Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան սնանկութիւնը ծանօթ է բոլորին, հակառակ որ մերթընդմերթ ուրացողներու կը հանդիպինք՝ քիչ մը ամէն տեղ: Քաղաքական սնանկութիւնը բարոյական անկումի ապացոյց է:
Դրացի պետութիւններու հետ զերօ խնդիրներու յաւակնող Թուրքիան, թութակի տպաւորութիւն ստեղծած է Միջին Արեւելքի քաղաքական բեմին վրայ: Այո, սովորական թութակ՝ ուրիշներ կը խօսին, ինք կ’արձագանգէ անոնց յայտարարութիւնները…: Այս ալ երախտաշատ աշխատանք մըն է Թուրքիոյ ղեկավարութեան համար: Ու որպէսզի այս գայթակղութիւնը ծածկէ, կը փորձէ թիւր տպաւորութիւն մը ստեղծել, իբրեւ թէ շրջանային դերակատարութիւն մը վերապահուած է իրեն՝ Միջին Արեւելքի նոր զարգացումներուն մէջ: Ժամանակը կրնայ փոխուիլ, սակայն պատմութիւնը կը կրնկէ ինքզինք: Թուքիա չի կրնար հեռանալ իր արմատներէն ու անցեալէն: Ան կը մնայ ու պիտի մնայ վաչկատուն ցեղերու արժանաւոր ժառանգորդը: Վիքթոր Հիւկոյի նշանաւոր արտայայտութիւնը այսօր ալ կը մնայ իր լիարժէք խորհուրդին մէջ՝ այստեղէն անցաւ թուրքը…:
Այստեղէն անցաւ թուրքը՝ երբ Աւստրիոյ պարիսպներուն առջեւ խայտառակ պարտութիւն մը կրելէ ետք, իր հայեացքը Եւրոպայէն շեղեց դէպի Պալքաններ, այնտեղ ցանելով սարսափ ու աւեր:
Այստեղէն անցաւ թուրքը՝ երբ Համաշխարահիյն Առաջին պատերազմի ընթացքին կազմակերպեց եւ գործադրեց Քսաներոդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը , բռնահանելով ու կոտորելով մէկուկէս միլիոն ժողովուրդ:
Այստեղէն անցաւ թուրքը՝ երբ Առաջին համաշխարհային պատերազմի թէժ օրերուն, երաշտ ու կախաղաններով պատասխանեց Սուրիոյ եւ Լիբանանի ազատասէր ժողովուրդներուն ձայները:
Այստեղէն անցաւ թուրքը՝ երբ 1974-ին ներխուժեց Կիպրոս եւ մինչեւ օրս բռնագրաւած կը պահէ կղզիին մէկ մասը,
Այստեղէն անցաւ թուրքը՝ երբ իր հողերէն արտաքսած քրիստոնեայ ժողովուրդներու մշակութային կոթողները կերպարանափոխելով, զանոնք իբրեւ թրքական մշակոյթի գոհարներ կը ներկայացնէ աշխարհին:
Այստեղէն անցաւ թուրքը՝, երբ քսան եւ աւելի տարիէ շրջափակումի տակ կը պահէ մեր նորանկախ Հայրենիքը:
Տակաւին շատ տեղերէ պիտի անցնի թուրքը: Թուրքը կը մնայ թուրք: Որքան ճիշդ են ֆրանսացի մեծ գրողին խօսքերը: Պիտի ապրէր մեծ վիպասանը, տեսնելու այսօրուան Թուրքիան: Միթէ կը տարբերի ան, անցեալէն: Ոչ, երբեք:
Սուրիոյ հակամարտութեան մէջ կեղծ գրմապետի սքեմ զգենած Թուրքիան ամէն գնով կը փորձէ օգտուիլ արաբական գարնան «բարիք»ներէն: Մեծ պետութիւններու հաշիւներուն մէջ ստուերի տակ մնացած Թուրքիան, փշրանքներ կը փնտռէ արաբներու ձեռքով հոսող արաբի արեան մէջ…: Այնքան յուսախաբ իրեն վերապահուած երկրորդական դերերէն, անոր կը մնայ սեփական ուժերուն ապաւինիլ, «բարոյական հատուցում»ի ելքեր փնտռել, սփոփանքի ու մխիթարութեան համար՝ կողոպտելով ճարտարարուեստով հարուստ հիւսիսային Սուրիոյ գործարանները, թալանելով գործարաններուն սարքերը, զանոնք բեռնակառքերով փոխադրելով Թուրքիա: Այո, այստեղէն ալ անցաւ թուրքը:
Բնազդային ինքնաբացայայտում. մէկ կողմէ ,արաբի բազուկով ու քրտինքով կառուցուած գործարաններ կողոպտել, միւս կողմէ՝ ժողովրդավարութեան դասեր տալ:
Մտահոգուելու լուրջ պատճառներ չունինք արդեօ՞ք, երբ այսպիսի հայեցակարգով պետութիւններ կը յաւակնին դառնալ վաղուան «ժողովրդավար» Սուրիոյ նախատիպարները…:
Ահարոն Շխրտըմեան