Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Կարօ Փայլան յայտարարած է, որ Թուրքիան ունի նախկին նախագահ Ապտուլլա Կիւլի կարիքը: Այս մասին կը հաղորդէ «Տեմոքրաթհապեր» կայքը:
«Այս յորձանուտէն դուրս գալու համար պէտք է բոլորին հետ աշխատինք: Ապտուլլա Կիւլն ալ պէտք է ստանձնէ որոշակի պատասխանատուութիւն, անոր կարիքը կայ», ըսած է Փայլան:
Ան նշած է, որ Թուրքիան այժմ «մեծ աւերածութիւն կ՛ապրի», եւ այդ բոլորին մէջէն երկիրը կրնայ դուրս գալ` կորսնցնելով իր խաղաղութիւնը, մարդիկը եւ տնտեսութիւնը, կամ ի վերջոյ` ամէն ինչ:
«Վստահ եմ, որ Ապտուլլա Կիւլը շատ տխուր է: Երբ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Թուրքիոյ մէջ իշխանութեան եկաւ, անոնք ըսին. «Մենք 28 փետրուարին (1997-ի «թաւշեայ յեղաշրջում»-ի ատեն, «Ա.») շատ ցաւ քաշեցինք: Այս երկրին մէջ բոլորն ալ ցաւ քաշած են: Մենք բոլորին պիտի փրկենք միայն այս երկիրը ժողովրդավարութեան բերելով»: Անոնց իշխանութեան առաջին տարիներուն ասիկա իսկապէս իրականացուեցաւ, սակայն այժմ այդ ձեռքբերումները մէկ կողմ դնելով` դարձեալ ետ կ՛երթանք», ըսած է Փայլան:
Թուրքիոյ 11-րդ նախագահ Կիւլը օրեր առաջ դարձեալ քննադատած էր երկրին իշխանութիւնները` նշելով, որ Էրտողանի եւ անոր կուսակցութեան վարած քաղաքականութիւնը կրնայ մօտիկ ապագային անդառնալի հետեւանքներ ունենալ, եւ Թուրքիան ինքզինք պիտի գտնէ իրավիճակի մը մէջ, որ «տխուր պիտի ըլլայ բոլորին համար»:
Նախապէս Կիւլ կարծր քննադատութեան ենթարկած էր երկրին իշխանութիւնները` կոչ ուղղելով վերցնելու արտակարգ դրութիւնը: Կիւլ պնդած էր, որ արտաքին քաղաքականութեան հզօրացման համար Թուրքիան նախ պէտք է ամուր ըլլայ ներսէն, իսկ պատերազմը միշտ պէտք է ամէնէն վերջին ընտրութիւնը ըլլայ երկրին համար:
Թուրքիոյ իշխանամէտ մամուլը չի բացառեր, որ Կիւլ 2019-ի ընտրութիւններուն դարձեալ առաջադրէ նախագահի պաշտօնին համար իր թեկնածութիւնը: