ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- 10 Փետրուարին, Ազգային ժողովի նիստին, կառավարութեան հետ հարցում-պատասխանի բաժինին ընթացքին, «Իմ Քայլը» խմբակցութենէն հեռացած Գոռ Գէորգեան ըսաւ, որ յայտնուած ենք բարդ իրադրութեան մէջ, եւ կայ տպաւորութիւն, որ այն զարգացումները, որոնք պէտք է յստակութեան դաշտ տեղափոխուէին, կը շարունակեն անորոշութիւններ ստեղծել։
Դիմելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին` պատգամաւորը նկատել տուաւ, որ Ռուսիա յայտնած է, թէ Թուրքիա այլեւս գործօն է Հարաւային Կովկասի մէջ, իսկ Կարսի մէջ զօրավարժութիւններ կը կատարուին, եւ այսօր պէտք է իրական ապահովութեան հարցերուն անդրադառնալ:
Հարցումին պատասխանեց արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան եւ ընդունեց, որ վիճակը շատ բարդ է, բայց կան հնարաւորութիւններ եւ իրենց հիմնական նպատակն է ընել ամէն ինչ, որպէսզի Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ապահովութեան մթնոլորտը հետզհետէ ամրապնդուի:
«Հեշտ հարց չէ, քանի որ աշխարհաքաղաքական վիճակի ընդհանուր արտացոլումն է», յայտարարեց նախարարը եւ աւելցուց, որ պետութիւնը եւ հասարակութիւնը պէտք է ջանքեր գործադրեն, որպէզի իրավիճակի ահագնացումը քիչ քիչ մեղմանայ։
Անդրադառնալով Կարսի զօրավարժութիւններուն` Արա Այվազեան շեշտեց, որ մէկ կողմէ մտահոգիչ են անոր դրսեւորումները, միւս կողմէ` Թուրքիայէն եկող դիւանագիտական պատգամները:
«Դիւանագիտութեան մէջ ընդունուած է պատգամներով ուղերձներ անել, բայց հաշուի առնելով Թուրքիայի հանգամանքը, կարծում եմ, որ ժամանակն է, որ մենք ուղղորդուենք, ոչ թէ մեսիջներով այլ գործողութիւններով», յայտարարեց Այվազեան եւ վստահութիւն յայտնեց, որ Թուրքիան միջազգային հանրութեան ճնշման տակ պէտք է հետզհետէ վերադառնայ բնականոն գործընթացի:
«Նախ եւ առաջ խօսքը գնում է նրա մասին, որ այլեւս պատճառ չկայ Հայաստանի հանդէպ կիրառել շրջափակումը», յայտարարեց Արա Այվազեան եւ յիշեցուց, որ անիկա առնչութիւն ունի Արցախի սթաթուս քոյին՝ հաստատուած իրերու դրութեան հետ , որ փոխուած է ուժի կիրարկման միջոցով:
Գոռ Գէորգեան նկատել տուաւ, որ եթէ նախարարը սահմաններու բացման կը մօտենայ՝ իբրեւ դրական երեւոյթ` հեռանկարային առումով, ինք, նկատի ունենալով պատմական փորձառութիւնը, այն կարծիքին է, որ ապաշրջափակումը կրնայ այլ բարդ հարցի դէմ յանդիման դնել Հայաստանը, որովհետեւ գործ ունինք Թուրքիոյ հետ:
«Դուք ձեր պատասխանի հիմքում դնում էք այնպիսի մի ձեւակերպում, ըստ որի` մենք չունենք խնդիր, բայց մենք խնդիր ունենք եւ մեր խնիրները շարունակում են մնալ չկարգաւորուած եւ օրհասական: Եթէ հարեւան երկու պետութիւնները թշնամական հռետորաբանութեամբ իրականացնում են նման ծաւալի զօրավարժութիւններ, ապա այն անմիջական սպառնալիք է», շեշտեց պատգամաւորը:
Արա Այվազեան յայտարարեց, որ ինք չըսաւ, թէ շրջափակման վերացումը կամ շրջափակումը դրական երեւոյթ են եւ յատուկ կերպով ընդգծեց, որ պէտք է Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ապահովութեան մթնոլորտ ձեւաւորուի, իսկ անոր համար բարենպաստ միջավայր պէտք է ստեղծուի` չխախտելով կարմի գիծերը եւ պետական շահերը: