Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կրնան միացեալ թրքական բանակ ստեղծել. կողմերը բանակցութիւններ կը վարեն այս հարցով: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ:
«Հակառակ այս բոլորին` մեր գաղափարը մէկ ազգ, երկու պետութիւնն է: Եւ այդպէս պիտի ըլլայ միշտ: Այդ հարցով բազմաթիւ բանակցութիւններ եւ համաձայնութիւններ եղած են», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: