց տառապանքներուն: Հայերը իբրեւ քաղաքակիրթ ժողովուրդ երազներ սնուցեցին, թէ այլեւս վերջ պիտի գտնեն թրքական ու քրտական բարբարոսութիւնները եւ հայը խաղաղ ու շինարար կեանք մը պիտի ապրի իր սեփական հողին վրայ: Միայն իրենց շահերէն բխող եւրոպական մեծ տէրութիւններու հայոց թշուառութեան եւ իրաւունքներու նկատմամբ անօգուտ կարեկցութիւնը, կեղծ հետաքրքրութիւնն ու սին խոստումները՝ գայթակղեցուցիչ ազդեցութիւն թողուցին թուրքերու եւ քիւրտերու վրայ, որոնք փոխանակ զգաստանալու, հակոտնեայ հակազդեցութեամբ աւելի բուռն թափով սկսան հալածել հայերը: Թուրքերն ու քիւրտերը աւելի եւս մխրճուեցան իրենց ոճրային արարքներուն մէջ եւ աւելի ծարաւ դարձան արիւնի իբրեւ յագեցում իրենց մտավախութիւններով խառն վայրենի բնազդին: Օսմանեան անմարդկային գործելակերպին գագաթնակէտը հանդիսացան 1894-1896 ժամանակաշրջանի հայոց կոտորածները, որոնք անկէ ետք ալ շարունակուեցան:
Հայաստանի վեց նահանգներու մէջ գործադրուելու համար առաջարկուած բարենորոգումներու հարցով՝ միջազգաին վերլուծաբաններու երկու հոսանք գոյութիւն ունէր: Առաջինը կը պաշտպանէր այն տեսակէտը որ Մեծն Բրիտանիա պարտի արգելք ըլլալ Ռուսիոյ, որպէսզի ան չկարենայ Կ. Պոլիսը գրաւել: Երկրորդը, որ մեծամասնութիւն կը կազմէր, ունէր այն տեսակէտը թէ Ռուսիա պարտի ոչ միայն բարենորումներ պարտադրել թուրքերուն հայոց վեց նահանգներու մէջ, այլ գրաւել այդ նահանգները՝ քրիստոնեաները առ յաւէտ փրկելու համար թրքական լուծէն եւ Մեծն Բրիտանիա պէտք չէր որ արգելք ըլլար այս գործին: Այս տրամաբանուեամբ կ՛եզրակացուի որ եթէ Անգլիա օգնէր հայոց, այդ ձեւով օգնած կ’ըլլար Ռուսիոյ: Ամէն պարագայի տակ այս տարբերակը գործադրելի չէր:
Մեծ պետութիւններու միջեւ տեղի ունեցաւ քաշքշուք՝ իւրաքանչիւրը իր շահը որոնելով, իսկ օսմանցիներու մօտ նկատուեցաւ շարունակական ձգձգում եւ հայոց կոտորածներու յարատեւում, մինչեւ որ ծնաւ հայկական ազատագրական շարժումը եւ ուրճացաւ հայդուկապետ Անդրանիկի առաջնորդութեամբ, որ իր շուրջ համախմբեց անձնուրաց ֆետայիներ Սասունի լեռներուն վրայ: Անոնց նպատակն էր դէմ դնել հայոց դէմ քիւրտերու եւ թուրքերու յարձակումներուն ու ոտնձգութիւններուն: Ուրեմն, հայոց դիմադրական շարժումը հակազդեցութիւն մըն էր թրքական ոճիրներուն: Հայոց դէմ թուրքերու կողմէ ի գործ դրուած բազում վայրագութիւններու շարքին կը յիշուին Մուշի եւ Վանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը 1870-ականներու սկիզբը: Արդարեւ Մուշի մէջ քիւրտերը հայկական տասնըեօթը գիւղերու խաղաղ բնակիչները իրենց հագուստներէն, դրամէն եւ կահ-կարասիէն կողոպտելէ ետք, անոնց տուները կրակի տուած են, ժողովուրդը ձիւնին եւ ցուրտին անպատսպար ձգելով: Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը այս մասին գրաւոր տեղեկացուցած է Բ. Դուռը, ընդգծելով որ հայոց ագարակներուն, դաշտերուն եւ այգիներուն հրդեհուելուն պատճառով պետութեան գանձը որոշ եկամուտէ պիտի զրկուի ինքնաբերաբար: Թուրք զինուորները Վանէն անցած ժամանակ, հայոց խիստ նեղութիւն պատճառելէ յետոյ, շատ մը հայեր կը սպաննեն, կը վիրաւորեն, կ’առեւանգեն եւ անոնց տուները, դաշտերն ու այգիները կը հրկիզեն, պարզապէս հայոց ցուցադրելով իրենց «ոյժն ու ցասումը»՝ ռուսական բանակէն պարտուած ըլլալու ոխը հանելով:
Բ. Դուռը բնաւ ականջ չէր դներ հայոց գանգատներուն, աղաչանքներուն եւ աղերսանքներուն: Ի՞նչպէս կարելի էր ակնկալել այդ բարձրագոյն հեղինակութենէն դադրեցնել հայոց դէմ կատարուող թրքական ու քրտական բարբարոսութիւնները, երբ ինքն էր որ հրամանը կ’արձակէր եւ հայոց դէմ գործադրուելիք յարձակումներուն մանրամասնութիւնները կը ծրագրէր:
Ուրեմն կ’արժէ շեշտել թէ Անդրանիկի ղեկավարութեամբ հայկական դիմադրութիւնը արդիւնք էր հայոց դէմ օսմանեան յարատեւ ոտնձգութիւններուն եւ յարձակումներուն: Հայկական զինեալ պայքարի օրինականութիւնը հաստատող եւ ամրապնդող կարծիքի մը կը հանդիպինք եգիպտական «Ալ Ահրամ» օրաթերթի 22 Մարտ 1904-ի թիւին մէկ խիզախ յօդուածին մէջ (էջ 361-363, Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.-ի կազմած ու հրատարակած արաբերէն լեզուով «Հայկական Հարցը 1876-1923 Ժամանակաշրջանի Արաբական Մամուլին Մէջ» ընդհանուր խորագրեալ հատորաշարքի, «1897-1908 Հայերը Եւ Երիտասարդ Թուրքերը» խորագիրով երրորդ հաւաքածոյ), ուր յօդուածագիրը հայոց դիմադրական շարժումը դատապարտողներուն ուղղելով իր խօսքը հետեւեալը կ’ըսէ. «Եթէ երբեք թուրքերու եւ քիւրտերու վրայ հայոց յարձակումները տգեղ երեւոյթ կը սեպէք, եւ կ’ուզէք որ հայերը պատժուին, ես ալ իմ կարգիս քիւրտերուն եւ թուրքերուն կառավարութեան կողմէ զէնք բաշխուելու երեւոյթը տգեղ կը գտնեմ եւ չար նպատակ՝ անոր յետին: Ներկայիս վտանգաւոր դէպքեր կը նախագուշակենք չարաբախտ այդ երկրին համար [մասնաւորաբար նկատի ունի Սասունը- Յ. Ի.], որովհետեւ կառավարութիւնը հրաման տուած է ութը կործանիչ սարքաւորումներու եւ տասնըհինգ թնդանօթներու շարժման մէջ դրուելու՝ Սասունի լեռները դիրք բռնած հայ ֆետայիներու եւ շրջանին մէջ ապաստանած հայ բնակիչներու դէմ: Մեծ թիւով զինեալ հայեր Անդրանիկի (կը նկատենք եգիպտական արաբերէն թերթերու մէջ թէ Անդրանիկի անունը Օթրանիկ գրուած է- Յ. Ի.) ղեկավարութեամբ պատրաստ են կռուելու եւ իրենք զիրենք ու հայերը պաշտպանելու»: Իբրեւ եզրակացութիւն յօդուածագիրը կոչ կ’ուղղէ թրքական իշխանութիւններուն եւ սուլթանին արդար ըլալու. «Կ’ակնկալուի Սուլթանին արդարութիւնը ի գործ դրուի: Պէտք չէ ան սուրը վար դնէ նախ քան բոլոր ոճրագործները պատժուին հաւասարապէս»: Հոս ակներեւ է թէ յօդուածագիրը կը պահանջէ նախ թուրքերու եւ քիւրտերու պատիժը, որոնք անկասկած նախայարձակ եղած են հայկական գիւղերը ասպատակելով եւ անմեղ հայեր կոտորելով:
Այս արաբերէն երրորդ հաւաքածոյին մէջ ուշագրաւ է կարգ մը եգիպտական թերթերու բացայայտ սուտն ու կարճատես հերքումը գետնի վրայ արդէն իսկ կատարուած դէպքերու, որոնց մասին եւրոպական թերթեր լուրեր եւ վերլուծութիւններ արդէն հաղորդած էին ատենին: Այս կարգ մը եգիպտական արաբերէն թերթերու սեփականատէրերը կամ աշխատակիցները թուրքեր եւ կամ քիւրտեր ըլլալով, անոնք հաւկուրութեամբ կը զբաղէին փոխանակ օրուան անցուդարձերու եւ զարգացումներու հետ քայլ պահելով իրականութիւնը հաղորդելու: Ուրիշ թերթերու խմբագիրներ սահմռկած էին օսմանեան իշխանութիւններու բռնատիրական եւ վայրագ միջոցառումներէն եւ սովորութիւն ըրած էին միայն հայոց դէմ բարբառել ու Ապտիւլ Համիտը գովաբանել: Օրինակ մը տալու համար կը յիշենք «Ալ Ռաուի» թերթի 24 Մարտ 1904-ի թիւին մէջ լոյս տեսած լուրը եւ անոր մասին անճիշդ բացատրութիւնը: Կեղծ զարմաքնով խառն եղող անտեղի քննադատութիւնը թիրախ ընտրած է ֆրանսական «Լէօ Թան» թերթը, որ մտավախութիւն յայտնած է թէ [1904-ի գարնան- Յ. Ի.] Սասունի եւ Մուշի հայերը սաստիկ վտանգի տակ են եւ թուրքերն ու քիւրտերը պատրաստութիւն կը տեսնեն զանոնք մորթելու…: «Ալ Ռաուի» թերթի յիմար զարմանքէն եւ «Լէօ Թան»ի զգուշացումէն կարճ ժամանակ ետք, թուրքերն ու քիւրտերը բուռն յարձակում գործած են Սասունի հայ ֆետայիներուն եւ լեռը ապաստանած անզէն հայոց վրայ: «Լէօ Թան»ի տեղին զգուշացումը կատարուած իրողութիւն դարձած է:
Սուտի կամ հերքումի այլ օրինակ մը կը ներկայացնէ «Ալ Ահրամի» 30 Մայիս 1904-ի թիւին մէկ յօդուածը՝ թափանցիկ նենգամտութեան դրսեւորում մը, որ կ’ըսէ. «Զինուած մարդիկ Մուշի եւ Սասունի քանի մը գիւղերու վրայ յարձակելով կը կոտորեն ժողովուրդը եւ ողջ մնացողները՝ թիւով 800-1000 բնակիչներ դէպի Մուշ կը փախչին»: Այս յօդուածագիրը կ’ըսէ. «Սակայն մինչեւ հիմա չի գիտցուիր թէ յարձակումը գործողները քիւրտե՞ր են թէ յեղափոխական հայեր» (էջ 390): Շատ յստակ է, որ յարձակողները քիւրտեր են: Հայերը ինչո՞ւ պիտի յարձակէին հայկական գիւղերու վրայ: Նկատի պէտք է ունենանք որ թերթին մէջ յօդուածին հրատարակութեան թուականը նոյնպէս 1904-ի Մայիսն է, երբ սկսած էր Սասունի երկրորդ ապստամբութիւնը, եւ օսմանեան կառավարութիւնը սուլթանին հրամանով հայոց դէմ հանած էր քրտական աշիրէթները: «Ալ Ահրամ» թերթի լրատուութիւնը տուող թղթակիցին լուրը տալու ձեւը՝ դահիճն ու զոհը հաւասարեցնելու ձախող եւ ծիծաղելի փորձ մըն է: Նոյն թերթը տակաւին երկու ամիս առաջ, Մարտ 22-ին կը դատապարտէր կառավարութեան կողմէ քիւրտերուն եւ թուրքերուն զէնք բաշխելու իրականութիւնը եւ կը զգուշացնէր անոր վատ հետեւանքներէն, ինչպես վերը յիշեցինք:
Հատորին մէջ զետեղուած են նաեւ լուրեր սուլթանին յաճախակիօրէն շնորհած ներումներուն մասին: Ուշագրաւ է ներումի շարադրութեան ոճը, որ կը շեշտէ թէ ներում շնորհուած է բոլոր ոճրագործներուն եւ յանցագործներուն: Այսպիսով թուրք սուլթանը անմեղ եւ ինքզինք պաշտպանելու համար դիմադրող հայոց շնորհուած նոյն ներումին կ’արժանացնէ նախայարձակ թուրք եւ քիւրտ ոճրագործները, անոնց արարքները օրինականացնելով եւ արդարացնելով: Ամէն պարագայի տակ սուլթանին ներում շնորհելու միակ նպատակն էր ձերբակալել միայն հայերը, առանց յարգելու նախապէս խոստացուած երաշխիքներու գործադրութիւնը:
Սասունի Բ. Ապստամբութիւնը եւ ընդհանրապէս հայկական ազատագրական շարժումը բազմակողմանիօրէն ուսումնասիրած է՝ Զօրավար Անդրանիկի գործունէութիւնը մանրամասնօրէն ներկայացուցած Անդրանիկ Չելեպեան, իր «Զօրավար Անդրանիկ Եւ Հայ Յեղափոխական Շարժումը» (Ապրիլ Հրատարակչութիւն, Լոս Անճելըս, Ա. Մ. Ն., 1984, 745 էջ – ABRIL Printing Company, Los Angeles, U. S. A., 745 pages) խորագրեալ գիրքին մէջ: 1902-ին օսմանեան կառավարութիւնը Սասունը պաշարած է եւ ժողովուրդը սաստիկ նեղի մատնած: Շրջապատող զօրքին զինուորները կը ճնշէին հայոց վրայ եւ կ’ապրէին անոնց հաշւոյն: Պետութիւնը բազմաթիւ անմեղ հայեր ձերբակալելով Մուշի բանտերը լեցուցած էր: Հեղինակը ընդհանուր կացութեան մասին խօսելով կ’ըսէ. «Այդ տարին [1902- Յ. Ի.] քիւրտ աշիրէթներուն մեծ մասը անդրադարձած էր թէ թրքական կառավարութիւնը զիրենք իբր միջոց կը գործածէ հայոց հաշիւը մաքրելու համար եւ յաճախ իրենք վնասով դուրս կու գային, երբ բախում ունենային ֆետայիներուն հետ: Այս պատճառով քիւրտերը այդ տարին տրամադրութիւն ցոյց չէին տուած կրակին հետ խաղալու՝ ի հաշիւ կառավարութեան: Թուրքերը այս անգամ Կովկասէն գաղթած դժբախտ չէրքէզները զինած եւ քաջալերած էին, որպէսզի նեղեն ու թալանեն հայկական գիւղերը»: Անդրանիկ Չելեպեան Անդրանիկի ղեկավարութեամբ հայկական յեղափոխութեան իսկական պատճառը կ’ըդգծէ երբ կ’ըսէ. «Ի տես իրենց գոյութեան սպառնացող վտանգին, հայ ֆետայիները ուրիշ ընտրութիւն չունէին, եթէ ոչ զինուիլ եւ պատսպարուիլ ինքնապաշտպանութեան համար» (էջ 181):
Անդրանիկ Չելեպեան օսմանեան կարգերու «արդարութիւն»ը բացատրելու համար հետեւեալը կ’ըսէ. «Թուրքերը, չէրքէզներն ու քիւրտերը իրաւունք ունէին իրենց տուներուն մէջ պատերէն կախել հրացաններ, ատրճանակներ եւ թուրեր՝ ազատ եւ անվախ, բայց հայը զմելի մը անգամ ունենալու իրաւունքէն զրկուած էր» (էջ 182):
Թէեւ Սասունի լեռներուն վրայ ժողովուրդն ու ազատամարտիկները կը ցրուին բուռն ու երկար դիմադրութենէ ետք, այս մէկը սակայն պարտութիւն չի կրնար սեպուիլ՝ ինչպէս ցոյց կու տան հայդուկապետ Անդրանիկի հետեւեալ խօսքերը. «Սասունի մասին ասում են, որ կոտորուել է առանց արդիւնք տալու: Դա նախատինք է, որ շարունակ կոտորուիլն են յիշում, եւ չեն ասում, որ նոյնպէս եւ կոտորե՛լ ենք: Կռուողներին չեն կարողացել կոտորել, այլ խաղաղ ժողովրդին, որ արտում աշխատելիս է եղել: Մենք կռուղներս թշնամուց երկու անգամ աւելի ենք ռազմամթերք խլել, քան նրանք մեզանից: Չնայած որ մեր մթերքը շատ պակաս է եղել, բայց այնուամենայնիւ մենք միայն չենք կոտորուել: Մեր դէմը եկողը հազարապատիկ էր: Մենք միայն սուտ անուններով 7000 հոգի սպաննուած ցոյց տուինք, որ հիւպատոսներին ներկայացնեն» (էջ 191):